Հայութեան միակ փրկարարը՝ համահայկական ոգին է, որ անհասանելի կը թուի․․․
Առանց համահայկական ոգիին՝ չկայ հայրենասիրութիւն։ Առանց հայրենասիրութեան՝ չկայ գոյատեւում…։
Մեթր Գ․ Տէրտէրեան, Պէյրութ / 10 Ապրիլ 2021
Պատմական ու ճակատագրական փաստ մըն է այն, որ մեր ժողովուրդը՝ որպէս ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ունեցած է եւ ապրած, եւ տակաւին, իր մեծամասնութեամբ կ՚ապրի մէկէ աւելի Հայաստաններու եւ օտար երկիրներու մէջ, որուն հետեւանքով ալ՝ ունի ՀԱՅՈՒ բազմազան կերպարներ։ Եւ յաւելեալ՝ իր ազգային եկեղեցին ալ զուրկ է ՄԷԿ գլուխէ, այլ չնաշխարհիկ՝ ԵՐԿՈՒ։ Մինչդեռ, իբր ՓՐԿԱՐԱՐ միակ միջոցը՝ ան կարիքը ունի ոչ միայն ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈԳԻԻՆ, այլեւ՝ Համահայկական ՄԷԿ եւ ՄԻԵՒՆՈՅՆ արեւելումի մը, որ համապատասխան ըլլայ իր բնօրրանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական իրավիճակին։
Մեր պատմական բնօրրանը Փոքր Ասիան է եւ Հարաւային Կովկասը, որուն մէջ աշխարհաբախումնային վիճակ մը կը տիրէ՝ Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ ճակատին եւ Արեւելքի Ռուսիոյ միջեւ։ Այս առարկայական իրադրութեան մէջ, հարկ է տեսնել թէ՝ այս երկու ճակատներէն ո՞ր մէկը մեր ժողովուրդին գոյատեւումը կ՚երաշխաւորէ։
Հայոց Պատմութեան մէջ արձանագրուած երեք Հայաստաններէն՝ Թրքահայաստան, Պարսկահայաստան եւ Ռուսահայաստան, վերջինն է միայն որ վերապրած է, յաջողելով՝ պատմութեան եւ ժամանակի քննութեան մէջ։
Այս պատմական փաստի լոյսին տակ, Համահայութեան Համահայկական Արեւելումը չի կրնար ըլլալ տարբեր՝ Ռուսական Արեւելումէն, եւ՝ բացարձակապէս երբե՛ք՝ Թրքական Արեւմտեան Արեւելումը, այնքան ժամանակ որ Թուրքիա վերջնապէս չէ հրաժարած Փանթուրքիզմի Ծրագրէն, որուն դէմ՝ մեզ պաշտպանող միակ հզօր պատնէշն է Ռուսաստանը, որ իր իսկ գոյութեան գլխաւոր թշնամին կը նկատէ Փանթուրքիզմի Ծրագիրը, եւ Հարաւային Կովկասն ու Միջին Ասիան կը համարէ իր ազգային ռազմական անվտանգութեան գօտին՝ իր ազգային անվտանգութեան ռազմական հայեցակարգին մէջ։
Սակայն, մեզի՝ աղիտաբեր տարականոնութիւնը այն եղաւ, որ Արեւելահայաստանի երեք հանրապետութիւններէն առաջինն ու երրորդը վարեցին Թրքական-Արեւմտեան Արեւելումի քաղաքականութիւն։ Առաջինը՝ իր մենիշխանական համակարգին, իսկ երրորդը՝ իր մենաշնորհեալ օլիգարխիական համակարգին հետեւանքով։ Բացառութիւն եղաւ երկրորդ հանրապետութիւնը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Սովետական, Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը, որդեգրած ըլլալով Ռուսական Արեւելեան Արեւելումը, որ Համահայկական էր եւ ժողովրդահայրենասիրական եւ կրցաւ կերտել Հայոց Պատմութեան երկրորդ Ոսկեդարը։
Առաջին հանրապետութիւնը Թուրքիոյ պարտադրածն էր. Պաթումի ստրկական դաշնագիրը պարտադրելոց՝ օրուան հայկական մեծագոյն կուսակցութեան, որ որդեգրած ըլլալով Թրքական Արեւմտեան Արեւելումը, համաձայնած էր Անդրկովկասեան Օզակոմը (Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի) Ռուսաստանէն անջատելով՝ ՍԷՅՄը կազմելու, որուն մէջ Վրաստանը ապահոված էր Գերմանիոյ պաշտպանութիւնը՝ Թուրքիոյ դէմ, Ազրպէյճանը կարիքը չունէր պաշտպանուելու՝ իր կրօնի, արիւնի եւ լեզուի եղբայր (տին, գան, տիլ գարտաշ) Թուրքիայէն, իսկ Հայաստան մնացած էր մենմինակ՝ Թուրքիոյ սպառնալիքին դիմաց, փոխանակ ինք ալ ապահոված ըլլալու Ռուսաստանի պաշտպանութիւնը։ ՍԷՅՄի անջատումէն ետք Ռուսաստանէն, Թուրքիա երեքէն պահանջեց իրարմէ ալ անջատուիլ՝ հռչակելով իրենց անկախութիւնը իրարմէ, որպէսզի Հայաստան մնայ անպաշտպան։ Եւ՝ հակառակ Սարդարապատի հերոսական ու համաժողովրդային ճակատամարտին մէջ մեր արձանագրած միակ յաղթանակին, հայկական իշխանատենչ մենատիրական կուսակցութիւնը հռչակեց (28 Մայիս 1918 թուին) Արեւելահայաստանի անկախութիւնը՝ «հիւանդ զաւակ ծնած մօր մը պէս» (Սիմոն Վրացեանի խոստովանութեամբ), ենթարկուելով Թուրքիոյ կաքին, ստորագրելով նաեւ՝ 1918 թուի Յունիսի 6-ին, Պաթումի ստրկական դաշնագիրը։
Թշնամիին պարտադրած այս հանրապետութիւնը դիմացաւ հազիւ երկուքուկէս տարի, եւ՝ 29 Նոյեմբեր 1920 թուին, իշխանութիւնը յանձնեց Հայ Կոմկուսի Յեկոմին։ Բայց, երեք օր ետք (Դեկտեմբեր 2-ին), Թուրքիոյ հետ, տակաւին գրաւեալ Ալեքսանդրապոլի մէջ, կնքեց ոչ միայն ստրկական, այլեւ՝ անվաւեր ու դաւադրական դաշնագիր մը, երկուքուկէս ամիս ետք (Փետրուար 18-ին) արկածախնդրութեամբ տապալելով Բ. Հանրապետութեան սովետահայ իշխանութիւնը (որ նոյնպէս երկուքուկէս ամիս ետք պարտուեցաւ)։ Եւ սակայն, 16 Մարտ 1921 թուի թուրք-սովետական Մոսկուայի բանակցութիւններուն սովետահայ պատուիրակութեան չմասնակցելուն պատճառ եղող Փետրուար 18-ի արկածախնդրութիւնը մեծամեծ կորուստներ տուաւ Հայութեան։ (Փետրուար 18-ի արկածախնդրութիւնը, որ նախատեսուած էր Ալեքսանդրապոլի դաւադրական դաշնագրով, մեծ հրճուանքով յիշատակուած է Քեազըմ Գարապեքիրի “ISTIKLAL HARBIMIZ” գիրքի 989-րդ էջին վրայ, շեշտելով թէ այս արկածախնդրութիւնը մեծապէս օգնած է թրքական պատուիրակութեան՝ Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին, ուր սովետ պատուիրակութիւնը բուռն կերպով կը պաշտպանէր հայերը եւ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը կ՚ուզէր անվաւեր հռչակել, բայց ձախողեցաւ այս պատճառով)։
Իսկ երրորդ օլիգարխիական մենաշնորհներով ապազգային եւ ազգաքանդ հանրապետութիւնը, մեքենականօրէն, եւ «անկախութիւն» բառի կուռքին հիսթերիայով՝ լատին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ամբոխավարութեամբ, յաջորդեց ժողովրդահայրենասիրական ու երջանկայիշատակ Բ. Հանրապետութեան, Սովետ Միութեան ողբերգական ինքնալուծարումին բնական հետեւանքով…։ Այս երրորդը չպահպանեց Բ. Հանրապետութեան մարդկայնական արժեհամակարգը եւ կիրարկեց շուկայական բարբարոսային արժեհամակարգ, իր մենաշնորհներուն բռնատիրութեամբ, եւ վայրի դրամատիրական անյագութեամբ՝ թալանեց ու աւարեց երկրի վերգետնեայ ու ստորգետնեայ հարստութիւնները։ Եւ՝ առաջին իսկ օրէն, Լեւոն Տէր Պետրոսեան երկրի դռները լայն բացաւ օտար կասկածելի ծածկագիտական աղանդներու եւ միլիառատէր Սորոսի ազգաքանդ կազմակերպութեան՝ «բաց հասարակութիւններ» կոչուածին առջեւ, քաջալերելով հակառուսական արեւմտաթրքական ապազգային արեւելումը եւ տկարացնելով ժողովուրդին հայրենասիրական ու համահայկական ոգին, եւ՝ յանգեցաւ վերջին պարտութեան։
Վերականգնումի երկու անշրջանցելի նախապայմաններն են. Համահայկական Ոգիին վերականգնումը՝ վերջ դնելով մենաշնորհներուն, մենիշխանութեան եւ մենատիրական ազգակործան հիւանդութիւններուն, եւ որդեգրումը՝ ռուսական-արեւելեան արեւելումին։
Արեւելահայաստանի դիմագրաւած բազմակողմանի ճգնաժամէն տարբեր չէ այն աննախընթաց համապարփակ ճգնաժամը զոր կ՚ապրի Լիբանանը, եւ ուրեմն՝ լիբանանահայութիւնը այսօր։
Հոս եւս, ճգնաժամը 30 տարիներու վայրի դրամատիրական համակարգին ազգակործան քաղաքականութեան հետեւանքն է, յաւելեալ ըլլալով՝ հետեւանքը ԱՄՆ-ի, Սիոնիզմի եւ Սէուտ Արաբիոյ, Լիբանանի դէմ շղթայազերծած սովամահութեան պատերազմին։ Հոս եւս երկրի ձախողած համակարգին արմատական փոփոխութեան հրամայականը կայ, յաւելեալ ըլլալով՝ լիբանանահայութեան ներհայկական կեանքին մէջ տիրող ժխտական ու ջլատիչ երեւոյթներու վերացման հրամայականը։
Լիբանանի հի՜ն ու ձախողած թայֆէական-վայրի դրամատիրական համակարգին փոխարէն, որդեգրումը՝ լայիք եւ իրաւ դեմոկրատական համակարգի մը, որուն մէջ լիբանանահայ յարանուանութիւնները ճանչցուին որպէս ՄԷԿ ազգային փոքրամասնութիւն՝ իրեն յատուկ իրաւունքներով, որուն գոյատեւութեան ու հզօրացման համար կարեւոր նշանակութիւն ունի, որ անոր լճացման եւ ներուժի ջլատման պատճառ եղող ներկայ կացութաձեւին՝ իր ազգային նեղ խոզակին մէջ մեկուսանալու, հոն տիրող մենիշխանութեան, մենաշնորհեալ կարգավիճակի եւ գործելաձեւի եսակեդրոն հատուածական ու հակահամահայկական քաղաքականութեան եւ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան հանգամանքին սեփականացումին վատառողջ փորձերուն փոխարինէ՝ Լիբանանին համարկուելու եւ ներհայկական գետնի վրայ, համահայկական ոգիով հաստատուած, լայնախոհութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան ու ազգային համերաշխութեան նոր յարաբերութեանց դրուածք մը…։
Այդ նոր դրուածքին համար, անհրաժեշտ է լիբանանահայութեան բոլոր ուժերուն միջեւ ստեղծել՝ խորհրդակցութեան եւ համագործակցութեան ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ մը, որ պիտի ձգտի ստեղծելու՝ լիբանանահայութեան այլընտրանքային նոր ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ մը, որ ըլլայ ճշմարտապէս ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ՝ լիբանանեան հասարակութեան մէջ, վերջ տալով մեր յարանուանական, քաղաքական ու կուսակցական բաժանուածութեան, որ մեզ կը տկարացնէ մինչեւ այսօր…։
Ցարդ, լիբանանահայութեան մէջ Համահայկականութեան Ոգին ստեղծելու բոլոր անհատական ու հաւաքական փորձերը ունեցած են ասուպային տեւողութիւն, եւ հետեւաբար՝ վիժած են։
Անհատական փորձերէն յիշատակելի են Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ Արմէն Դարեանի փորձերը։ Անդրանիկ Ծառուկեանի «ՆԱՅԻՐԻ»ն ազատ բեմն էր անխտիր բոլոր գրողներուն ու մտաւորականներուն հասանելի։ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հիմնադիրներէն Արմէն Դարեան, միաժամանակ խորհրդատուն էր Համազգայինի Գասպար Իփեկեան թատերախումբին, եւ խմբագիրը՝ ՌԱԿ-ի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «ՇԻՐԱԿ»ի։
Հաւաքական փորձերէն յիշատակելի են Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը, թէ իր Լիբանանի մշակութային, ընկերային ու քաղաքական կեանքին համարկուելու քաղաքականութեամբ (որպէս հայապահպանումի եւ Հայ Հողային Դատի հետապնդումի արդիւնաւէտ միջոց) եւ թէ՛ իր սկզբունքային մերժումովը ամէն տեսակի խտրականութեան ու հատուածականութեան նեղ մտահորիզոնին, որ ոչ միայն համահայկական է, այլեւ՝ համամարդկայնական։
Ապա նաեւ՝ Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութիւնը, որուն անդամակցած էին հայկական բոլոր հոսանքներուն կողմնակից համալսարանաւարտներ, որուն մէջ համահայկական ոգիով ու տեսլականով կը գործակցէին բոլորը՝ արհեստավարժ մակարդակով համահայկական ձեռնարկներ կազմակերպելով։ ԼՀՀՄ-ը հիմնուած էր 1971 թուին, յատուկ պետական արտօնագրով, խումբ մը համահայկական տեսլական ունեցող համալսարանաւարտներու կողմէ, եւ ոչ թէ՝ աւանդական կուսակցութիւններու կամ մշակութային միութիւններու։ Եւ՝ Լիբանանի ներքին պատերազմին, անոր կեդրոնատեղին ինկաւ պատերազմական գօտիի մէջ, թալանուեցաւ եւ աւերուեցաւ, եւ անդամներու մէկ մասին արտագաղթով ալ տկարացաւ եւ ի վերջոյ դադրեցաւ գործելէ, երկու-երեք տարի եւս քաշքշելով իր գոյութիւնը Հայկազեան Գոլէճի շէնքին մէջ։ Դադրեցաւ գործելէ՝ 6-7 տարիներու ընթացքին իրականացնելով համահայկական մնայուն գործեր, նաեւ՝ Սովետ Հայաստանի մէջ…։
Տարբեր հոսանքներու պատկանող անհատներու համահայկական հաւաքական ճիգին ծնունդն էր նաեւ Արեւմտահայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը, որ Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութեան եւ Սուրիոյ անուղղակի նեցակցութեամբ, ծաւալեց Հայ Հողային Դատին զինեալ քարոզչութիւնը միջազգային հարթակի վրայ, տալով տասնեակ նահատակներ, նաեւ՝ ճակատելով Թուրքիոյ բանակին հետ (Անգարայի օդակայանին եւ Փարիզի թրքական դեսպանատան մէջ)։ Սակայն, զուրկ մնալով հայկական պետական եւ կուսակցական նեցուկէ, դադրեցաւ։ Ան յաջողեցաւ կազմակերպել Հայկական Առաջին Համագումարը՝ Փարիզի Nikko պանդոկին մէջ, ուր ելոյթ ունեցաւ, գլխաւորաբար, Վերապատուելի Գառնուզեան, Դոկտ. Փրոֆ. Վահագն Տատրեան, արձակագիր Գէորգ Աճէմեան, Մեթր Ժագ Ճախեան, ֆինանսագէտ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան եւ Հայր Անդրանիկ Կռանեան։
Լիբանանէն եւ Սուրիայէն ծնունդ առաւ՝ Համահայկական տեսլականով, անհատ մտաւորականներու համասփիւռքեան մասնակցութեամբ, Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսի (ՏԱՀՔ) Ծրագիրը, որուն առաջնորդ դէմքերէն էին՝ բժշկապետ Ռոպեր Ճեպեճեան, Դոկտ. Մեթր Ռուբէն Պօղոսեան, Մեթր Գ. Տէրտէրեան, ճարտարագէտ Վարուժան Սալաթեան, սրտաբան Գէորգ Թեմիզեան, եւ բանաստեղծներ Վահէ-Վահեան ու Գալուստ Խանենց, եւ որուն յարեցան պատմագէտներ Դոկտ. Արթիւր Պէյլէրեան ու Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան։ ՏԱՀՔ-ի նպատակն էր, համահայկական գործակցութեամբ, ստեղծել՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը ներկայացնող կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցը, որ կը պահանջուէր Միջազգային Հանրային Իրաւունքէն, որպէսզի Տարագիր Արեւմտահայութեան անունով, միջազգային ատեաններէն պահանջէր Արեւմտահայաստանի ազատագրումը։ ՏԱՀՔ-ի նախաձեռնողները դիմեցին աւանդական կուսակցութիւններուն եւ համազգային կազմակերպութիւններուն, որպէսզի որդեգրեն այս Ծրագիրը եւ մասնակցին ՏԱՀՔ-ի կազմակերպումին։ Սակայն, անոնց կոչերը մնացին ձայն բարբառոյ յանապատի՝ 30 տարիներ ամբողջ…։ Համահայկական Ոգին մնաց անհասանելի…։
Այդ Ոգին ունեցաւ պարագայական անցողիկ արտայայտութիւն մը Լիբանանի մէջ. Մեծ Եղեռնի 60-րդ տարելիցի ոգեկոչման համար միայն։ 1975 թուին կազմուեցաւ՝ երեք կուսակցութիւններէ եւ չորս մշակութային միութիւններէ, Ոգեկոչման Համազգային Մարմինը։
Կ՚երեւի թէ՝ Հայութեան անմիաբանութիւնը վերջ կնայ գտնել միայն այն ժամանակ, երբ աշխարհ վերջնապէս խաղաղի… որուն հասանելիութիւնը նոյնքան հեռաւոր է, որքան Հայութեան Միաբանութիւնը, քանի որ մեր եկեղեցւոյ «Տէր, Ողորմեա…» աղօթքը Աստուծմէ կը խնդրէ.
Տուր՝ աշխարհիս խաղաղութիւն
Ազգիս հայոց՝ սէր, միութիւն…։
Գոնէ Լիբանանի մէջ, Հայութեան խորհրդակցութեան եւ համագործակցութեան համահայկական հարթակը պիտի կարենա՞նք ստեղծել…։
Առանց Համահայկական Ոգիին՝ չկայ Հայրենասիրութիւն։
Առանց Հայրենասիրութեան՝ չկայ Գոյատեւում…։
Comentarios