Արեւմուտքի քար լռութիւնը Արցախեան 21-րդ Դարու Ցեղասպանութեան օրերուն
«Քրիստոնեայ» եւ «Ժողովրդավար» Արեւմուտքը «Առիւծ կտրած» է Ռուսիոյ դէմ՝ երկրագունդը տանելով համաշխարհային պատերազմի՝ խեղկատակ Զելենսքիի եւ «ընդդիմադիր-նահատակ» Նավալնիի համար…
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ
Արդէն թեւակոխած ենք Ապրիլեան 1,5 միլիոն նահատակներու ոգեկոչման 106-րդ տարելիցը, որոնց շարքին պիտի աւելցնենք Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր 10 հազար նահատակներն ու հաշմանդամները։ Յիշեցնենք, որ Արեւմուտքի այն բոլոր երկիրները՝ ներառեալ Վատիկանը, քար լռութիւն պահպանեցին այն անպատմելի ոճիրներուն հանդէպ, որ գործեցին եւ կը գործեն մերօրեայ ինքնակոչ «Սուլթան» Էրտողանն ու իր մանկլաւիկ արիւնարբուն՝ Ալիեւ։ Աւելին՝ երբ բոլորը կը սպասեն թէ ԱՄՆ նախագահ Պայտըն ի վերջոյ պիտի ճանչնայ 20-րդ դարու Հայոց եւ այլ ժողովուրդներու հանդէպ Օսմանեան Թուրքիոյ գործած ահաւոր ցեղասպանութիւնը՝ նոյնինքն «Հոլոքոսթ»ով աշխարհ իրար խառնած Իսրայէլ եւ 20-րդ դարու արուեստական պետութիւն Ուքրանիա՝ որուն տարածքները գծած էին Լենինն ու Սթալինը, առանց որեւէ ամօթի, ֆոսֆորային ռումբեր կը վաճառէ Ազրպէյճանին՝ Արցախի անտառներուն մէջ թաքնուած արցախցիները հրոյ ճարակ ընելու՝ ինչպէս 1915-ին…։ Բ. Աշխարհամարտին, աւելի քան 100․000 խորհրդային բանակի հայ զինուորներ՝ իրենց մատղաշ կեանքերը զոհաբերեցին «եղբայրական» Ուքրանիոյ եւ Խրիմի ազատագրութեան համար՝ նացիստական լուծէն։ Իսկ հազարաւոր անմեղներ՝ համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ տանջամահ ըրած ուքրանացի նացիստագլուխ Պանտերա՝ այսօր ազգային հերոսի վերածուած է ցեղապաշտութեան մէջ տապլտկող երբեմնի հիանալի երկիր Ուքրանիոյ մերօրեայ ղեկավարներուն կողմէ։
Արցախ շուրջ 3․000 վարձկաններ ղրկած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետախուզական վարչութիւնները՝ այսօր հիւսիսային Սուրիայէն թուրքմէն արիւնախում գործակալները պարարտ վճարումներով կը ճամբեն դէպի Ուքրանիա, այնտեղ իբր թէ օգնելու տեղի թաթարները՝ միջնադարեան նոր սուլթանութիւն ստեղծելու համար…։ Բազմերես Էրտողան, որ մինչեւ վերջերս իբր թէ Ռուսիոյ «բարեկամ» եւ հաւանական «դաշնակից» կը ձեւացնէր, արդէն իսկ կանգնեցաւ Արեւմուտքի կողքին՝ որոնց խոստացած էր բարձրաձայն՝ թրքական օսմանեան լայնածաւալ սուլթանութեան վերածել։ Թուրք-ՏԱԷՇական ոճրագործներուն ոճիրները Փարիզի, Ամսթերտամի, Պրիւքսէլի, Վիեննայի, Պերլինի մէջ թէ այլուր՝ ոչ թէ ահազանգ հնչեցուցած «քրիստոնէութեան» եւ ժողովրդավարութեան «ռահվիրա»ներուն մօտ՝ այլեւ յայտնի թէ թաքուն ճամբաներով շարունակեցին ամէն կարգի զէնքեր վաճառել թրքական թէ ազերի բանակներուն, միլիառներով ալ յատկացումներ տրամադրելով Անգարայի, իբր թէ իր մօտ գտնուող բազմազգ գաղթականները չուղարկէ Արեւմուտք։
Ինչպէս 1915-ին, 1921-ին, 1937-38-ին Հայոց Ցեղասպանութեան, Կիլիկիոյ եւ Ալեքսանտրէթի «Սանճագ»ին Աթաթուրքին յանձնումին խայտառակ գործարքներէն ետք մենք՝ Միջին Արեւելքի գաղթակայաններու նախկին բնակիչները՝ տեսանք թէ ինչպէս 2020-ին օգտագործելով իբր թէ Արեւմուտքի կողմէ «պաշտպանուած» «նորաթուխ» Հայաստանի մակլաւիկ ղեկավարներուն անփութութիւնը՝ ահաւոր ոճիրներ գործեցին արցախեան ազատատենչ լեռնաշխարհին մէջ։ Հետաքրքրական է, եթէ մետասաներորդ ժամուն եթէ ռուսական խաղաղապահ զօրքերը չմիջամտէին՝ ապա եւ Հայաստանն ալ գոյութենէն դադրած պիտի ըլլայ…։ Այս բոլորը, ո՛չ ԱՄՆ նախագահ Թրամփ, ո՛չ ալ ֆրանսացի «հայապաշտ» նախագահ Մաքրոն, կամ Սուրիոյ մէկ միլիոն գաղթականները պատսպարած ու Թուրքիոյ «Լէոփոլտ» հրասայլեր եւ Ազրպէյճանի բազմատեսակ աւերիչ միջոցներ վաճառած, գերմանաց վերապատուելի դուստր Մըրքըլ, նոյնիսկ Հռոմի Արժանիթի հայերու ամէնօրեայ հիւր Ֆրանչիսկոս Պապը, ոչինչ ըրին, Հայ ժողովուրդը, Արցախի ու Հայաստանը նոր արհաւիրքէ փրկելու համար։
Իսկ հիմա՞, վերոյիշեալ երկիրները, առաւել եւս իրենք զիրենք արեւմտամէտ հռչակած Չեխիան, Ռումանիան, Պալթեան երկիրները, որոնց ազատագրութեան համար խորհրդային զօրքերու հերոս հայեր ու 300․000 նահատակներ «նուիրած» փոքրիկ Հայաստանը, դարձած են նացիզմի եւ ցեղապաշտութեան մէջ տապլտկող, Էրտողանի գործակից դարձած Զելենսքիի թունդ պաշտպաններ «առիւծ կտրած» մի ոմն բախտախնդիր Նավալնի, շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, հզօր Ռուսաստանը ներսէն քարուքանդ ընելու, քան թէ մարդկային քաղաքակրթութեան օրրան Հայաստանը։ Պատժամիջոցները պէտք է ուղղուին նախ եւ առաջ նէօ-օսմանիստ Թուրքիոյ եւ անոր կաշառակեր ու կաշառքներ բաշխող Ազրպէյճանի ղեկավարութեան դէմ նախ եւ առաջ։ Այսօր, ոչ միայն Միջին Արեւելք, այլեւ ամբողջ Եւրոպան, շուտով Ասիան պիտի գտնուին թուրք-թաթարական հիւանդագին երազներով օրօրուող ծայրայեղականներու հարուածներու տակ, որոնք այս ընթացքով անկասելի պիտի դառնան, եթէ ժամ առաջ անհրաժեշտ քայլեր չառնուին։
Comments