top of page

Անցումային դարաշրջանի սեւ ու սպիտակ խճանկար մը

Ներկայ դարաշրջանը անցումային դարաշրջան մըն է, կապիտալիստական հասարակարգէն դէպի սոցիալիստական հասարակարգ, միաբեւեռ աշխարհակարգէն դէպի բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, Հինէն դէպի Նոր Աշխարհ։

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ

15 Մարտ 2021


Հին աշխարհի միաբեւեռ աշխարհակարգէն Նոր աշխարհի բազմաբեւեռ աշխարհակարգ անցումի ներկայ ժամանակաշրջանի միջազգային մամուլին մէջ, ամէն օր կը հանդիպինք իրարու ներհակ կողմնորոշումներու. մին՝ անցելապաշտ, միւսը՝ ապագայապաշտ, յառաջապահ ու յառաջդիմական։ Նոյն լրատուական օրկանին մէջ՝ կողք-կողքի կը գտնենք, հինին կառչածներն ու նորին կողմնակիցները, պարզելով՝ սեւ ու սպիտակ խճանկար մը, միեւնոյն էջին վրայ։


Սեւ ու սպիտակ խճանկարի պատկերը կը ներկայացնէ նաեւ հայկական մամուլը։ Վերցնենք օրինակ՝ պատահականօրէն, Պէյրութի «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթի 19 Փետրուար 2021 թուակիր համարը, որուն մէջ՝ կողք-կողքի կը գտնէք Էրտողանի եւ ՀՅԴ-ի արտայայտած անցելապաշտութիւնը, եւ՝ անսպասելիօրէն, Փենթակոնի ապագայապաշտ մէկ յայտարարութիւնը, որ չի կառչիր հին միաբեւեռ աշխարհակարգին, այլ՝ կը համակերպի նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգի խաղաղ համակեցութեան ու մրցակցութեան նշանաբանին…։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ շեղելով իր երէկի ռազմատենչ, ծաւալապաշտ եւ իմփերիալիստական աշխարհակալական ծրագրէն, որ կը վկայէ Արեւմուտքի նահանջին մասին։


Էրտողանի անցելապաշտութիւնը՝ երէկ, պաշտամունքի կուռք դարձուցած էր օսմանցիները, սելճուքները եւ Փանթուրքիզմի ծրագիրը, եւ՝ կ՚ուզէր 2023-ին Թուրքիան հռչակել իսլամական, ոչ՝ լայիք պետութիւն (մէկ դարով յետադիմելով)։ Այսօր ալ կը խօսի թրքերէն լեզուն դասել միջազգային յարաբերութեանց լեզուներու շարքին։ Սակայն, փաստօրէն, ան կը հրաժարի Փանթուրքիզմի հիմունքներու առաջին թուրք պատմաբան Զիա Կէօքալփի այն առասպելէն, թէ՝ թրքերէն լեզուն բոլոր լեզուներու մայրն է, եւ զայն կը ներկայացնէր որպէս Güneş Dil Teorisi, իր “Türkçüligün Esasları” գիրքին մէջ (լոյս տեսած՝ 1923-ին, Տիարպեքիր)։ Ասիկա՝ Էրտողանի անցելապաշտութեան մէջ, նահանջ մըն է նաեւ հին միաբեւեռ աշխարհակարգէն, վախի մը ազդեցութեան տակ, զոր միաժամանակ յայտնած է հետեւեալ բառերով. «Օտար լեզուներու նկատմամբ հետաքրքրութեան ՆԵՐԿԱՅԻ ԱՃԸ կը սպառնայ թրքերէնին։ Հայրենիքը պահողը, ՆԱԽ՝ մայրենի լեզուն է, ԱՊԱ՝ բանակը։ Այս պատճառով, մենք պէտք է պահպանենք թրքերէն լեզուն, քանի որ ներկայիս մեր լեզուն ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԻՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ։ Մենք չենք կրնար մեր քաղաքակրթական եւ մշակութային ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼ՝ ՔԱՐՏԷՍԻ ՎՐԱՅ, ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ փոփոխութիւններ ՄԻԱՅՆ կատարելով»։


Այսինքն. ներկայիս բազմազգ ու բազմացեղ Թուրքիոյ բնակիչները, որոնք անխտիր թուրքեր չեն, այլ՝ թուրքիացիներ (թիւրքիէլի), մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան օտար լեզուներու նկատմամբ, ոչ միայն որովհետեւ թրքերէնը իրենց մայրենի լեզուն չէ, այլ որովհետեւ՝ նոյնիսկ թուրքերուն համար, թրքերէնը խիստ աղքատ լեզու մըն է, որուն մէջ գործածուող եզրերուն 60-70%-ը օտար լեզուներէ առնուած է (արաբերէնէ, պարսկերէնէ, ֆրանսերէնէ, անգլերէնէ, գերմաներէնէ եւ դեռ շատ մը ուրիշ լեզուներէ), նոյնիսկ՝ հայերէնէ։ Մեր ձեռքին տակ կայ Օքսֆորտ Համալսարանի տպարանէն լոյս տեսած զրուցաբանութեան անգլերէն-թուրքերէն բառարան մը, որուն մէջ՝ անգլերէն This matter is utterly spoiled-ը թարգմանուած է թուրքերէնի՝ հետեւեալ ծիծաղաշարժ ախկատիկ բառերով. Bu mesele bom-boh oldu։ Արեւ լեզուի (Güneş Dil) առասպելին հեղինակն անգամ՝ Զիա Կէօքալփ, իր հեղինակած գիրքի վերնագրի երկու բառերէն մէկը՝ Esaslar, ստիպուած է արաբերէնէն առնել։ Իսկ առասպելին երրորդ բառը՝ Güneş Dil Teorisi-ն, ստիպուած է եղած առնելու ֆրանսերէնէն, քանի որ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ վաչկատուն թուրքը չէր կրնար տեսութիւն յղացքին ծանօթացած իսկ ըլլալ, որպէսզի ունենար ատոր թրքերէն հոմանիշը…։


Արդէն Էրտողանի հետաքրքրութեան շարժառիթը ոչ թէ լեզուագիտական է, այլ՝ հասարակ բարացուցական ծաւալապաշտական է. թէ՝ թրքական «քաղաքակրթական ու մշակութային ազդեցութիւնը» ո՞րքան մեծ քարտէսի մը վրայ կրնայ տարածուիլ, եթէ թրքերէնին տրուի միջազգային յարաբերութեանց լեզուներու կարգավիճակը։ Պատմութեան մէջ անգոյ, եւ սակայն սիոնական հինգ պատմագիրներու կողմէ (1873-1923) շինուած, Մեծն Թուրանի առասպելին վերադառնալու Էրտողանի անցելապաշտութիւնը, սակայն, ստիպուած եղած է նահանջելու եւ հրաժարելու Güneş Dil Teorisi-էն։ (Հրեայ սիոնական այդ հինգ պատմագիրներն են. Ֆրանսահպատակ Լէոն Քահէօնը, գերմանահպատակ Թեքին Ալփը թրքական ծածկանունով, Քոնսթանթի Պռոժեցքին լեհահպատակը Մուսթաֆա Ճելալետտին Փաշա թրքական ծածկանունով, աւստրիահպատակ Մուրատ Էֆենտին՝ թրքական ծածկանունով եւ հունգարահպատակ Ալպըրթ Քոհէնը, որոնք 50 տարի (1873-1923) հրատարակեցին տաս հատորներ Փանթուրքիզմի Ծրագրի մասին)։


Հինէն դէպի նոր աշխարհակարգ անցումային այս դարաշրջանին, իբր ընդհանուր կանոն, անցելապաշտները պիտի ստիպուին նահանջելու իրենց երէկի առասպելներէն, իսկ՝ ապագայապաշտները պիտի յաջողին յառաջդիմել նոր յառաջխաղացքներով։


Սեւ ու սպիտակ խճապատկերին երկրորդ անցելապաշտութեան խճաքարը կը ներկայացնէ, «ԱԶԴԱԿ»ի այս համարին մէջ, ՀՅԴ կուսակցութեան ոգեկոչումը՝ 1921 թ. Փետրուար 18-ի արկածախնդրական ապստամբութեան, անոր դարադարձին առիթով։


Փոքր ժողովուրդի մը մեծ ողբերգութեան դարադարձին առիթով… ոչ թէ՝ այդ ողբերգութենէն այս օրուան համար դասեր առնելու, այլ՝ զայն փառաբանելով, նոր ողբերգութիւն մըն ալ գործելու ցանկութեամբ, Փաշինեանի դէմ հանելով նոր «Փրկութեան Կոմիտէ» մը…։

Բայց նախ տեսնենք թէ ինչեր գրուած են այս առիթով։


ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւնը Փետրուարեան Ապստամբութեան 100-ամեակին առիթով վերնագրին տակ, հիմնականօրէն ըսուած են հետեւեալները.


1– Թէ՝ այս արկածախնդրական ապստամբութիւնը «համաժողովրդային» էր։ Մինչդեռ՝ բացառապէս ՀՅԴ «Փրկութեան Կոմիտէ»ի կազմակերպած արկածախնդրութիւնն էր ՀՅԴ կուսակցութեան սխալ՝ Արեւմտաթրքական օրիանթացիային հետեւանքով, զոր Սիմոն Վրացեան յղացած էր 1920 թ. Դեկտեմբեր 2-էն, երբ Ալ. Խատիսեանին կը հրահանգէր ստորագրել Ալեքսանդրապոլի անվաւեր դաշնագիրը (երբ 30 օրեր առաջ Դաշնակցութիւնը երկրի իշխանութիւնը զիջած էր Հայ Կոմկուսի Յեղկոմին)։ Բայց դաշնագրին մէջ պէտք էր նշուէր յատուկ յօդուած մը, թէ՝ Թուրքիա պատրաստ է «Հայաստանի Հանրապետութեան» զինեալ օգնութիւն հասցնել, երբ ենթարկուի յարձակումի՝ Կարմիր Բանակին կողմէ…։


2– Թէ՝ Կոմունիզմը «դրսից ներմուծուած ցնորական գաղափարներ կը ներկայացնէ»։ Եթէ այս ծիծաղելի տեսակէտը ճիշդ էր, ապա ուրեմն, ինչո՞ւ երկրի իշխանութիւնը զիջեցան Կոմկուսի Յեղկոմին՝ 29 Նոյեմբեր 1920 թուին։ (Չէին կրնար չզիջիլ. թուրքերը գրաւած էին Ալեքսանդրապոլն ալ։ 1920 թ. Ապրիլին, Վրաստան եւ Ազրպէյճան հռչակած էին սովետական իշխանութիւնը։ Եւ Մայիսին, Հայ Կոմկուսը դաշնակցական իշխանութիւններէն պահանջեց որդեգրել «ռուսական օրիանթացիա», եւ կազմակերպեց զանգուածային ցոյցեր, զորս արեան մէջ խեղդեցին այդ իշխանութիւնները։ Սակայն հիմա՝ յուսալով որ Կարմիր Բանակը կրնայ Ալեքսանդրապոլէն դուրս վտարել թրքական զօրքը, ակամայ յօժարեցան իշխանութիւնը զիջելու Հայ Կոմկուսին)։


3– Թէ՝ «Ապազգային այս ուժն (Հայ Կոմկուսը) անտարբեր գտնուեց աշնանը թուրքերի կողմից իրականացուած յարձակումների հետեւանքով երկրի կրած տարածքային կորուստների եւ վիրաւոր ժողովրդի տառապանքի նկատմամբ»։ Այստեղ՝ ակամայ խոստովանութիւն կայ որ աշնան թուրքերը գրաւած էին Ալեքսանդրապոլն ալ, եւ իրենք չէին կրցած պաշտպանել այդ տարածքները, եւ Կարմիր Բանակի 11-րդ զօրաբաժինը մտաւ Հայաստան (Դիլիջանէն), կասեցնելով եւ Ալեքսանդրապոլէն դուրս քշելով թրքական զօրքը, որ արդէն մինչ այդ ջարդած էր 60,000 հայ… եւ՝ մտաւ առանց ՀՅԴ-ի արտօնութեան։ Քանի որ, ՀՅԴ չէր ուզեր համագործակցիլ Յեղափոխական Ռուսաստանի հետ, եւ իր Արեւմտաթրքամէտ արեւելումին իբր հետեւանք, կը մերժէր Երեւան հրաւիրել ռուս պատուիրակ Լեգրանը, որ Թիֆլիս նստած, ամբողջ ամիս մը կը սպասէր Երեւանի հրաւէրին, որպէսզի Յեղափոխական Ռուսաստանի բարեկամութեան ու համագործակցութեան ծրագիրը առաջարկէ Երեւանին, յստակացնելով որ յեղափոխական իշխանութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը եւ միակ պահանջը Երեւանէն՝ բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնն է։ Որովհետեւ՝ Յեղափոխական Ռուսաստանը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ կը ջարդէր Փանթուրքիզմի Պասմաչիական բանակը՝ Էնվեր Փաշայի հրամանատարութեամբ (զոր զգետնողը եղաւ Կարմիր Բանակի հրամանատարներէն հայազգի Մելքումեանը), եւ՝ ուրեմն չէր արտօներ որ թուրք բանակը գրաւէ ամբողջ Արեւելահայաստանը։ Իսկ Գերագոյն Մարմինը տակաւին կը պահանջէ որ Հայ Կոմկուսի Յեղկոմը ազատագրէր նաեւ Դաշնակցութեան կորսնցուցած միւս բոլոր տարածքները (Երզնկայէն մինչեւ Ալեքսանդրապոլ)։ Ասիկա՝ ուրիշներու ապաւինելու ախտ մըն է, կամ՝ ուրիշին ձեռքով իր շագանակը կրակէն վերցնելու բրիտանական աղուիսագիտութիւն մը, որ վայել չէ կուսակցութեան մը, որ կը յաւակնի ըլլալ ե՛ւ յեղափոխական, ե՛ւ համազգային, ե՛ւ Հայ Ազգի պահապան հրեշտակ կամ փրկիչ՝ նախախնամութեան ընտրեալ անձը (ինչպէս կ՚ըսէր Գրիգոր Նգրուրեան, թէ՝ Դաշնակցութեան համար, նախախնամութեան ձայնը ամպերու ետեւէն հռչակած էր Ecce Homo…)։


Կարմիր Բանակի 11-րդ զօրաբաժինը, 29 Նոյեմբեր 1920 թուին, Դիլիջանէն մտաւ Հայաստանը փրկելու՝ ոչ թէ Դաշնակցութեան խաթիրին կամ Հայութեան սեւ աչերուն համար, այլ՝ Ռուսաստանի ռազմական անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ, միաժամանակ Հայաստանի թումբը Փանթուրքիզմի դէմ զօրաւոր պահելու համար։ Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրաւ Փութին, Արցախի երկրորդ պատերազմին, երբ թուրք-ազերիական յառաջխաղացքը հասած էր կարմիր գիծին։ Փութին մէկդի դրաւ Մինսքի Խմբակի համանախագահներէն մին ըլլալու իր հանգամանքին պարտադրած անկողմնակալութիւնը եւ ռուսական բանակը տեղադրեց Արցախի ամբողջ տարածքին մէջ, որ կը նշանակէ՝ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ալ… առանց արտօնութիւն խնդրելու ո՛չ Փաշինեանէն եւ ոչ ալ՝ թուրք-ազերիական-ՕԹԱՆ-եան ճակատէն…։ Որովհետեւ, Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ, Ռուսաստանի ռազմական անվտանգութեան գօտին, համաձայն ռուսական ռազմական հայեցակարգին, կը հանդիսանան ոչ միայն՝ Կեդրոնական Ասիան, այլեւ՝ ողջ Անդրկովկասը (Վրաստանը, Հայաստանը ե՛ւ Ազրպէյճանը


4– Թէ՝ Հայ Կոմկուսի Յեղկոմի «գլխաւոր մտահոգութիւնն ու գործը հայրենիքի ազատութեան համար պայքարած նախկին իշխանութեան եւ զինուորականութեան հալածանքն էր», չըսելու համար՝ Դաշնակցութեան հալածանքն էր, քանի որ ապստամբութիւնը համաժողովրդային չէր, այլ՝ դաշնակցական, ինչպէս քիչ վերջ պիտի ակամայ խոստովանին։ (Թէ համաժողովրդային չէր՝ կան երկու անհերքելի փաստեր։ Առաջինը՝ 1920 թուի Մայիսի Հայ Կոմկուսի զանգուածային ցոյցերը, որ կը նշանակէ թէ բնակչութեան մեծ զանգուած մը հակասովետ չէր, այլ՝ կը պահանջէր սովետական իշխանութեան հռչակումը։ Երկրորդը. այն որ ապստամբութիւնը կրցաւ տեւել միայն երկուքուկէս ամիս եւ յաղթանակ չտարաւ։ Իսկ Հայոց Պատմութեան մէջ, համաժողովրդային կռիւները անպայման յաղթանակած են. ինչպէս՝ Սարդարապատի Ճակատամարտը եւ Արցախեան առաջին պատերազմը)։


Այս պարբերութիւնը՝ բառ առ բառ պատմաշինարարական կամ աւանդավիպական է, եւ ոչ մէկ կապ ունի առարկայական կամ ակադեմական պատմագիտութեան հետ։


Այստեղ առանցքային ու բանալի հարցումը այն է, թէ՝ Դաշնակցութեան Փրկութեան Կոմիտէի պարագլուխ Սիմոն Վրացեան ինչո՞ւ ստորագրել տուաւ Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը Դեկտեմբեր 2-ին, Նոյեմբեր 29-ին իշխանութիւնը Յեղկոմին զիջելէ ետք, եթէ՝ նենգամիտ, ծածկամիտ կամ սուտ համաձայնութիւն չէր Նոյեմբեր 29-ն։


Սիմոն Վրացեան

Երբ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով պետութեան իրաւական անձնաւորութիւնը ներկայացնող իշխանութիւնը երկիրը կը զիջի «Խորհրդային Հայաստան» անունով պետութեան իրաւական անձնաւորութիւնը ներկայացնող Յեղկոմին, եւ երեք օր վերջ՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով պետութեան կողմէ կը ստորագրէ դաշնագիր մը (անվաւեր) Թուրքիոյ հետ, որուն յօդուածներէն մին Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ՝ զինեալ աջակցութիւն բերելու «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունը կրող պետութեան՝ եթէ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը ենթարկուի արտաքին յարձակումի, կը նշանակէ թէ երկու կողմերը (հայ եւ թուրք) համաձայնած են վերականգնել «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը՝ տապալելով «Սովետական Հայաստան»ի իշխանութիւնը…։ Ուրեմն. այս դաշնագրի թուականէն (1920 թ. Դեկտեմբեր 2-էն) ծրագրուած էր 1921 թ. Փետրուար 18-ի արկածախնդրութիւնը։ Այսինքն. այս արկածախնդրութիւնը հետեւանքը չէր «Սովետական Հայաստան»ի իշխանութեան վարքագծին, այլ՝ Դաշնակցութիւնը, Դեկտեմբեր 2-էն մինչեւ Փետրուար 18, աշխատած էր նորահաստատ սովետահայ իշխանութեան դէմ՝ տապալելու համար զայն։


Բայց Դաշնակցութիւնը ոչինչ շահեցաւ այս արկածախնդրութիւնը նախատեսող դաշնագրէն։ Թուրքիան եղաւ միակ շահողը այս դաշնագրէն։ Այս արկածախնդրութենէն մօտ ամիս մը ետք (16 Մարտ 1921 թ.), Մոսկուայի թուրք-սովետական բանակցութիւններուն, այս արկածախնդրութեան շնորհիւ, սովետական պատուիրակութեան դէմ թուրքերը շահեցան երկու կէտ։ Մէկը՝ մերժեցին «Սովետ Հայաստան»ի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն, քանի որ այս պահուն (16 Մարտին) «Սովետ Հայաստան»ի իշխանութիւնը տապալած էր Երեւանի մէջ։ Երկրորդը՝ սովետ պատուիրակութիւնը կը պնդէր չեղեալ ու անվաւեր հռչակել Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը։ Թուրքերը բուռն, ինքնավստահ ու կտրուկ կերպով մերժեցին, այն պատճառաբանութեամբ թէ՝ այդ պահուն, Երեւանին իշխող կուսակցութիւնն էր որ ստորագրեց այս դաշնագիրը…։


Եւ՝ Քեազըմ Գարապեքիր Փաշան, Կովկասեան Ճակատի ընդհանուր հրամանատարը եւ վեթերան երիտթուրքը, իր “ISTIKLAL HARBIMIZ” 1250 էջանոց մեծկակ հատորին 989-րդ էջին վրայ, մեծ հրճուանքով արձանագրած է 16 Մարտ 1921 թուի Մոսկուայի բանակցութիւններուն տիրող մթնոլորտն ու թրքական յաղթանակը՝ շնորհիւ այս արկածախնդրութեան, բառացիօրէն գրելով. “Muhadese esnasinda Ruslar şedit bir surette Ermenileri himaye ediorlandi, Erivanda Taşnaklarin iktidara gelmesi bize yârdim edih kolaylaş _ dirdi muhadeseyi, biz Gümrü Muahedeyi esas tuttuk, ve ona birkaç madde ilave ettik”։


Արդ. թրքական այս յաղթանակը գլխիվայր շրջուած պիտի չըլլա՞ր, եթէ այս բանակցութեանց մասնակից եղած ըլլար նաեւ սովետահայ պատուիրակութիւնը, եւ Հայաստան պիտի չըլլա՞ր յաղթող կողմը, երբ արդէն սովետական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին արտգործ նախարար Չիչերինը եւ հայազգի Գարախանեանը, որոնք արդէն (ըստ Գարապեքիրի վկայութեան) Şedit surette Ermenileri himaye ediorlandi… եւ Գարապեքիր ուրախութեամբ արձանագրած պիտի չըլլար՝ Şimdi Karahan büsbütün düsdü…։ Տակաւին. Գարապեքիր կը գրէ, թէ՝ Չիչերին Գարախանի ափին մէջն էր (սովետ արտգործնախարարութիւն ըսել՝ Գարախան ըսել էր…)։


Սակայն, տակաւին, Գերագոյն Մարմնի յայտարարութեան ներքեւ, թերթը իր կողմէ՝ լափալիսեան չէզոք վերնագրի տակ («Ապստամբութիւնը Իւրաքանչիւր Ազգի Բնական Իրաւունքն Է») կ՚անդրադառնայ Փետրուար 18-ի նշումի տարածուն ձեռնարկներուն, անցելապաշտութեան տալու համար «համաժողովրդայինի» շպարը, որոնց շարքին կը յիշէ «Երեւանի Անգլիական Այգիին մէջ» գտնուող, եւ պոլշեւիկներու կողմէ կացնահարուած դաշնակցականներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին (ենթադրեալ կացնահար հայ զոհերու յուշակոթողը ինչո՞ւ կը գտնուի օտար այգիի մէջ… որ «դրսից ներմուծուած է»…), 18 Փետրուարին, Գերագոյն Մարմնի անդամներուն տուած այցելութիւնը, ուր ելոյթ ունեցած են Գերագոյն Մարմնի երկու անդամներ՝ Արծուիկ Մինասեան եւ Բագրատ Եսայեան։ Արծուիկ Մինասեան ըսած է. «100 տարիներ առաջ, մենք կը գտնուէինք այսօրուան վիճակին մէջ, եւ օրին յայտնուեցան հայրենասէրներ, որոնք կրցան Փետրուարեան ապստամբութեամբ Հայաստանին վերադարձնել ազգային ու պետական քաղաքականութիւնը»։ Եւ՝ թերթը կ՚աւելցնէ, թէ Մինասեանի զուգահեռներ գծելով այսօրուան իրավիճակին հետ, սպառնացած է թէ այսօր ալ կրնան գտնուիլ հայրենասէրներ, որոնք կը դիմեն ապստամութեան…։ Դաշնակցութեան պատմաշինարարութեան թեզերը կերպընկալ են. կրնան յարմարիլ ամենատարբեր առիթներու (ինչպէս այսօր՝ Փաշինեանի դէմ) եւ անոր ստեղծած «Փրկութեան Կոմիտէ»ները համազգային են եւ համաժողովրդային…։


Իսկ Բագրատ Եսայեան ըսած է. «Շատ արդիական է Փետրուարեան ապստամբութեան նիւթը» (այսինքն՝ անցելապաշտութիւն չէ…), որովհետեւ այդ օրերուն ալ իշխանութիւնը այսօրուանին նման ոճիրներ կը գործէր։ Այսինքն. ան կը կրկնէ Մինասեանի սպառնալիքը, աւելցնելով հետեւեալ սնապարծութիւնը, զոր կը քաջալերեն – միայն եւ միայնթուրք-ՕԹԱՆ-եան իմփերիալիստական պետութիւնները։ Ան ըսած է. «Փետրուարեան ապստամբութիւնը, ՆԱԽԿԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ՝ ԲՌՆԿԱԾ ՄԻԱԿ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆՆ Է, որ թէեւ շատ կարճ ժամանակով, այսուհանդերձ, տուեալ երկրին մէջ ՏԱՊԱԼԱԾ Է ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԿԱՐԳԵՐԸ»։ Հուռա՜ քաջն Ն…։ Սովետական կարգերու դէմ այս ատելութիւնը «դրսից ներածուած» չէ՞՝ Կոմունիզմի գաղափարին նման…։ Այն միակ տարբերութեամբ, որ հակասովետիզմը ներմուծուած է՝ Փանթուրքիզմէն, Սիոնիզմէն, Նացիզմէն եւ ՕԹԱՆ-իզմէն, որ կը պահանջէ արեւմտաթրքական օրիանթացիա։ Իսկ Կոմունիզմը ներմուծուած է՝ Մարքս-Էնգելս-Լենին համաշխարհային հանճարներու սուրբ երրորդութենէն, որ կը պահանջէ ռուսական օրիանթացիա։ Հայաստանի համար՝ Արեւմտաթրքականը ազգակործան օրիանթացիա է, իսկ Ռուսականը՝ ազգափրկիչ… քանի որ դէմ է Փանթուրքիզմին (եւ ասոր անհերքելի փաստը Սովետ Հայաստանի 70-ամեայ նուաճումներն են եւ կերտումը Հայոց Պատմութեան Բ. Ոսկեդարին)։ Իսկ արեւմտաթրքական օրիանթացիան որդեգրողը՝ հաւկոյր կը դառնայ Փանթուրքիզմի վտանգին դիմաց եւ կը գործակցի Իթթիհատ վէ Թերաքքըի հետ, մինչեւ որ 1915 թուի Ապրիլին դիմակազերծուի հայասպան ու Արեւմտահայաստանը հայաթափելով զաւթող Իթթիհատը…։ Հաւկոյր կը դառնայ ընդհանրապէս եւ անկարող կ՚ըլլայ՝ իրարմէ զատորոշելու, մեր ժողովուրդին բարեկամներն ու թշնամիները՝ բացի թուրքերէն, նաեւ Արեւմուտքինները…։


Կ՚երեւի թէ՝ Փետրուար 18-ի արկածախնդիրներուն համար, ապստամբութեան հետեւանքը (կամ՝ վերջին արդիւնքը) կարեւոր չէ. կարեւորը՝ աքթն է… նոյնիսկ եթէ արդիւնքը ազգային ողբերգութիւն մըն է (կորստաբեր՝ թէ՛ մարդուժի եւ թէ հայրենի տարածքներու առումով)։ Շատ կարճատեւ, ասուպային, վերջին հաշուով վիժած, բայց մեծ կորուստներ պատճառած աքթի մը ֆեթիշացումը եւ զայդ տարբեր առիթներով չարաշահելու սնապարծութիւնը յեղափոխական կուսակցութեան մը վայել վարքագիծ չէ։


Արեւմտաթրքական օրիանթացիայի հետեւանքով, 1920 թ. Մայիսէն մինչեւ 1921 թ. Մայիսը, տեղի ունեցան հինգ ազգավնաս իրադարձութիւններ եւ միայն մէկ ազգաշէն իրադարձութիւն, որ 29 Նոյեմբեր 1920 թ. Արեւելեան Հայաստանի սովետականացումն էր՝ որդեգրելով ռուսական օրիանթացիան։ Միւս հինգը՝ որոնց մէջ ներառեալ Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, հետեւանքն էին Փետրուար 18-ի ողբերգութեան (հայկական մարդուժի եւ տարածքներու կորստեան նկատառումով…)։


Սակայն, անցելապաշտ արկածախնդիր ղեկավարութեան համար, կարեւորագոյնը ասուպային յաղթանակն է սովետական կարգերուն դէմ՝ պատճառելով մեծամեծ կորուստներ Հայութեան համար, որուն 100-րդ տարուան նշումով պարծենալը եւ յոխորտալը՝ առնուազն, առաքինութիւն չէ…։ Ընթերցողը թող ըսէ, թէ՝ ի՞նչ է որակումը այս սնապարծութեան։ Փետրուար 18-ի պատմութիւնը աւանդավէպի վերածուած է Դաշնակցութեան պատմաշինարարութեան մէջ։ Բայց նաեւ եղած է ժամանակ, որ «ԱԶԴԱԿ»ի խմբագիրը չխանդավառուի գրելու տարեկան նոր խմբագրական մը Փետրուար 18-ի մասին, եւ՝ նոյնութեամբ վերահրատարակած է նախորդ տարուայ խմբագրականը… (Հիմա չենք յիշեր ճիշդ թուականները, սակայն պէտք է ըլլան կամ 1967 եւ 1968 տարիներու 18 Փետրուարի, եւ կամ՝ 1968-1969, Տիգրան Ոսկունի խմբագիրի օրով։ Այս խմբագրականին երկու տարիներու քլիշէները տպուած էին Պէյրութի «ՅԱՌԱՋ» կոմունիստական շաբաթաթերթի Ա. Էջին վրայ)։


Այս խճապատկերին երրորդ եւ սակայն սպիտակ խճաքարը կը կազմէ Փենթակոնի մէկ աննախադէպ յայտարարութիւնը, որ շրջադարձ մըն է, որ կ՚աւետէ միաբեւեռ աշխարհակարգի վերջալոյսը, որովհետեւ՝ Փենթակոնը ԱՄՆ-ի խորքային իշխանութիւնն է։


«Ռուսաստան սպառնալիք է ՕԹԱՆ-ի բոլոր անդամ պետութիւններուն համար։ Սակայն, մտադիր ենք համագործակցիլ Ռուսաստանի հետ, այն հարցերուն մէջ, ուր հասարակաց շահ ունինք Ռուսաստանի հետ»։ Այս շրջադարձը մասնակի վերադարձ մըն է երկբեւեռ աշխարհակարգի օրերու խաղաղ համակեցութեան եւ խաղաղ մրցակցութեան իմաստուն սկզբունքին՝ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ։ Մասնակի վերադարձ մը միայն, որովհետեւ՝ Փենթակոնը հասարակաց շահերու հիման վրայ գործակցելու միտում չունի Ժողովրդային Չինաստանի հետ. ընդհակառակը՝ կը շարունակէ Թրամփի կեցուածքը անոր դէմ (ԱՄՆ-ը Եւրոպայէն ալ կը պահանջէ պատժամիջոցներ ձեռք առնել Չինաստանի դէմ, զայն ամբաստանելով՝ Չինաստանի Ույղուր իսլամները հալածելու մեղադրանքով, սիրաշահելու համար դաշնակից Թուրքիան, անուղղակի կերպով վերյիշեցնելու համար Փանթուրքիզմի Ծրագիրը, որ կը ներառէ Ույղուրները…)։ Փենթակոնի այս մասնակի շրջադարձը Ռուսաստանի նկատմամբ, եթէ աղուիսագիտական հնարք մը չէ՝ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերը թուլացնելու համար, դրական զարգացում մը կրնայ նկատուիլ ի նպաստ համաշխարհային խաղաղութեան, որուն սպառնացող իսկական ուժը՝ ԱՄՆ-ի խորքային իշխանութիւնն է (Փենթակոնը – Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը), որ հիմնականօրէն՝ ցարդ կը ներկայացնէ ԱՄՆ-ի ռազմական արդիւնաբերութեան ֆինանսատէրերու դասակարգը, որուն շահերը պատերազմ կը պահանջեն… ոչ՝ խաղաղութիւն։


Փենթակոնը միաժամանակ պահապանն է ԱՄՆ-ի վայրի կապիտալիստական տնտեսակարգին, եւ 1970 թուականէն ի վեր, ամէն անգամ որ ԱՄՆ-ի տնտեսութիւնը ճգնաժամի մատնուի, եւ հարկ ըլլայ՝ սոցիալիստական տնտեսակարգի պետութենապաշտ միջոցառումներ որդեգրել, այդ որդեգրումին պայմաններն ու ձեւերը կ՚որոշէ (այսինքն՝ կ՚արտօնէ) Փենթակոնը, եւ այդ պայմանները կը կոչուին Pentagon System, վարագուրելու համար ատոնց սոցիալիստական բնոյթը, քանի որ վայրի դրամատիրութիւնը բացարձակօրէն կը մերժէ ամէն պետական միջամտութիւն երկրի տնտեսութեան մէջ։


Ժողովրդային Չինաստան կիրարկեց թափանցիկ քաղաքականութիւն մը, բացայայտօրէն որդեգրելով կապիտալիստական տնտեսակարգի սկզբունքները, որովհետեւ՝ Չինաստանի անցումը սոցիալիստական տնտեսական համակարգին, կատարուած էր՝ ոչ թէ գերզարգացած կապիտալիստական երկրի մը մէջ, այլ՝ տակաւին աւատատիրական եւ թոյլ զարգացած կապիտալիստական Չինաստանի մէջ, եւ հարկ էր շրջան մը անցնիլ կապիտալիստական հանգրուանին (ինչպէս ըրած էր Վլատիմիր Լենին իր NEP-ով _ New Economic Policy, Ռուսաստանի թոյլ զարգացած կապիտալիստական համակարգին մէջ)։ Կապիտալիստական հասարակարգի հանգրուանը զեղջելով, կամ անոր գլխուն վրայէն ոստում կատարելը դէպի սոցիալիստական հասարակարգ, արգելք եղած էր սոցիալիզմի լիարժէք կառուցումին։ Չինաստան որդեգրեց NEP-ի բազմաձեւ տնտեսակարգը՝ երկրի քաղաքական ղեկավարումը պահպանելով Չին Կոմկուսի ձեռքին մէջ, եւ յաջողեցաւ։ Ստալին որդեգրեց NEP-ը Լենինի մահէն ետք։


Ներկայ դարաշրջանը՝ ուրեմն, անցումային դարաշրջան մըն է, կապիտալիստական հասարակարգէն դէպի սոցիալիստական հասարակարգ, միաբեւեռ աշխարհակարգէն դէպի բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, Հինէն դէպի Նոր Աշխարհ, երբ ամէն օր մամուլին մէջ կը կարդանք Հինի կառչածներուն փոքր մէկ նահանջի մասին, եւ Նորի հետեւորդներու փոքր մէկ յառաջխաղացքին մասին։ Այս տեղտւութիւններն ու մակընթացութիւնները անմիջական եւ ակնբախօրէն չեն տար այն տպաւորութիւնը թէ մէկ կողմը կը պարտուի եւ միւս կողմը կը յաղթանակէ։ Որովհետեւ՝ Նորին կողմնակիցները խաղաղասէր են, պատերազմը բոլորին վնասակար կը նկատեն, եւ կ՚ուզեն Նորի եւ Հինի կողմերու միջեւ ոչ միայն խաղաղ համակեցութիւն եւ տարակարծութեանց լուծում՝ անկեղծ եւ սրտբաց երկխօսութեան ճամբով, եւ իրենց առաւելութեան հաստատումին փորձը կատարեն խաղաղ մրցակցութեամբ եւ ոչ թէ ուժային մրցակցութեամբ։ Այլ խօսքով. խաղաղ, անկեղծ, սրտբաց երկխօսութիւնը Հինի եւ Նորի կողմնակիցներու միջեւ՝ քաղաքակիրթ ձեւով, անպայման հիները կը համոզեն հրաժարելու իրենց կոյր անցելապաշտութենէն, եւ նորերը կը համոզեն հրաժարելու իրենց չափազանցեալ յաւակնութիւններէն կամ ութոփիաներէն, երբ իրականանայ Մեծն Վահան Թէքէեանի սա աղօթքը վաղուան սեմին առջեւ. «Տէ՛ր, կաթեցուր սէր սրտին մէջ՝ զօրաւորին այսօրուան զօրաւորին ալ վաղուան, սրտերն անոնց չխցուին այլ՝ պարպուին ու լենան, իրարու մէջ, իրարմով, հաղորդութեամբ մը անվերջ…»։


Ռոզա Լիւքմենպուրկն անգամ, որ Լենինի հետ տարակարծիք էր շարք մը հարցերու մէջ, անոր հետ համաձայն էր որ կապիտալիզմը բարբարոսութիւն է, սոցիալիզմը՝ քաղաքակրթութիւն, ինչպէս ըսած էին Մարքս եւ Էնգելս։ Մինչ Վատիկանի Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը՝ վայրի կապիտալիզմը որակեց՝ Արդի Ստրկատիրութիւն։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page