Հայազգի Անմահ Երգիչ Արամ Տիգրանի «Սերոքէ Աբօ»ի Երաժշտութեան Ներքոյ
Լիբանանի քրտական համայնքը՝ «Նեվրոզ»ի հայ անդամներուն հետ նշեցին 1999-էն Թուքիոյ կողմէ առեւանգուած քաղաքական բանտարկեալ ղեկավար ԱՊՏՈՒԼԼԱ ՕՃԱԼԱՆի ազատութեան պահանջքը։
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ
Հակառակ պսակաձեւ ժահրի պարտադրած մեկուսացման պայմաններուն եւ քաղաքական բարդ իրավիճակին՝ Լիբանանի 125.000-նոց Քրտական համայնքը՝ «Նեվրոզ» մշակութային միութեան եւ «Կոնկրեյա Սթար» կանանց քրտական միջազգային կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ՝ նշեցին պատմական իրադարձութիւն մը։ Արդարեւ, 15 Փետրուար 2021-ի միջօրէին՝ Պէյրութի կեդրոնը գտնուող Միացեալ Ազգերու ESCWA կեդրոնին առջեւ գտնուող զբօսայգիին մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր քիւրտ, արաբ, հայ գաղափարի գործիչներ, պայքարի ընկերներ։ Քիչ ետք, հայազգի անմահ երգիչ Արամ Տիգրանի (որ Օճալանի մտերիմ ընկերներէն է) «Սերոքէ Աբօ» («ղեկավար Քեռի)» երգի հնչիւններուն տակ բացումը կատարուեցաւ 1999թ.ի Փետրուար 15-ին տեղի ունեցած, Նայրոպիի թրքական հետախուզական առեւանգման (որուն մեղսակից էին նաեւ Իսրայէլի, Յունաստանի, ԱՄՆի «գաղտնի» շրջանակներու) գործողութեան։ Քիւրտ հայասէր եւ մարդասէր յեղափոխական գործիչն ու հրամանատարը ինքնաթիռով տարուեցաւ Թուրքիա եւ որպէս «ահաբեկիչ» դատապարտուելէ ետք, ցմահ արգելափակուեցաւ Եգէականի «Իմրելի» կղզի-կալանավայրին մէջ։ Այնտեղ է որ իր կեանքին վերջին օրերը անցուց եւ կախաղան բարձրացուեցաւ Թուրքիոյ երբեմնի ժողովրդավար ղեկավար, արաբական ծագումով Ատնան Մենտերէս։
Օճալանի առեւանգման ժամերուն Հայաստան կը գտնուէինք եւ ականատես եղանք թէ ինչպէ՜ս մեր հայրենիքի քրտական ու եզիտիական համայնքներու ներկայացուցիչները՝ բուռն ցոյցերով փորձեցին գրաւել Յունաստանի, ԱՄՆի, Ֆրանսայի դեսպանատուները, որպէս բողոքի նշան քիւրտ մեծ գործիչին դաւադիր ձերբակալութեան եւ յանձնման թուրք ցեղասպաններուն։
Պեռլինի մէջ յարձակման ենթարկուեցան նոյն երկիրներու, մանաւանդ ԱՄՆի դեսպանատունը, Իսրայէլի ներկայացուցիչները, Յունական դեսպանատունը, երբ քիւրտ ցուցարարներուն վրայ կրակ բացուեցաւ եւ զոհեր ինկան…։ Անգարա եւ իր համագործակից դաւադիրները հասկցան թէ Օճալանը սպաննելու պարագային շատ բարդ եւ վտանգաւոր իրավիճակներու մէջ պիտի գտնուին եւ որոշեցին դանդաղ, բայց «բնական» մահով (թաքուն տանջամահ ընելով) վերացնել քիւրտ ժողովուրդի հերոս զաւակը։
Սակայն, Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան պայքարը կանգ չառաւ։ Նոր ղեկավար-ղեկավարուհիներ, Թուրքիոյ թէ Արեւմտեան Հայաստանի, Իրաքեան Քիւրտիստանի, հիւսիսային Սուրիոյ հսկայական տարածքներուն մէջ։ Եթէ Պարզանիները հաշտուողական քաղաքականութիւն կը վարեն Անգարայի հետ, ապա եւ Օճալանի հետեւորդները անհաշտ պայքար կը մղեն, տալով հազարաւոր նահատակներ եւ ծանրագոյն կորուստներ պատճառելով թուրք «մեհմետճիկ»ներուն եւ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ հզօրագոյն բանակ ունեցող Թուրքիոյ ծանր պարտութիւններու մատնելով։ Արդարեւ, Փետրուար 15-ին՝ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ թուրք 13 երիտասարդ զինուորներու յուղարկաւորութիւնը՝ որոնք իրենց արժանի պատիժը գտած էին Իրաքեան Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ, օդուժին օգնութեամբ, իբր թէ «հակա-ահաբեկչական» գործողութիւններ կատարելու այն հերոսներուն դէմ, որոնք կը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը։
Յիշեցնենք թէ, արցախեան պատերազմի օրերուն համայն աշխարհի քրտական մամուլը, մանաւանդ արեւմտեան Եւրոպայի եւ հիւսիսային Սուրիա «Օճալանական» հեռատեսիլի գործակալութիւնները եւ Թուրքիոյ ոճրագործ պետութեան դէմ պայքարի անոնց զինակիցները՝ ամբողջապէս կանգնեցան Հայաստանի եւ Արցախի կողքին։ Առաւել եւս՝ անոնք շատ կարեւոր ռազմական տեղեկութիւններ փոխանցեցին Սուրիոյ թուրքմէն վարձկաններուն եւ այլ արիւնախում դահիճներուն մասին՝ որոնք Ազրպէյճան եւ Արցախ ղրկուեցան։
-«Մենք մեր հայկական ծագման վերադարձանք՝ Վայթոյի, Մուշի, Սասունի, Ղանտիլ լերան, Արարատի լանջերուն՝ երբ զինուորագրուեցանք «Սերոքէ Աբօ»ի Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան», խոստովանեցան Գերմանիոյ Վիսպատենի եւ Մայնց քաղաքներուն մէջ ապրող եւ պայքարող կրօնափոխ, «քրտացած» հայեր, որոնք այսօր դրօշակակիրները դարձած են Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին։
コメント