top of page

Արժանթինի հայ կեդրոնին մէջ թաքուն հայերու մասին դասախոսութիւն իրականացած է


Երեքշաբթի Ապրիլ 3-ի գիշերը, հարիւրէ աւելի հաշուող ունկնդիրներու ներկայութեան՝ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը կազմակերպուած Հայ Կեդրոնի Վարչութեան եւ Արժանթինահայ Մշակութային Միութեան կողմէ:


Լրագրող Աւետիս Հաճեան շատ հետաքրքրական ձեւով խօսեցաւ իր կատարած ճամբորդութեան մասին դէպի Արեւմտեան Հայաստան, ուր մօտէն ծանօթացաւ «Թուրքիոյ թաքուն հայերուն », որոնք կ’ապրին Սասուն, Վան, Հաճըն, Այնթապ, Մարաշ, Ուրֆա, Տիգրանակերտ, եւ այլ նահանգներ: Ասոնք ժառանգորդներն են ցեղասպանութենէն վերապրողներու, որոնք փոխանակ ապաստան փնտռելու ուրիշ երկիրներ, շարունակեցին մնալ իրենց նախնիքներու հողին վրայ, բայց մեծցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ թուրք:


Անոնց ժառանգորդներէն ոմանք այսօր կը փնտռեն իրենց արմատները եւ կը վերադառնան մայր Եկեղեցւոյ գիրկը եւ կը մկրտուին:


Դասախօսը պատմեց հետաքրքրական եւ յուզիչ դրուագներ այդ իսլամացած հայերու կեանքէն. անոնց վախը, զգուշաւորութիւնը եւ լուռ պայքարը հայ մնալու: Խօսքին կ’ընկերանային լուսանկարներ, որոնք աւելի կը տպաւորէին ունկնդիրները:


Աւետիս Հաճեան իր այս ճամբորդութիւնը, հանդիպումները, պրպտումները ամփոփած է մեծածաւալ գիրքի մը մէջ, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ Լոնտոնի մէջ անգլերէն լեզուով.


«Գաղտնի Ազգ, Թուրքիոյ Թաքուն Հայերը» խորագիրով:


Այնուհետեւ ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին:


Ալեքս Հաճեան ամփոփ կենսագրականը ըրաւ դասախօսին, Ատրիան Լոմլոմճեան Արժանթինահայ Մշակութային Միութեան կողմէ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն իսկ փակման խօսքը ըրաւ Հայ Կեդրոնի նախագահ՝ Վարդի Մանուկեան:

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page