top of page

Մեր ապաւինողականութիւնն է գլխաւոր պատճառը մեր պարտութեան

Մեր ազգային գոյութենական շահերուն յուսալի պաշտպանութիւնը կը գտնուի Արեւելքի մէջ, եւ՝ մեզմէ կը պահանջէ բարեկամական սերտ կապեր մշակել մեր բնօրրանի ժողովուրդներուն հետ, որպէսզի դուրս ելլենք մեր մինակութենէն։

Խորհրդային Հայաստանի 60-րդ ամեակի նուիրուած ժողովրդական շքերթը

Մեթր Գ․ Տէրտէրեան, Պէյրութ / 10 Յունուար 2021


Ուրիշներու օգնութեան կարիքին զգացումը՝ անչափահաս մանուկին մօտ, շատ բնական զգացում մըն է։ Քանի որ, այդ տարիքին մէջ, կարգ մը գործերու համար, ուրիշին ապաւինելու կարիքը ունի։ Սակայն, չափահասութեան տարիքը վաղո՜ւց բոլորած հնադարեան ժողովուրդի մը մօտ՝ այդպիսի զգացումը ախտ մըն է, որուն անունը ԱՊԱՒԻՆՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ է. ինչպէս ՍԻՏԱն, քաղցկեղը կամ քորոնան, որոնք մահացու են՝ երբ վարակուող անձին դիմադրականութիւնը տկարացած է տար-բեր պատճառներով։ Իսկ ժողովուրդներու պարագային, այդ պատճառներէն մեծագոյնը՝ ուրիշներու ապաւինելու քրոնիկ ախտն է։ Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի ուրիշին ապաւինելու մասին, եւ ոչ թէ՝ ուրիշներու հետ յարաբերելու կամ գործակցելու մասին, որ անհրաժեշտութիւն մըն է չափա-հաս տարիքի մարդոց համար, որուն վկան է Ռոպինսըն Քրուզօն։


Ապաւինողականութեան ախտէն վարակուած ժողովուրդ մը կը դադրի ինքնիշխան ըլլալէ, իր եր-կրին ու ժողովուրդին տիրութիւն ընելէ, ակնկալելով որ մարդասէր ու բարեսէր ժողովուրդներ՝ իրենք գթան իր վրայ, եւ իր պարտաւորութիւնը եղող գործերը իր փոխարէն կատարենՍԱԿԱՅՆ՝ տիրակալութիւն չընեն իր վրայ. այլ՝ այդ բարեսիրութիւնը կատարեն Աստուծոյ սիրոյն, եւ՝ իր սեւ աչքերուն սիրոյն…։


Եւ՝ ընդհանրապէս, այսպիսի ժողովուրդներ եսապաշտ, այլամերժ ու եսակեդրոն են, եւ՝ մեկու-սապաշտ ինքնասիրահարուածներ կ՚ըլլան, մերժելով համարկուիլ կամ սերտաճիլ ուրիշ ժողովուրդներու հետ, բանտարկուած մնալով իրենց ազգային սահմանափակ խոզակին մէջ, ՄԵԿՈՒՍԱՆԱԼՈՎ նոյնիսկ իրենց ճակատագրակից ու բնական զինակից ժողովուրդներէն։ Ասոր իբր հետեւանք, երբ այդ ժողովուրդներն ալ անտարբեր կամ անկարեկից ըլլան իրենց հանդէպ, երբ իրենք վտանգի մատնուած ըլլան, կ՚աւաղեն, կը տրտնջան ու կու լան, որ մինակութեան մէջ մնացած են։ Անոնք չեն անդրադառնար որ իրենք ինքնամեկուսացած են բոլորէն. ոչ միայն թշնամիներէն, այլեւ՝ հաւանական բարեկամներէն, որոնք իրենց ճակատագրակիցներն են ու բնական զինակիցները՝ միեւնոյն թշնամիին դէմ…։ Որովհետեւ՝ չեն կրցած զատորոշել իրենց բուն թշնամին իրենց բուն բարեկամներէն, եւ մոլորած են՝ իրենց արեւելումին մէջ։ Եւ այնքա՜ն եսա-պաշտ, եսակեդրոն ու ԱՅԼԱՄԵՐԺ եղած են, որ կարծած են թէ՝ իրենց մինակութիւնը կրնան յաղթահարել, միայն ու միայն, իրենց սեփական ուժով։ Եթէ կարողանան իրենց լոկ սեփական պողպատեայ կամքը ցուցաբերել, քանի կարծած են, թէ՝ ամէն կամենալ կարենալ էանկախա-բար եւ հակառակ բոլոր աննպաստ առարկայական պայմաններէն, անջատուած ըլլալով իրա-կան աշխարհէն, ինչ որ զիրենք մղած է գործելու անձնասպանական արկածախնդրութիւններ…։ Այս այլամերժութիւնը հետեւանքն է իրենց խտրականութեան, որուն երկու բաղադրիչներէն մէկը՝ բացառիկ ըլլալու զգացումը ժողովուրդներու մէջ… իսկ միւսը՝ իրենց նախընտրած նշանաբանը՝ «Մարդը մարդուն գայլ», որ կապիտալիզմի նշանաբանն է. փոխանակ հաւատալու՝ «Մարդը մարդուն եղբայր» սոցիալիզմի նշանաբանին։


Կամքի քաջալերումը անհրաժեշտ է, երբ առարկայական պայմանները թոյլատու են՝ որոշեալ ծրագրի մը գործադրութեան։ Այլապէս՝ կոյր, անհաշիւ կամքը կը վերածուի անպտուղ կամայա-կանութեան. այլ խօսքով՝ կամապաշտութեան (voluntarism), որ թունալից պտուղն էր Շոփեն-հաուերի բնազանցական մտածելակերպին, որ բացարձակապաշտ է, տոկմատիկ ու կաղապարեալ։ Գիտակից յեղափոխականն անգամ՝ միայն հաշւուած ռիսքեր կ՚առնէ։ Բայց երբեմն, երբ իր երկրին պարտադրուած ըլլայ պատերազմը, ստիպուած կ՚ըլլայ չհաշւուած ռիսքեր առնելու։ Եթէ հերոս է, կ՚առնէ այդ ռիսքը՝ պատրաստ ըլլալով մահուան, վասն հայրենեաց նահատակութեան։ Կամա-պաշտական արկածախնդրութիւնը մահաբեր է նաեւ ժողովուրդի մը համար։


Հետեւաբար, երբ մեր ժողովուրդը մնայուն կերպով՝ Փանթուրքիզմի սպառնալիքին տակ կը գտնուի, իրմէ շատ ու շատ աւելի հզօր Թուրքիոյ կողմէ, մինակը չի կրնար երաշխաւորել իր անվտանգութիւնը, իր սեփական աննկուն ու պողպատեայ կամքին ուժովն անգամ, եթէ երբեք դուրս չելլէ իր մինակութենէն (այսինքն՝ իր ինքնամեկուսացումէն), եւ զինակիցը չդառնայ հզօր եւ Փանթուրքիզմի թշնամի պետութեան մը։

• • •


Այս մտորումները ունեցանք, երբ կարդացինք «Ազդակ» օրաթերթի 15 Դեկտեմբեր 2020 թուակիր համարին մէջ լուր մը եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի մէկ գրութիւնը։


Այդ լուրը Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխ նախագահ Ատլի Ալիեւի մէկ յայտարարութիւնն է, թէ՝ Ռուսիա իրաւունք չունի փոխելու Արցախի քարտէսը, սպառնալով մեծ կորուստներ պատճառել։


Իսկ Յ. Բագրատունիի գրութեան խորագիրն է. «Որպէսզի Իրապէս Յաղթենք»։


Նախ՝ Ատլի Ալիեւի սպառնալիքին նշանակութեան մասին։


Երբ Ազրպէյճանի օրէնսդիր իշխանութեան փոխ նախագահին մականունը Ալիեւ է, ալ կարիքը չկայ ըսելու, թէ ան կը խօսի նախագահ Իլհամ Ալիեւի փոխանորդութեամբ։ Ուրեմն. Ազրպէյճանի գերա-գոյն իշխանութիւնը՝ մոռնալով իր աւանդական դիւանագիտական փրակմաթիզմը Ռուսաստանի նկատմամբ։ Առաջին անգամ ըլլալով, փոխած է, եւ Ռուսաստանի հետ կը խօսի սպառնալիքով…։ Վախնալով՝ որ Փութին Արցախի քարտէսը կրնայ գծել ի նպաստ Արցախի։ Այս վախը ինքնին, կը նշանակէ, թէ՝ Ազրպէյճան համոզուած է, որ Ռուսաստան՝ Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ, Արցախի եւ Հայաստանի զինակիցն է, եւ ուրեմն, կը սպառնայ՝ զինադադարի հինգ տարիներէն առաջ, վերա-դառնալ պատերազմին։ Քանի որ, 9 Նոյեմբերի եռակողմ Յայտարարութեան կարգադրութիւն-ները վերջնական չեն եւ կրնան փոխուիլ՝ ի նպաստ Արցախին։ Իսկ սպառնալիքին ըսել ուզածը այն է, թէ թուրք-ազերիական ճակատը կրնայ տակաւին գրաւել նաեւ՝ ոչ միայն ամբողջ Արցախը, այլեւ՝ Արեւելահայաստանը միասին։


Թշնամիին այս վախը մեզ առաւել կը յուսադրէ Արցախի ապագային մասին, եթէ՝ մենք կարողա-նանք, Արեւմտաթրքական օրիենտացիայի փոխարէն, հետեւիլ Ռուսօհայկականին։ Հոս, Ատլի Ալիեւի սպառնալիքին առիթով, իրեն հարց կու տանք. եթէ դուք իրօք կարող էիք՝ հակառակ Ռու-սաստանի կամքին, գրաւել Արցախն ու Հայաստանը, այդ պարագային ինչո՞ւ համաձայնեցաք Ռուսաստանի զինադադարի առաջարկին եւ չշարունակեցիք ձեր մինչ այդ պահը արձանագրած յառաջխաղացքը… մանաւանդ որ տակաւին ձեր դէմ ցոյց չտուաւ իր զինական ուժին մէկ չնչին մասն անգամ…։ Վախցողի սպառնալիքին ձայնը նման է պարապ տակարի ձայնին։


«ՈՐՊԷՍԶԻ՝ ԻՐԱՊԷՍ ՅԱՂԹԵՆՔ»։ Յ. Բագրատունիի գրութիւնը, ցաւատանջ Ֆրիկեան գանգատ մըն է մեր մինակութեան փաստին դէմ, եւ՝ Բագրատունիական զուսպ պոռթկում մը՝ մեր ուրիշներու ապաւինելու ախտին դէմ, որու հետեւանքով, մինչեւ այսօր չունինք հայկական օրիանթացիան, որ առաջնահերթն է՝ ապա միայն որոշելու համար՝ Արեւմտաթրքակա՞նը թէ՞ Ռուսօհայկականը, չմոռնալով յիշեցնել Համաթուրանականութեան սպառնալիքին մնայուն առկայութիւնը (մինչեւ այսօր) չմոռնալու կարեւորութիւնը։


Հիմա՝ քիչ մը մանրամասն, մեր միջամտութիւններով միասին։


1 – Համահայկականութեան գծով՝ յարգելի գաղափարակիցս կ՚ընդգծէ այն փաստը, որ 1915 թուին եւ 2020 թուին, մենք պարտուեցանք միեւնոյն Համաթուրանական թշնամիէն։ Այս փաստին ընդգծու-մով, ան կը հերքէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ անոր համակիրներուն՝ 1990-ականներու մոլորեցնող քարոզչութիւնը, թէ՝ այլեւս Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն չունի Փանթուրքիզմի Ծրագիր։ Փանթուրքիզմի Ծրագրին դեռեւս առկայութեան փաստին ընդգծումը Բագրատունիի կողմէ՝ խիստ կարեւոր յիշե-ցում մըն է, որմէ կախեալ է մեր արեւելումի ընտրանքը, եւ մեր ցարդ կատարած ՍԽԱԼ ընտրան-քին արդիւնքը մեր պարտութիւնն է։


2 – Ան կը վերյիշեցնէ, թէ՝ Համաթուրանական Ծրագրի ժառանգորդները եղան՝ նախ Թուրքիան, եւ հիմա նաեւ՝ Ազրպէյճանը, որոնք միասնաբար կիրարկեցին այդ ծրագրի հայասպանութիւնը, որ կը նշանակէ թէ՝ անցնող 105 տարիներուն չէ փոխուած հայասպանութեան անոնց նպատակը։ Եւ մենք կը յիշեցնենք, թէ՝ Բագրատունի լուսաբանեց արաբ հանրային կարծիքը, յայտարարելով՝ թէ այս երկրորդ պատերազմին կը մասնակցի Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ երրորդութեան ճակատը, շարունակելով 1915 թուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ինչ որ քարոզչական խիստ գնահատելի քայլ մըն էր, որ արաբ հանրային կարծիքը կը լուսաբանէր այս պատերազմին իսկական բնոյթն ու նպատակը։ Իսրայէլի մասնակցութիւնը այս պատերազմին, հիմնովին փոխեց արաբական հանրային կարծիքին կեցուածքը այս պատերազմին նկատմամբ։


3 – Բագրատունի ապա մատնանշած է, թէ՝ այս տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական շահե-րու բախումը չէ փոխուած՝ անցնող 105 տարիներու տեւողութեան։ Այս մատնանշումը խիստ կարեւոր է մեզի համար, քանի որ հայ ժողովուրդի բնօրրանը Արեւելքի մէջ կը գտնուի, որուն մաս կը կազմէ այս տարածաշրջանը (Միջին Արեւելքը), որուն մէջ՝ Թուրքիան եւ Իսրայէլը կը ներկայա-ցնեն Արեւմուտքի շահերը, որոնք բախումի մէջ են Արեւելքի շահերուն հետ (ներառեալ՝ Ռուսաս-տանի, Իրանի, Արաբական Աշխարհի եւ Հայաստան Աշխարհի շահերուն)։


Հետեւաբար, մեր ազգային գոյութենական շահերուն յուսալի պաշտպանութիւնը կը գտնուի Արեւելքի մէջ, եւ՝ մեզմէ կը պահանջէ բարեկամական սերտ կապեր մշակել մեր բնօրրանի ժողո-վուրդներուն հետ, որպէսզի դուրս ելլենք մեր մինակութենէն։


4 – Ան կը գրէ. «Մենք յաղթած ենք մեր սեփական ուժերուն շնորհիւ, եւ ոչ թէ մեր կողմէ «բա-րեկամ» կարծուած պետութիւններու օգնութեամբ»։ Այս քիչ մը հապճեպ ընդհանրացումը կը կա-րօտի՝ ըստ մեր համեստ համոզումին, մի քանի ճշգրտումներու։ Նախ այն, որ Սարդարապատի Ճակատամարտը մի քանի օրերու սահմանափակ ճակատում մըն էր, եւ ոչ թէ լիարժէք պատերազմ մը։ Մենք՝ մեր ռոմանթիք ցանկատեսութեամբ, անոր տուած ենք մեր ենթակա-յական մեծ գնահատանքը (ոչ թէ առարկայական ու ռազմագիտական գնահատումը)։ Եթէ լիարժէք պատերազմ մը եղած ըլլար, չէր ստորագրուեր Պաթումի ստրկական դաշնագիրը։ Եւ, ճակատամարտին մասնակից Զօր. Ժագ Գայալոֆ՝ իր “The Banie of Sardarabad” (1972, Հոլանտա) խորագրով հատորին մէջ, հնգօրեայ օրագրութեան 25 Մայիս 1918-ի էջերուն վրայ կը բացատրէ թէ այդ օր, բնութիւնը օգնեց մեզի, որովհետեւ՝ Արաքս գետը վարարած էր եւ թուրք հեծե-լազօրքը, որ փորձեց Սարդարապատի երկաթուղագիծի կայարանի հանդիպակաց Արաքսի հարաւային ափէն անցնիլ հիւսիսային ափ (կռնակէն հարուածելու համար հայկական ուժերը) օգնելու համար թրքական զօրքին (որ պարտուած էր) չկրցաւ անցնիլ։ Վարարած գետին ջուրը բարձրացած էր մինչեւ ձիերուն գլուխը։ Եւ Վեհիբ Փաշան նահանջեց, քանի որ կովկասեան ճակատի ընդհանուր հրամանատար Քարապեքիր Փաշան կ՚ուզէր որ թուրք զօրքը բրիտանական զօրքէն շատ կանուխ հասնէր Պաքու, եւ ամէնէն արագ կրնար հասնիլ միայն Արաքսի երկայնքին գտնուող հայկական երկաթուղագիծով։ Սարդարապատի Ճակատամարտին կարեւորութիւնը մե-զի համար այն էր, որ համաժողովրդային էր, աշխարհազօրքի ալ մասնակցութեամբ, եւ՝ փրկուած էր Երեւանը (մեր վերջին եռանկիւնը)։ Եթէ թուրք զօրքը բրիտանականէն առաջ հասած ըլլար Պաքու, բրիտանականին հետ միասին պիտի կանգնէր Մուսաւաթի կողքին եւ մասնակից պիտի ըլլար Պաքուի Կոմունայի տապալումին, եւ՝ բաժնեկիցը ոչ միայն նաֆթին, այլեւ՝ Ազրպէյճանի ստեղծումին…։


Իսկ Ղարաբաղի առաջին պատերազմին, մեր փառաւոր ու փայլուն յաղթանակը ինչո՞ւ հիմնովին տարբերեցաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմի խայտառակ պարտութենէն, երբ երկու պա-տերազմներուն ալ կը մասնակցէին նոյն հայկական ուժերը։ Պատասխանը շատ պարզ է. առաջինին, հայկական կողմին կ՚օգնէր Ռուսաստանը, եւ հրամանատարները՝ մարզուած, կոփուած ու դաստիարակուած էին Սովետական Հայաստանի հայրենասիրութեան դպրոցին մէջ, որ միաժա-մանակ Կարմիր Բանակին դպրոցն էր, որ Բ. Աշխարհամարտին փաստեց իր հայրենասիրութիւնը եւ այդ պատերազմը կոչեց Հայրենական Պատերազմ։ Եւ հայ բանաստեղծը հպարտօրէն գրեց.


Պճնազարդուիր երկիր Հայաստան

Այսօր՝ քո օրն է մեծ

Ծածանիր ուրախութեան քո դրօշները բոլոր

Յաղթողի փառքով դառնում են հեռուներից հողմածեծ

Արծիւները՝ իրենց արծուեբոյնը արեւաւոր

Նրանք՝ որ իրենց ուսերին տարան

Քո անունը անմեռ Արմենիա

Մեր պայծա՜ռ Երեւանից՝ մինչեւ պարտուա՛ծ Պերլին…։


Իսկ երկրորդ պատերազմին, հայկական կողմը գլխովին դիմափոխուած էր՝ հետեւանքովը օլի-գարխիական Գ. Հանրապետութեան ապազգային, վայրի դրամատիրական արժեհամակարգով ու արեւմտաթրքամէտ համակարգին, որ ոչ միայն տկարացուց երկիրը տնտեսապէս, տկա-րացուց հայրենիքի գիտակցութիւնը՝ հայրենաթողութեամբ, «եւրոպականացուց» երկիրը՝ անոր դռները լայն բանալով քոզմոփոլիթ ամէն գոյնի ծածկագիտական աղանդներու, սիո-նափանթուրքական հայասպան սորոսներու եւ գաղտնի սպասարկութիւններու առջեւ, կողոպտեց ու թալանեց երկրի ստորգետնեայ եւ վերգետնեայ հարստութիւնները, որպէս պատմամշակութային կոթող՝ Երեւանի սիրտին վրայ կանգնեցուց ԴՐԱՄ բառի յուշարձանը, եւ՝ պատերազմի թէժ օրերուն, մինչ Ռուսաստան (ըստ Տեղակալ-Զօրավար Մովսէս Յակոբեանի) ամէն օր կը հայթայթէր պահանջուած ամբողջ զինապաշարը, իշխանութիւնը ճակատ չէր ղր-կեր փորձառու եւ ռուսամէտ հայրենասէր հին քատրերը, այլ՝ անփորձ ու հակառուս, այս հա-մակարգին արժեհամակարգով այլասերած քատրերը՝ գործադրելու համար այս պատերազ-մին թուրք-ՕԹԱՆեան ծրագիրը։


Ռուսաստան զինեալ միջամտութիւն չկատարեց, սակայն հայթայթեց անհրաժեշտ ամբողջ զինապա-շարը, առիթ տալով հայ արի զինուորին պաշտպանելու իր հայրենիքին հողը։ Բայց երբ տեսաւ, որ կատարուողը թուրք-ՕԹԱՆեան ծրագիրն է, որ հասած է կարմիր գիծին, մէկ կողմ դրաւ Մինսքի Խմբակի երեք համանախագահներէն մին ըլլալուն պահանջած անկողմնակալութեան պարտա-ւորութիւնը, կտրուկ կերպով միջամտեց, կասեցուց թուրք-ազերի-ՕԹԱՆեան ՅԱՌԱՋԽԱ-ՂԱՑՔը, եւ անոր պարտադրեց հնգամեայ զինադադար մը, որմէ դժգոհ է Ազրպէյճան, որուն խորհրդարանի փոխ նախագահը՝ Ատլի Ալիեւ կատարեց այս գրութեան սկիզբը յիշուած մեզի համար ուրախառիթ յայտարարութիւնը։ Եւ այսօր, բախման գիծին երկու կողմերուն վերահսկողու-թիւնը դրաւ ռուսական բանակի ձեռքին մէջ, կանխելով ամէն օտար զինեալ միջամտութիւն, աշխարհին փաստելով, որ Անդրկովկասը Ռուսաստանի ռազմական անվտանգութեան գօտին է, ուր վճռորոշիչ միակ ուժը իրն է։ Եւ այս ամէնը խաղաղութեամբ, դիւանագիտութեամբ եւ ար-դարօրէն շահուած հեղինակութեան մը շնորհիւ։ Իսկ թուրք-ազերի ճակատը, մէկուկէս ամիս վերջ միայն անդրադարձաւ, որ ռուսական զօրքը՝ առաջին անգամ ըլլալով, մուտք գործած էր Ազրպէյճանի տարածքէն ներս, եւ սկսաւ վախնալ։ Փութին, հաւանաբար ոչ-հաճելի, բայց հայրական խստու-թեամբ խրատեց մեզ, որ դառնանք ինքնիշխան, ոչ ապաւինողապաշտ։ Իսկ Սերգէյ Լաւրով, 30 Դեկտեմբերի իր յայտարարութեամբ յուսադրեց մեզ Արցախի ապագային մասին։


Չենք կարծեր, թէ Բագրատունին Ռուսաստանը կը համարէ մեր «բարեկամ» կարծած պետութիւն-ներէն մին, այս զարգացումներէն ետքն ալ։


5 – Որովհետեւ, անմիջապէս յաջորդ պարբերութեան մէջ, ան կը հաստատէ. «Իսկ այս պարտութիւնը հետեւանքն է «թաւշեայ» յեղափոխութեան վարչապետի, իր տէրերուն կամքը կատարելու հա-մար, անոնց վաճառած մեր հողերուն «թաւշեայ» կաշառքին»։ Այստեղ, Փաշինեանի տէրերը շատ յստակօրէն արեւմտաթրքական ճակատին կը պատկանին, քանի որ յստակօրէն հակառուսական արեւելումը կը կիրարկէր Փաշինեան։


6 – Իսկ գալով վարչապետ Փաշինեանի ճակատագիրը որոշող կողմի ճշդումի հարցին, ան կը գրէ. «Վարչապետի ճակատագիրը պէտք է որոշուի ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ»։


Այս հաստատումը լափալիսեան ճշմարտութիւն մըն է։ Սակայն, երբ կը շեշտէ այս հաստատումը «պէտք է» պահանջով, լռելեայն կը հասկցուի, թէ հակառակ կարծիք մը կայ այս հարցին շուրջ, զոր կ՚ուզենք լուսաբանել՝ ըստ մեր անկեղծ համոզումին եւ իրաւագիտական ուսումին։


Այս հարցին շուրջ, Փութինի վերագրուեցան երկու կարծիքներ։ Առաջինը, թէ՝ Փաշինեանի դէմ դա-ւաճանութեան ամբաստանութիւնը հիմք չունի։ Իսկ երկրորդը, թէ՝ հիմա ժամանակը չէ Փաշի-նեանը իր պաշտօնէն հեռացումին։


Մեր ասպարէզային (այսինքն՝ իրաւագիտական) տեսակէտով, մենք համաձայն ենք առաջին կարծիքին, թէ՝ Փաշինեանի գործած արարքը կարելի չէ դաւաճանութիւն որակել, քանի որ իրա-ւական հիմք չունի այդ մեղադրանքը։ Որովհետեւ՝ քրէական իրաւունքին մէջ, արարքի մը դիտաւո-րութիւնը (intent) կ՚որոշէ ատոր քրէականութիւնը, եւ ոչ թէ այդ արարքին շարժառիթը (motif)։ Այս լոյսին տակ, Փաշինեան դաւաճանելու դիտաւորութիւն չունէր։ Այլ՝ ան կը կարծէր, թէ իր արեւմտաթրքական օրիանթացիան ազգօգուտ է Արեւելահայաստանի համար, քան՝ ռուսական օրիանթացիան։ Այսինքն. Փաշինեանի այս ընտրանքը արեւելումի իր վարքագիծին շարժառիթն էր։ Ասիկա չի նշանակեր, որ Փաշինեանի արարքը մեծ յանցագործութիւն մը չէ՝ իր ժողովուրդին եւ պետութեան հանդէպ, եւ պէտք է անպարտ արձակուի… բնա՛ւ, երբե՛ք։ Այլ՝ պէտք է պատժուի այս մեծ յանցագործութեան համար, քանի որ շարժած էր հայրենիքին ու ժողովուրդին մեծ կորուստ պատճառող շարժառիթով (որդեգրելով հակառուսականարեւմտաթրքական օրիանթացիա)։ Եթէ Փաշինեան իրօք կաշառուած ըլլար մեծ գումարներ գանձելով կամ առանձնաշնորհումներու արժանանալով, եւ՝ կանխօրօք նախապատրաստած էր ապահով փախուստը երկրէն, այդ պարագային միայն կարելի կ՚ըլլար զինք ամբաստանել հայրենադաւութեան ոճիրով (յանցագոր-ծութիւն եւ ոճիր տարբեր են), երբ հաստատուած կ՚ըլլար իր քրէական դիտաւորութիւնը։ Եւ եթէ՝ Փաշինեան, հիմա՝ խորամանկօրէն, ամենօրեայ ցոյցերով իր հրաժարականը պահանջողներուն առաջարկէ հրաժարիլ՝ իր եւ ընտանիքի կեանքի անվտանգութեան երաշխիքի դիմաց, եւ եթէ ընդունուի այս սակարկութիւնը, ու հրաժարելէ յետոյ՝ Փաշինեան փախուստ տայ Հայաստանէն, այդ պարագային ալ, առնուազն փաստուած կ՚ըլլայ թէ կաշառուած է եւ ապահոված իր ու ընտանիքի արտերկրի մէջ կեցութեան ծախսերը։ Սակայն, այդ իսկ բաւարար փաստ չէ քրէական դիտաւո-րութեան (դաւաճանութեան), այլ՝ կաշառքը կրնայ միայն շարժառիթը եղած ըլլալ։ Բայց այս կը մնայ քննարկելի եւ հետախուզելի հարց մը։ Անշուշտ, շարժառիթն ալ մեծ յանցագործութիւն է, բայց ոճիր չէ։


Իսկ Փութինի վերագրուած երկրորդ կարծիքը, թէ հիմա ժամանակը չէ անոր հեռացումին իր պաշ-տօնէն, ասոր պատճառը թէ ինչո՞ւ… հաւանաբար միայն Փութին կրնայ բացատրել բուն պատճառը։ Քանի որ, ան է այս զինադադարի մանկաբարձը կամ maestro-ն։ Սակայն, մենք կրնանք կռահել միայն, թէ Փաշինեանի դեռեւս մնալը իր պաշտօնին վրայ, հաւանաբար անհրաժեշտ է զինադա-դարի պահպանումին եւ անոր պայմաններուն անթերի գործադրութեան համար։ Այս կռահումը կը բխի այն փաստէն, որ Փութին այս զինադադարը պարտադրած է ոչ միայն թուրք-ՕԹԱՆեան կող-մին, անկէ կորզելով զիջումներ, այլեւ՝ Փաշինեանին ալ, անկէ կորզելով խոստումներ, զոր Փաշի-նեան կրնայ տուած ըլլալ՝ դարձի գալով իր ազգաքանդ արեւելումէն եւ հակառուսական մոլուցքէն, որուն իբր հետեւանք, ան իր «թաւշեայ» յեղափոխութեամբ չփակեց սիոնափանթուրք հայատեաց ու հայասպան Սորոսի գրասենեակը Երեւանի մէջ, զոր արտօնած էին Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ռ. Քոչարեան եւ Ս. Սարգսեան (Սորոսականներու ազգաքանդ գործունէութեան մասին կարդալ «Պայքար»ի 27 Դեկտեմբեր 2020 թուակիր համարին մէջ)։ Իսկ ներկայ պահին, այս հնգամեայ զինա-դադարին պահպանումը նպաստաւոր է պարտուած կողմին, եւ ոչ թէ՝ յաղթական կողմին… ինչպէս որ եղաւ առաջին զինադադարին, որ քառորդ դարու ժամանակ տուաւ կառուցանելու Արցախի անկախ հանրապետութիւնը, եւ սակայն չկրցանք լրիւ բնակեցնել Արցախի ամբողջ տարածքը (Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ գաղթօջախներէն գաղթող հայերը չբնակեցան Արցախի մէջ)։ Կարճ խօսքով. մենք տէր չկանգնեցանք՝ ամբողջ քառորդ դար, մեր հայրենիքի մէկ անբաժանե-լի մասը կազմող Արցախին։ Ուրեմն. այս զինադադարի պահպանումը (որ աննպաստ է Ազրպէյճա-նին, որ նաեւ վախ ունի Փութինի յառաջիկայ կարգադրութիւններէն եւ Արցախի քարտէսին հայա-նպաստ գծումէն, եւ պաշտօնապէս կ՚ըսէ թէ Ռուսաստան իրաւունք չունի գծելու Արցախի քարտէսը) անհրաժեշտ է։ Եւ ուրեմն. անհրաժեշտ է նաեւ, որ զայն ստորագրող հայ կողմը, գոնէ հինգ տարիներ մնայ իր պաշտօնին վրայ։ Փութինի գործածած «հիմա»ն ա՛յս ըսել կ՚ուզէ։ Ուրեմն. Փաշինեանի ճակատագրի որոշումը յետաձգուած է, եւ ոչ թէ մերժուած։ Եւ եթէ Փաշինեան, յառա-ջիկայ բանակցութիւններուն ալ, յարգէ Փութինի իր տուած խոստումները, Փութին պիտի կարողա-նայ մեզի համար կարելի նպաստաւոր կարգադրութիւններ ընել։


7 – Որպէս եզրակացութիւն, ան հարց կու տայ՝ Վե՞րջը։ Իր կողմէ այս հարցումին տրուած տեղին ու շինիչ պատասխաններ են, եւ սակայն, ըստ մեր համեստ կարծիքին, բաւարար չեն՝ այս խայտառակ պարտութեան հետեւանքներէն դուրս ելլելու համար շօշափելի յուսադրիչ առաջադրանքով։


Այո, ճիշդ կ՚ըսէ, թէ՝ հարկ է չյանձնուիլ պարտութեան, եւ մանաւանդ՝ հոգիները չմատնենք պար-տութեան. այլ՝ բռնցքնանալ եւ միասնանալ, մշակել հայկական օրիանթացիա ամէնէն առաջ, եւ աշխատանքի համապատասխան ծրագիր, եւ վերջ տալ մեր մինակութեան…։ Բայց այս բոլոր ճիշդ եւ սակայն բարոյախօսական պահանջներուն իրագործումը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ. լոկ կամենալո՞վ, թէ՞՝ հայկական օրիանթացիային օժանդակ նաեւ այլ աշխարհաքաղաքականօրէն ճիշդ օրիանթացիա-յի որդեգրումով։ Օրինակ. ինչպէ՞ս կարելի է վերջ տալ մեր մինակութեան, եթէ բանտարկուած եւ մեկուսացած մնանք հայկական օրիանթացիային մէջ։


Հետեւաբար. անհրաժեշտ է, նախ՝ վերջնականապէս հրաժարիլ պողպատեայ կամքի յղացքին բնազանցական կիրարկումով շինուած «կամենալը կարենալ է» առասպելական հեքիաթէն։ Կամենալը կարենալ կ՚ըլլայ միայն, երբ մեր կամքէն անկախ գոյութիւն ունեցող առարկայական նախապայմաններն ալ գոյութիւն ունենան։ Մեր կամենալը ենթակայական նախապայմանն է, որ առարկայական նախապայմաններուն չգոյութեան, անզօր կը մնայ։ Եւ ուրեմն՝ լոկ ենթա-կայականով առաջնորդուած ամէն արարք կ՚ըլլայ արկածախնդրութիւն, որ դատապարտուած է ձախողելու եւ վնասներ պատճառելու ազգին։


Եւ յետոյ՝ մինակութենէ ազատելու համար, անհրաժեշտ է՝ հայկական հիմնարար օրինաթացիան համալրել՝ մեր բնօրրանի աշխարհաքաղաքական տարածքին մէջ, մեզի ճակատագրակից ու բնական զինակից եւ հզօր պետութեան հետ համարկուելի օրիանթացիայով։ Իսկ այդ պե-տութիւնը Ռուսաստանն է՝ 1878-էն ի վեր (ըլլայ ցարականը թէ յեղափոխականը, սովետականը թէ փութինեանը… Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրէն մինչեւ այսօրուան 9 Նոյեմբեր 1920 թ. Զինադա-դարը)։ Քանի որ, մեզի սպառնացող Փանթուրքիզմի դէմ՝ մեր ճակատագրակիցն է եւ բնական զի-նակիցը։ Կը մնայ՝ որ մենք, ռուսական օրիանթացիայով, ջանանք ստեղծել Հայ-Ռուս Ճակատը՝ Թուրք-ՕԹԱՆեան, Արեւմտաթրքական Ճակատին դէմ, որպէսզի մաս կազմենք Անդրկովկասի վճռորոշիչ ուժին։


Այլապէս՝ մեր ինքնամփոփ, կարճատես, աշխարհին բացուած ճիշդ դուռ չունեցող եւ իր ազգային նեղ խոզակին մէջ ինքնամեկուսացած հայկական օրիանթացիան չի կրնար վերջ դնել մեր մինակու-թեան, որ հետեւանքն իսկ է՝ մեր ինքնամեկուսացումին եւ սխալ արեւելումին (դէպի աշխարհ բացուելով՝ սխալ դռնէն, ոչ մեր բնօրրանէն)։ Բնութիւնն անգամ մեզի կը սորվեցնէ, թէ շերամը արժէք կրնայ ներկայացնել միայն այն ժամանակ, որ կը դադրի իր ինքնամեկուսացումէն՝ ճիշդ դռնէն դուրս գալով իր խոզակէն, եւ՝ մետաքս արտադրելով։


Իսկ հայերս, կրնանք մեր անվտանգ, բարգաւաճ ու Նոր Ոսկեդարեան մշակոյթի կեանքի մետաքսը արտադրել ու վերստին արժէք դառնալ, երբ ոչ միայն վերջնապէս եւ համահայկականօրէն կը յաջողինք մշակել՝ իսկապէս ՀԱՅԿԱԿԱՆ արեւելումի ԾՐԱԳԻՐ մը, որ հարազատ ծնունդը կ՚ըլլայ մեր բնօրրանին, եւ որուն դուռը բացուած կ՚ըլլայ մեր բնօրրանի աշխարհաքաղաքական տարածաշր-ջանի այն հզօրագոյն պետութեան ուղղութեամբ, որ մեր գոյութենական բնական (այլեւ պատմա-կան) զինակիցը եղած է՝ Փանթուրքիզմի Ծրագրի սպառնալիքին դէմ։ Այս պարագային, մենք կը դադրինք մինակ մնալէ ու կ՚ազատինք մինակութենէ։


Այսպիսի կարճատեւ ժամանակաշրջան մը մենք ապրեցանք՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Սովետական Սոցիալիս-տական Հանրապետութեան օրով միայն, որուն երջանկայիշատակ 101-րդ տարին է այս ՆՈՐ ՏԱ-ՐԻՆ։ Եւ՝ չկայ ՀԱՅ մը, որ հրապարակաւ կամ իր ներքին ձայնով, չի խոստովանիր այս պատմա-կան ճշմարտութիւնը, ներառեալ՝ այս վերջինները, որոնք ժամանակ մը չկրցան տեսնել այս իրականութիւնը, իրենց բնազանցական մտածելակերպին պատճառով։ Եւ այսօր՝ այս իրականու-թեան բոլորին հրապարակաւ ճանաչումովն է միայն որ պիտի կարողանանք մշակել՝ ՀԱՄԱՀԱՅ-ԿԱԿԱՆ եւ իրաւ ու ճշմարիտ օրիանթացիային ԾՐԱԳԻՐը։


Չմոռնանք այն պատմական անհերքելի փաստը, որ մեր պատմութեան երեք Հայաստաններէն (Թրքահայաստան, Պարսկահայաստան եւ Ռուսահայաստան) այս վերջինը միայն վերապրեցաւ։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page