Աւելի քան երկու հազարամեակ մը ամբողջ՝ Հայերը՝ Պաղեստինի եւ Պաղեստինեան Յեղափոխութեան հետ
Պաղեստինի գրեթէ ամէն մէկ անկիւնը, հայ ազգային ու քաղաքական գործիչներ, հաստատուած են Սուրբ Հողերուն վրայ։
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ
-«Հայերը Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին Պաղեստինի մէջ ունէին աւելի քան 56 վանք, եկեղեցի, կալուածներ՝ Սուրբ Յարութեան տաճարի եւ Բեթղեհէմի Քրիստոսի Ծննդեան եկեղեցիին, Սուրբ Յակոբայ վանքի պատմական տիրութեամբ»։
Զօրավար ԱՐԷՖ Ալ-ԱՐԷՖ
-«Մենք կը պայքարինք, որպէսզի աշխարհը մեզի չմոռնայ, ինչպէս որ ըրին հայերուն։ Ես ինքզինքս կը կոչեմ Արաֆաթեան…»։
ԵԱՍԷՐ ԱՐԱՖԱԹ,
Պաղեստինեան Յեղափոխութեան հիմնադիր ղեկավար
-«Մենք այցելեցինք այն ժամանակուան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Թորգոմ Մանուկեանին եւ խնդրեցինք որ Երուսաղէմի հայկական թաղամասը մնայ արաբական բաժնին մէջ։ Պատրիարք հայրը համաձայնեցաւ՝ երջանկութիւն պարգեւելով Եասէր Արաֆաթին, հիասթափեցնելով Իսրայէլի ղեկավարները՝ որոնք կը կարծէին թէ հայերը իրենց “գրպանին մէջ” են…»։
Դոկտ. ՄԱՆՈՒԷԼ ՀԱՍԱՍԵԱՆ,
այժմ Պաղեստինի պետութեան դեսպանը Դանիոյ մօտ
(նախապէս Միացեալ Թագաւորութեան եւ Հունգարիոյ մօտ դեսպան)
Գլխաւոր բանագնաց Պաղեստին-Իսրայէլ-ԱՄՆ բանակցութիւններուն
-«Երկրորդ Աշխարհամարտի օրերուն, իր երկիրը կորսնցուցած Իտալիոյ բռնապետ Մուսոլինիին՝ Եթովպիոյ կայսր Հայլէ Սելասիէ եւ թագուհին՝ բնակութիւն հաստատած էին Երուսաղէմի հայոց Սուրբ Յակոբայ վանքին մէջ։ Պատերազմի աւարտին, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած 200 որբուհիներ իր հետ տարաւ Ատիս Ապեպա, հիմնելով ծաղկուն հայ գաղթօճախ մը»։
Զօրավար ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԵԼ
-«Դուք երբեւիցէ տեսա՞ծ էք կազմակերպութիւն մը, որ հայ յեղափոխական-ազատագրական պայքարի զինանշաններ եւ Արեւմտեան Հայաստանի քարտէզը իր կեդրոնական գրասենեակին մէջ ցուցադրէ»։
ԱՊՈՒ ԱԼ-ԱՊՊԱՍ,
Պաղեստինի Ազատագրութեան Ճակատի նահատակ ղեկավար
1982 թ.ի Յունիս 4-ին՝ Իսրայէլի Լիբանան ներխուժման նախօրեակին
-«Հայ ֆիտայիներու խիզախութիւնը աննկարագրելի է։ Իմ անձնական ատրճանակս կը նուիրեմ ձեզի, որպէսզի շարունակէք ձեր սուրբ պայքարը Պաղեստինի հայապատկանզ հողերու պահպանման եւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան ճանապարհին»։
«ԵՂԲԱՅՐ» ՀԱՎԱՐԻ,
Պաղեստինեան Յեղափոխութեան Ազգային Անվտանգութեան
նահատակ ղեկավար
-«Քեզի պիտի կոչեմ Մենահիմ Սահյուն»։ Պաղեստինի գլխաւոր Ռապիին նախատինքը՝ «Քինկ Տէյվիտ» պանդոկը պայթեցուցած եւ տունը՝ սնտուկի մէջ պահուըտած Մենահիմ Պեկինին։
*****
Հայերը Պաղեստինի մէջ հնագոյն ժամանակներէ գոյութիւն ունեցած են։ Աքեմենեան Քսերքսէս Շահնշահի արշաւանքէնզ մինչեւ հայոց Մեծն Տիգրան Արքայից Արքայ, բայց մանաւորապէս քրիստոնէութեան յայտնումէն ետք, Պաղեստինի գրեթէ ամէն մէկ անկիւնը, նոյնիսկ Սինայի անապատի մենաստաններուն մէջ հայ ճգնաւորներ, հոգեւորականներ, ազգային ու քաղաքական գործիչներ, առեւտուրի թէ մշակոյթի բնագաւառի աշխատողներ, ուխտաւորներ հաստատուած են Սուրբ Հողերուն վրայ։ Երուսաղէմի քառորդը, դարերու ընթացքին պատկանած հայերու, որպէս հայկական թաղամաս, նոյնիսկ Սիոնի լեռը, կը գտնուի հայկական տարածքին մէջ։ Նաեւ Հայֆայի, Եաֆայի, Նազարէթի Բեթղեհէմի, Ձիթենեաց լերան վրայ, մինչեւ այսօր, արաբ թէ հրեայ, ռուս թէ եւրոպացի հնագէտներ, կը յայտնաբերեն 4-րդ դարէն պահպանուած հայկական փառաւոր խճանկարներ։ Կիլիկեան թագաւորութեան թէ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, հայերը լայն կալուածներու եւ իրաւունքներու տիրացան ամբողջ Պաղեստինի մէջ։
Վրայ հասաւ Բ. Աշխարհամարտը, երբ Ա. Աշխարհամարտին՝ Օսմանեան կայսրութիւնը կորսնցնելով Պաղեստինը, զայն յանձնեց Բրիտանական կայսրութեան։ Լորտ Պալֆուրի նենգ խոստումներով, Եւրոպայի մէջ հալածանքներու, կոտորածներու եւ տեղահանութեան ենթարկուած հրէական «կեթօ»ներու բնակիչները, նաւերով ուղարկեցին «Աւետեաց երկիր», ուր երկրագործական գաղութներ («Քրիպուց») հիմնելով, գաղտնի զինուելով, կամաց-կամաց սկսան տէր դառնալ Պաղեստինի մեծ մասին։ Բ. Աշխարհամարտին, իբր թէ յաղթական, բայց սնանկացած դուրս եկած բրիտանական կայսրութիւնը, իր տեղը զիջեցաւ ԱՄՆի քաղաքական տիրապետութեան, որն գլխաւորապէս կը ղեկավարուէր սիոնիստ-հրեայ միլիառատէրերու եւ քաղաքական գործիչներուն կողմէ։ Արդիւնքը՝ քաղաքացիական ահաւոր պատերազմ՝ որուն հետեւանքով բազմահազար զոհեր, աւերածութիւններ։ Մինչ «Իրկուն» հրէական ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, Պրեսթ Լիթովսքին, նախկին լրտեսութեան բանտարկեալ Մենահիմ Պեկինի գլխաւորութեամբ կը պայթեցնէ «Քինկ Տէյվիտ» պանդոկը Երուսաղէմի մէջ 1946 թ.ին (91 սպանեալ, որոնցմէ 2-ը՝ հայեր…), փախչելով ու պահուըտելով իր տան ներքնայարկը գտնուող սնտուկի մէջ՝ հրեայ կրօնական չափաւոր ղեկավարներ, կը դատապարտեն այսպիսի ոճրագործութիւնները, ինչպէս Տէր Եասինի, Հայֆայի Իրաքի փողոցին (ուղ հայրն ու մայրը հրաշքով կը փրկուին) եւ այլուր տեղի ունեցած պայթիւնները՝ նաեւ Իցհաք Շամիրի (յետագային Իսրայէլի վարչապետ…), Իցհաք Շթերնի, Մոշէ Տայանի («Ալ-Հականա»-Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար 1967-ի Պաղեստինի մեծ մասի գրաւման) եւ այլ արիւնախումներու կողմէ։ Հետաքրքրականը այն է, որ 1946 թ.ի «Քինկ Տէյվիտ» պանդոկի պայթիւնը, որպէս «ազգային տօն» կը նշուի Իսրայէլի նոյնքան արիւնռուշտ վարչապետ Նեթանիահուի օրով, յատուկ տեղադրուած վահանակով, երբ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանը կը բողոքէ՝ նկատի առնելով որ Բրիտանիայի բազմաթիւ բարձրաստիճան սպաներ զոհ գացած էին…։ Սակայն, նոյնինքն Եւրոպա եւ Ամերիկա ամէն կարգի զէնքեր եւ ֆինանսաւորում կը տրամադրեն, որպէսզի Պաղեստինի հողին վրայ հիմնուի Իսրայէլը, արաբական աշխարհի եւ այնտեղ բնակող հայութեան գլխուն պատուհաս։ Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեանց եւ պատերազմներուի պատճառով, Միջին Արեւելքը մեծ մասամբ կը պարպուի ցեղասպանութենէ փրկուած հայերէ, մինչ Պաղեստինի հայկական հողերը ամէն կարգի դաւերով ու խաղքութիւններով կը փորձեն խլել սիոնիստական պետութեան անյագ վաշխառուները։ Ինչպէս կը նշէ սաղեմահայ մը՝ Իսրայէլ ժանիքները սրած կը սպասէ առիթներու, յափշտակելու իբր թէ «անտէր» հայապատկան կալուածները։ Այս բոլորին մէջ ցաւալի է որ, իբր թէ «հրեայ» (մեծ մօր կամ հօր կողմէ սթալինեան տարագրութեանց ժամանակ խորհրդային Հայաստան հաստատուած խազարներու սերունդը՝ այսօր շուրջ 5.000 հոգինոց գաղութ մը ստեղծած են Իսրայէլի մէջ, ոմանք ալ ծառայելով «Ցահալ»ի շարքերէն եւ կը փորձեն զիրենք օգտագործելով 2.000 տարուան եկեղեցապատկան, հնագոյն հայ կալուածները ձեռք անցընելու Թել Աւիւի դաւերուն մէջ…։
Բնական է, որ իր հողէն տարագրուած, արաբական աշխարհի գաղթակայաններուն մէջ ցիրուցան, մէկ մասն ալ ահաւոր ցեղապաշտ պետութեան մը պարիսպներուն մէջ ապրող պաղեստինցիներ (իր քրիստոնեայ եւ մահմետական հատուածներով), ի վերջոյ պիտի պոռթկային։ 1965 թուին հիմնուած Պաղեստինի Ազատագրութեան կազմակերպութիւնները, զինեալ պայքարի ելան ոչ միայն Սիոնիստական պետութեան դէմ՝ այլեւ նոյնինքն արաբական աշխարհի բռնապետներուն եւ անոնց զազրելի հետախուզական վարչութիւններուն դէմ։ Բնական է, բազմաթիւ հայ քաջարի երիտասարդներ՝ յենուելով Լիբանանի թէ Սուրիոյ մէջ Պաղեստինեան Յեղափոխութեան աջակցութենէն, 20-րդ դարու 70-80ական թուականներու զինեալ ազգային-ազատագրական պայքարի դուրս ելան Թուրքիոյ ռազմական եւ դիւանագիտական հաստատութիւններուն դէմ։ Հայ ժողովուրդի արդար դատը դարձեալ օրակարգի վրայ յայտնուեցաւ, որուն մէջ իրենց հիմնական դերը կատարեցին նահատակ պաղեստինցի եւ անոնց դաշնակից Լիբանանի Յառաջդիմական ճակատի շատ ու շատ ղեկավարներ։
Այսօր, երբ աշխարհի հզօրագոյն պետութեան առաջնորդները դարձած են ցեղապաշտ, հակա-պաղեստինեան եւ հակա-ազգային ազատագրական պայքարի դէմ խելագար մոլուցքով տառապող մանկլավիկներ՝ Պաղեստինի Սուրբ Հողը անգամ մը եւս կորստեան դատապարտուած է։ Ամէն օր, ստոնիստական պետութեան արիւնախում ղեկավարները, բանակն ու ոստիկանութիւնը կը սպաննէ, հաշմանդամ կը դարձնէ, կամ բանտերուն մէջ մահուան կ’առաջնորդէ հազարաւոր պաղեստինցիներ։ Ահաբեկիչներուն կողմէ հիմնադրուած, ապաբեկիչներուն ամէնօրեայ ոճրագործութիւններով անպատիժ յոխորտացող Իսրայէլի ղեկավարները իրենց հիւլէական զէնքերով սպառնալիք դարձած են ամբողջ Միջին Արեւելքի խաղաղ գոյակցութեան։ Իսկ արաբական երկիրներուն մեծ մասը արդէն մեղսակից է Պաղեստինի հողերու կորուստին, ժողովուրդի սպանդին, կը մնայ միայն պայքարիլ։ Պայքար եւ յեղափոխութիւն մինչեւ յաղթանակ։
댓글