top of page

Հակառուս հայեր գէթ թող սորվին՝ իրատես փրակմաթիզմէն

Թուրքիան թշնամի պետութիւն չէ՞՝ պարոնայք հակառուսականներ…։

Մեթր Գ Տէրտէրեան, Պէյրութ, 1 Յունիս 2020


Արեւելահայաստանի Բ. Հանրապետութիւնը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Սովետական Սոցիալիստականը, կերտեց մեր պատմութեան Բ. Ոսկեդարը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի Մատենադարանով, Ազգային Ակադեմիայով, Բիւրականի Միջազգային ու Միութենական (համասովետական) Աստղադիտարանով, Մերգելեան Մաթեմաթիքական Միութենական Ինստիտուտով, Ազգային Օփերայի Պալատով, Սունդուկեան Թատրոնով, Սասունցի Դաւիթ Զօրասիւնով ու Մարշալ Բաղրամեանով եւ Ծովակալ Իսկակովով… Մանուկ Աբեղեանով, Հրաչեայ Աճառեանով ու Աւետիք Իսահակեանով, Օրբելլի եղբայրներով, Ալիխանեան եղբայրներով, Վիկտոր Համբարձումեանով (Միջազգային Աստղագիտութեան Միութեան նախագահով…) ու Սերգէյ Մերգելեանով, Մայր Հայաստան վեհանիստ յուշակոթողով՝ սուրը ձեռքին եւ հայեացքը Արեւմտահայաստանին…, Մեծ Եղեռնի երկնասլաց Յուշահամալիրով ու Անմար Կրակով, Էրեբունիով ու Սարդարապատով…, Հայկ Նահապետի եւ Սասունցի Դաւիթի յուշարձաններով, Հանրագիտարանի շարքով, Արեւելահայաստանի ակադեմական ԱՏԼԱՍ-ով, Հայոց Լեզուի Արմատական Բառարանովու ՀԱՅ ՏԱՌԸ Գեղագիտական Ալպոմով… եւ տասնեակ հազար տպաքանակովմեր հին ու նոր գրական ժառանգութեան հատորներով ու գրախանութներով եւ Միասնիկեանի Անուան Ազգային Գրադարանով, եւայլն, եւայլն… եւ այն հրատարակութիւններովու ՀԱՅՊԵՏՀՐԱՏ Հրատարակչատունով։


Մինչդեռ Արեւելահայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը՝ իր օլիգարխիական դրամատիրական համակարգով, կառուցեց Երեւանի մէկ փողոցին անկիւնը, ԴՐԱՄ-ի աղքատիկ արձանը, «անկախութեան» օրով, զրկուած ըլլալով Սովետական Մեծ Պետութեան նեցուկէն…։ Եւ տակաւին, կուրանալով՝ ուրանալով Սովետ Մեծ Պետութեան գլխաւոր ուժը հանդիսացող Ռուսաստանի հայանպաստ երեք պատմական կեցուածքները (Սան-Սթեֆանոյի Դաշնագրի Յօդ. 16-րդը, Արեւմտահայաստանի անկախութեան Դեկրետն ու 1920 թուի Նոյեմբեր 29-ի փրկարար միջամտութիւնը), այսօր եւս կը շարունակէ հակառուսական արշաւը… անձնասպանական խելագարութիւնը, դաս չառնելով գէթ՝ մեր ոխերիմ թշնամի Թուրքիոյ փրակմաթիք կեցուածքէն՝ իր ոխերիմ թշնամի Ռուսաստանի նկատմամբ…։


Հիմա տեսնենք թէ՝ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, Էրտողանի փանթուրքական նոր-օսմանական Թուրքիան՝ ինչպիսի իրատեսական փրակմաթիզմ մը կը ցուցաբերէ Ռուսաստանի նկատմամբ, հրաժարելով՝ հակառուսական ճակատումի վարքագիծէն, երբ Թուրքիա մեզմէ շատ աւելի հզօր ուժ մըն է…, եւ սակայն կը համբերէ… քանի որ իրատես է։


• • •


Հիւսիսային Ափրիկէի արաբական հինգ երկիրներէն՝ Եգիպտոսի, Ալճերիոյ եւ Մարոքի մէջ, Սուլթան Էրտողան չունի օսմանամէտ հետեւորդներ, սակայն Լիպիոյ մէջ ունի աւելի մեծ թիւով օսմանամէտ հետեւորդներ քան Թունիսի մէջ։


Ուրեմն, Էրտողան կը փորձէ վերադառնալ Լիպիա, իբր առաջին քայլ, օսմանեան իշխանութիւնը հաստատելու արաբական երկիրներուն վրայ։ Անոր Սուրիա վերադառնալու առաջին երազը փշրեց Ռուսաստանը։ Իրաք վերադառնալու երկրորդ երազը փշրեցին Իրանը եւ ԱՄՆ-ը։ Լիբանան վերադարձի երրորդ երազը փշրեցին՝ Սէուտական Արաբիան, Էմիրութիւններն ու Հըզպալլան։ Իսկ այսօր՝ Լիպիա վերադարձի իր վերջին երազին թիւ մէկ խոչընդոտը Եգիպտոսն է։


Լիպիա ներկայիս պառակտուած է՝ երկբեւեռացումի մէջ է։ Օրուան անուանական իշխանութիւնը՝ «Ազգային Համերաշխութեան», դրածոն է ԱՄՆ-ի… որուն դէմ կը պատերազմի Մարեշալ Հաֆթարի բանակը, որուն ուղղակի նեցուկն է Փութինի Ռուսաստանը, իսկ անուղղակին՝ Ժողովրդային Չինաստանը։ Թուրքիան կը պաշտպանէ ԱՄՆ-ի դրածոյ իշխանութիւնը՝ Մարեշալ Հաֆթարի դէմ։ Սակայն, Թուրքիոյ հոն վերադարձին դէմ են Եգիպտոսն ու Էմիրութիւնները։ Եւ, ԱՄՆ-ի ու Եւրոպայի ձեռնպահութեան կամ անտարբերութեան հետեւանքով, փաստօրէն՝ գետնի վրայ, իրարու դէմ կը կռուին Թուրքիան եւ Ռուսաստանը… սակայն Թուրքիա շատ հաշուենկատ է. մէկ կողմէ՝ օգնելով ԱՄՆ-ի դրածոյ իշխանութեան, կը մեղմացնէ Թրամփի կարծր կեցուածքը իր դէմ, եւ միւս կողմէ՝ ուղղակիօրէն չի ճակատիր Ռուսաստանի դէմ, այլ՝ կը ճակատի Հաֆթարի բանակին հետ, որպէսզի ապագայ քաղաքական լուծումին մասնակից կողմերէն մին հանդիսանալու յոյսը ունենայ։ Եւ այդպիսով, գոնէ Լիպիոյ վերակառուցումին բաժնեկից դառնալով՝ տնտեսական շահեր ապահովէ, եթէ նոյնիսկ՝ քաղաքական շահեր չկարենայ ապահովել…։ (Նոյնը կը յուսայ՝ Սուրիոյ մէջ…)։ Էրտողան՝ թուրք բանակի զինուորներէն աւելի, Լիպիա կը տանի սուրիացի իր վարձկան ահաբեկիչները, որոնք դուրս հանեց Սուրիոյ Իտլիպի մուհաֆազայէն՝ Ռուսաստանի ճնշումով։ Կարճ խօսքով. ոչ վերջնականօրէն կը խզուի ԱՄՆ-էն, եւ ոչ ալ վերջնականօրէն կը յարի Ռուսաստանի, իրատեսական փրակմաթիզմով մը, որ յատուկ է Թուրքիոյ, եւ որ ուսանելի է՝ մասնաւորաբար, մեր հակառուս հայանուն քաջ նազարներուն համար։


Տակաւին. Էրտողան կ՚ուզէր Լիպիոյ հետ կնքել համաձայնագիր մը՝ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, Լիպիոյ եւ Թուրքիոյ ծովային սահմանագիծին շուրջ։ Թրքական ծովուժի մասնագէտ սպաները սերտեցին խնդիրը եւ գտան թէ՝ անհրաժեշտ էր այդ մէկը, հաստատ հիմերու վրայ կատարելու համար, Թուրքիա նախ՝ իր ծովային սահմանագիծը հաստատած ըլլայ Եգիպտոսի, Իսրայէլի կամ Լիբանանի ծովային սահմանին հետ։ Ի վերջոյ ամէնէն նպաստաւորը համարուեցաւ՝ Իսրայէլի ծովային սահմանագիծին հետ հաստատել Թուրքիոյ ծովային սահմանագիծը, նաեւ՝ առաջարկել Իսրայէլի՝ իր կազի արտածումին համար դէպի Եւրոպա, հրաժարիլ "East-Med"ի շատ մեծածախս ծրագրէն, եւ Իսրայէլի ծովափէն մինչեւ թրքական Ճիհան նաւահանգիստը երկարող կազատար խողովակներ հաստատել շատ աւելի նուազ ծախսով, եւ՝ Թուրքիոյ վրայով Եւրոպա արտածել կազը, որ շատ աւելի նուազ ծախս կը պահանջէ, իսկ Թուրքիան ալ կրնայ առաջին շուկան ըլլալ, որ կազի իր կարիքին 15 տոկոսը կը ներածէ Իրանէն, եւ 55 տոկոսն ալ՝ Ռուսաստանէն… բայց կ՚ուզէ կախեալ չմնալ օտար պետութիւններէ…։ Ահա թէ ինչու, վերջին երկու տարիներուն, 2018-2020, Թուրքիա եւ Իսրայէլ սկսան աւելի ջերմօրէն սիրաբանիլ դիւանագիտական հարթակի վրայ, աւելի լայն չափերով առեւտրական փոխանակումներ ունենալ եւ աւելի մեծաթիւ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ սկսան երթալ Թուրքիա, որ առժամաբար առկախուեցաւ Գորոնայի պատճառով…։ Թուրքիոյ արտածումները դէպի Իսրայէլ հիմա՝ հասան տարեկան 6 միլիառ տոլարի, իսկ ներածումները Իսրայէլէն՝ տարեկան 4-5 միլիառ տոլարի։


Այս զարգացումները ցոյց կու տան, որ Էրտողան այնքան ալ լաւատես չէ Ռուսաստանի հետ իր յարաբերութիւններու հեռանկարին նկատմամբ, եւ կը ջանայ՝ կը կրկնենք, ոչ վերջնապէս յարիլ Ռուսաստանի, ոչ ալ վերջնապէս խզուիլ ԱՄՆ-էն ու Իսրայէլէն, իր ստրատեգիական դաշնակիցներէն, այլ՝ ընդհակառակը. զօրացնել իր դաշնակցային կապը իր համհարզ տարատնկեալ սիոնական պետութեան հետ, պահպանել՝ իր ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը, այնքան ժամանակ, որ գործունակ կրնայ մնալ… իսկ շարունակել համագործակցիլ Ռուսաստանի հետ, մինչեւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, քաղաքական լուծումի մը գոյացումը, որուն մասնակիցը դառնալով՝ ապահովելու համար տնտեսական շահեր՝ վստահաբար, յաւելեալ քաղաքական ալ շահեր՝ հաւանաբար…։ Ասիկա թրքական փրակմաթիզմ է, որ կը պահանջէ իրատեսութիւն եւ համբերատարութիւն, եւ ոչ թէ՝ ցանկատեսութիւն եւ շտապողականութիւն։


Անցեալին ըսած ենք ու կրկնած… կրկին կը կրկնենք։ ԱՄՆ, Թուրքիա եւ Իսրայէլ երեք համհարզ տարատնկեալ պետութիւններ են, որոնք հաստատուած են ուրիշ բնիկ ժողովուրդներու հայրենիքներուն եւ արեան վրայ… եւ այս անսուրբ երրորդութեան դաշինքը՝ կաթոլիկեան անքակտելի ամուսնութիւն է, այնքան ժամանակ որ ԱՄՆ-ը կը մնայ իմփերիալիստական, Թուրքիան՝ փանթուրքական, իսկ Իսրայէլը՝ սիոնական։ Այս միջոցին, Թուրքիա եւ Իսրայէլ ամերիկեան իմփերիալիզմի երկու օֆֆշոր ռազմախարիսխներ են։ Ամերիկեան իմփերիալիզմի նահանջով, եւ հուսկ մայրամուտով, «անհայր» կը մնան Թուրքիոյ փանթուրքականութիւնը եւ Իսրայէլի սիոնականութիւնը, եթէ ասոնք չորդեգրուին նոր «հօր» մը կողմէ, որ անհաւանական է՝ տեսանելի ապագային, մինչեւ մահացող միաբեւեռ աշխարհակարգին յաջորդող բազմաբեւեռ աշխարհակարգին ամբողջական հաստատումը։ Եւ եթէ այդ բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ չյայտնուի իմփերիալիստական նոր պետութիւն մը Արեւմուտքէն, որ կ՚որդեգրէ դէպի Արեւելք ծաւալելու ստրատեգիան… Թուրքիոյ փանթուրքիզմը եւ Իսրայէլի սիոնականութիւնը վերջնականօրէն կը կորսնցնեն զիրենք որդեգրող «հայր» մը։ Եւ սակայն, եթէ մինչ այդ Թուրքիա չտարանջատուի… այդ պարագային, կրնայ պահպանել միայն իր նոր-օսմանականութիւնը, հաւանաբար…։


Հաւանաբար, եւ ոչ թէ վստահաբար, որովհետեւ նոր-օսմանականութեան ծրագրին միաժամանակ դէմ են՝ թէ շրջանի Սիւննիական Իսլամի մեծերը (գլխաւորութեամբ Սէուտական Արաբիոյ), որուն թագաւորը Էրտողանը կը նկատէ իրեն թշնամի մրցակից մը… եւ թէ Շիիթական Իսլամի երկու մեծագոյն ուժերը (Իրանը եւ Հըզպալլան), որոնց չի կրնար յաղթել Թուրքիան։


Այս ամէնուն իրատեսութիւնը ունենալով է որ Սուլթան Էրտողան աճապարեց՝ օգտուելու համար իր համհարզ տարատնկեալ սիոնական պետութենէն, անոր վերջին տարիներու հնարաւորութիւններէն, երբ տեսաւ ամերիկեան իմփերիալիզմի մօտալուտ մայրամուտը։ Այս մէկն ալ մաս կը կազմէ թրքական փրակմաթիզմին։ Ան տեսաւ Իսրայէլի մօտալուտ ազատումը սիոնիզմէն, եւ հաւանական վերածումը՝ դեմոկրատական Պաղեստին պետութեան, ուր կան երկու համայնքներ՝ արաբական եւ հրէական, զոր կ՚առաջարկէր Սովետ Միութիւնը 1944 թուին, երբ Արեւմուտքը կ՚ուզէր ստեղծել Իսրայէլի սիոնական տարատնկեալ պետութիւնը։ Եւ այս հեռանկարով, Էրտողան միաժամանակ, Գորոնայի դէմ՝ բժշկական օգնութիւն ղրկեց թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ պաղեստինեան իշխանութեան (Ղազզայի եւ Արեւմտեան Ափին մէջ)։ Այս մէկն ալ մաս կը կազմէ թրքական դիւանագիտութեան արթուն ու գիտակից փրակմաթիզմին։


Գորոնայի մեծ մարտահրաւէրը մերկացուց աշխարհի բոլոր հասարակարգերը հաւասարապէս, թէ՝ իմփերիալիզմի հանգրուանին հասած կապիտալիստական գերզարգացած ապազգային, հակաժողովրդական ու դրամապաշտ անմարդկայնական հասարակարգերը, եւ թէ՛ ժողովրդահայրենասիրական կամ սոցիալիստական ազգային ու նախախնամատար մարդկայնական հասարակարգերը՝ իրենց իսկութեան մէջ։ Որովհետեւ՝ առաջինները (դրամապաշտերը) տուին շատ աւելի մեծ թիւով մարդկային կորուստներ, քան՝ վերջինները (մարդապաշտերը)…։ Առաջիններու պետութիւնները կը ծառայէին դրամով յղփացած գազան մարդոց, սանձազերծելով զանոնք, որոնք ժողովուրդի բարօրութեան մտահոգութիւնը չունէին, այլ՝ զբաղած էին երկիրը վերածելով վայրի անտառի մը, որուն մէջ մարդը մարդուն գայլ էր, իսկ վերջիններու պետութիւնները կը ծառայէին ժողովուրդին ու հայրենիքին, սանձելնով գազան մարդիկը, եւ երկիրը վերածելով այսերկրային դրախտի մը, որուն մէջ մարդը մարդուն եղբայրն էր ու հաւասարը…, քանի որ նախախնամատար հասարակարգեր էին, անդասակարգ ու միակուսակցական, ուր կարելի էր գոյացնել ազգային համերաշխութիւնն ու իրերօգնութիւնը, որուն պայծառ տիպարը հանդիսացաւ՝ 1.5 միլիառ հաշուող Ժողովրդային Կարմիր Չինաստանը։


Իսկ գերզարգացած կապիտալիզմի երկրին մէջ, որ քսանամեակ մը (1990-2019) եղաւ միաբեւեռ աշխարհակարգի միահեծան Ոստիկանապետը աշխարհի, Սովետ Միութեան կազմալուծումէն ետք… եւ գործեց սանձազերծ եւ անհակակշիռ ամենուրեք տարածելով իր ռազմական ուժը՝ Աֆղանիստանի, Իրաքի, չքնա՜ղ Եուկոսլաւիոյ, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, աւերելով ու քանդելով, նաեւ՝ Լիբանանի մէջ, ուղղակի միջամտութեամբ եւ՝ իր երկու օֆֆշոր ռազմախարիսխներուն, Թուրքիոյ եւ սիոնական պետութեան միջոցով։ Այսինքն, Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին վիճակուեցաւ ամէնէն դժխեմ ճակատագիրը՝ Գորոնայի մարտահրաւէրին դիմաց…, քանի որ ԱՄՆ-ի տարատնկեալ պետութիւնը նախախնամատար չէր, այլ՝ վայրի դրամատիրական, իմփերիալիստական… ուր տակաւին կը գոյատեւէր ցեղային խտրականութիւնը, որ վերստին պայթեցաւ վերջին շաբաթներուն, ԱՄՆ-ի 12 քաղաքներուն մէջ, սեւամորթ բնակչութեան ըմբոստութեամբ, ստեղծելով՝ անիշխանութեան իրավիճակ մը։ Եւ՝ տակաւին, Թրամփ կը խօսի ԱՄՆ-ի տիպար դեմոկրատիայի մասին…։


Վերադառնալով հակառուսական, քաջնազարեան կամ տոնքիշոթեան արշաւին մասնակցող հայանուն ազգակործաններուն, անոնց հարց կու տանք. Ենթադրենք պահ մը, որ Ռուսաստան՝ զզուելով Արեւելահայաստանի մէջ պաշտօնական թէ անպաշտօնական մակարդակներու վրայ կատարուող հակառուսական ցնորածին, յիմար եւ ախմախ քարոզչութենէն, Թուրքիոյ հետ անոր սահմանագիծէն քաշէ իր զօրքը… այդ ո՞ր զօրքն է, որ Արեւելահայաստանը պիտի պաշտպանէ թուրք-թաթարական աքցանին սպառնալիքին դէմ։ Ձեր առաջին հակառուս նախագահն անգամ՝ լատին Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ռուսական բանակէն տարբեր բանակ չգտաւ…։ Եւ՝ մի մոռնաք, կը կրկնենք, որ եթէ դուք, չգտնելով այլ բանակ, փորձուիք որդեգրել թրքական օրիենտացիա, Թուրքիա ինքը ձեր նման ախմախ չէ որ փորձէ փոխարինել ռուսական զօրքին… իսկ եթէ փորձէ՞… ռուսական զօրքը՝ ձեր կամքին հակառակ, ինք կը միջամտէ եւ դուրս կը շպրտէ թրքական զօրքը, եւ կը հաստատուի Արեւելահայաստանի արեւմտեան սահմանագիծին վրայ՝ Թուրքիոյ դէմ, թէկուզ նկատուի որպէս գրաւող բանակ… քանի որ ինք ալ ձեր նման ախմախ չէ… եւ կը պաշտպանէ իր սեփական անվտանգութիւնը…։ Ասոր երկու նախընթացները տեսանք արդէն՝ 29 Նոյեմբեր 1920 թուին (առաջին անգամ) եւ 1921 թուին (երկրորդ անգամ), Փետրուար 18-ի արկածախնդրութեան աւարտին, Ապրիլին, երբ Ալեքսանդրապոլի անվաւեր դաշնագրով՝ Թուրքիա խոստացած էր արկածախնդիր իշխանութեան՝ օգնութեան հասնիլ, եթէ՝ Կարմիր Բանակը միջամտած ըլլար…։ Եւ Կարմիր Բանակը միջամտեց, բայց թրքական բանակը օգնութեան չհասաւ արկածախնդիրներուն, քանի որ ինք ալ (Թուրքիան) ձեր նման ախմախ չէր…։


Եւ տակաւին. 1923 թուին, Ա. Հանրապետութեան գիտնական վարչապետը՝ Յովհաննէս Քաջազնունին, ձեր նման բոլոր ախմախներուն հանգամանօրէն բացատրած էր, թէ ինչո՞ւ Արեւելահայաստանը պէտք է որդեգրէ՝ ոչ թէ թուրքական, այլ՝ ռուսական օրիենտացիա…։


Նոյն հարցադրումը կայ Լիբանանի ալ պարագային։ Լիբանան, որ կը գտնուի Սուրիոյ եւ սիոնական տարատնկեալ պետութեան միջեւ, ի՞նչ օրիենտացիա պէտք է որդեգրէ. սուրիակա՞ն թէ՝ սիոնական…։ Ամէն ողջմիտ ու հայրենասէր լիբանանցիի համար, շատ որոշ ու յստակ է, թէ Լիբանան պէտք է որդեգրէ սուրիական օրիենտացիա եւ ոչ թէ թշնամի սիոնական պետութեան օրիենտացիան։


Թուրքիան թշնամի պետութիւն չէ՞՝ պարոնայք հակառուսականներ…։


Արեւելահայաստանի մէջ, ներկայիս, կրկնակի վատառողջ բեւեռացում մը կայ, քանի որ Նիկոլ Փաշինեանի թաւշեայ Շարժումը՝ յեղափոխութիւն մը չէր Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիական համակարգին դէմ (որ խորապէս արմատակալած էր երկրին մէջ՝ ամբողջ մօտ երեք տասնամեակներու տեւողութեան), որուն արմատախլումը չէր կրնար իրագործուիլ՝ ոչ ամիսներու ընթացքին, ոչ ալ թաւշեայ յեղաշրջումով…։ Երէկի օլիգարխիական համակարգի պարագլուխներն են, որոնք կը խափանեն Փաշինեանի իշխանութեան բարեկարգութեանց ուղին, մէկ կողմէ։ Միւս կողմէ, Փաշինեան անհասկնալի եւ աններելի թեթեւսոլիկութեամբ, ջուր կը տանի հակառուսական արշաւի ջաղացքին…, զոր կը չարաշահեն օլիգարխները, իր դէմ կարծրացնելու համար Մոսկուայի կեցուածքը. ինչ որ լրջօրէն կը վտանգէ երկրի անվտանգութիւնը։ Այլ խօսքով՝ Փաշինեան ոչ միայն թիրախն է օլիգարխներու խափանումներուն, այլեւ՝ ինքն է ինքզինք խափանողը…։


Եւ, այս շատ խիստ անկայուն վիճակը այնպիսի ժամանակ մը, երբ յաւելեալ կայ Գորոնայի մարտահրաւէրը, ազերիական կարծրացումին վրայ… եւ երբ արդէն գրեթէ կիսով անցած է Սեւրի Դաշնագրի եւ Ուիլսոնեան Իրաւարար Վճիռի դարադարձի տարին, եւ երկիրը ոչ մէկ աշխատանք կը տանի՝ պահանջելու համար դաշնագրի եւ վճիռի գործադրութիւնը։

Փաշինեան պարտի միշտ յիշել՝ Ժ-ԺԱ. Դարու Ապու Ալի Իպն Սինայի եւ Ի. Դարու Զապէլ Եսայեանի դիտարկումները։ Իպն Սինա դիտարկած է. «Մենակութեան մէջ, մարդ չի կրնար գոյատեւել… իսկ այն ինչին, որ ան կարիքը ունի կրնայ ստանալ՝ հասարակութենէն միայն…»։ Երեք կողմերէն շրջափակուած Հայաստան չի կրնար գոյատեւել մենակութեան մէջ…։ Իսկ Զապէլ Եսայեանն ալ դիտարկած է. «Միայն ուրիշներ չեն որ կը խափանեն մեր ճամբան, այլեւ յաճախ, եւ աւելի շատ՝ մեր անցեալի գաղափարները…»։ Միայն օլիգարխները չեն որ կը խափանեն Փաշինեանի ճամբան, այլեւ՝ իր անցեալի հակառուսական գաղափարները…։ Միայն թրքամէտ գաղափարները չեն հակառուսական, այլեւ՝ բոլոր արեւմտամէտ գաղափարները, ըլլան՝ ֆրանսամէտ, բրիտանամէտ կամ ամերիկամէտ…։


Արեւմտաթրքամէտ արեւելումը կործանարար է Արեւելահայաստանի համար, Պարոն Փաշինեան…։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page