Ինչե՜ր տեսանք 2020 թ.ին եւ դեռ ինչե՜ր պիտի տեսնենք երբ թեւակոխենք 2021 տարին
Անսպասելի իրադարձութիւններ՝ արդյունք դաւաճանական քաղաքականութեան, կործանում, մահ և ցավ բերեցին Լիբանանի, Արցախի և Հայաստանի քաղաքացիներին։

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ
4 Օգոստոս 2020 թ.ի երեկոյեան, հազիւ վերադարձած Պէյրութի նաւահանգիստին 300 մեթր հեռաւորութեան գտնուող յարկաբաժինս՝ ամառնային մարզական հանդերձանքով թռայ դէպի գեհեն եւ հրաշքով ետ վերադարձայ…։ 6 մեկաթոն «Պէյրոշիմա» պայթիւը, «Ամոնիում Նայթրէյթ»ի մահասփիւռ առեւտրականներու կողմէ ամբարուած՝ կարծես թէ երկինքէն թռչող սաւառնակներու կողմէ կը հարուածուէր՝ անտուն ձգելով 300 հազար լիբանանցի։
Արիւնլուայ դուրս գալով, տան քարուքանդ եղած կահ-կարասիներու եւ անդր-մոլորակային թռիչքներ կատարած դռներու եւ պատուհաններու կոյտին տակէն՝ շունչ կը քաշեմ արդէն փոշիներու տակ թաղուած շէնքին սանդուխներուն վրայ։ Օգնութեան փութացած հրշէջ զինուորականի մը կը խնդրեմ «Կարմիր Խաչ»ի փրկուած տուփին պարունակութեամբ սրբել ու փորձել կանգնեցնել գլուխէս եւ արմուկէս կաթկթող արիւնը։ Ապա, այս դժբախտ երեկոյին մէջ դարձեալ կը խնդրեմ զիս նկարել ձեռքի smartphone-ով, եւ անմիջապէս կ’ուղարկեմ Դիմատետրի միլիոնաւոր հետեւորդներուն, դարձեալ հրաշքով գործող համացանցի ալիքներով։
Ստանալով ազդանշանը, հաւատարիմ ընկերս օգնութեան կը հասնի համակ խաւարի մէջ՝ զիս տեղափոխելով «Ալ-Արզ» հիւանդանոց, ուր վէրքերս կը կարեն՝ մինչ փակին մէջ դիակներ ելումուտ կ’ընեն…։ Ապա ժամանակաւոր կեցութեան պանդոկ, կեանքը շարունակելու…։
Առաւօտեան արդէն ահաւոր աղէտին եւ նոյնքան ահաւոր լուսանկարիս արձագանգը տակնուվրայ կ’ընէ ծանօթն ու անծանօթը։ Ամէն կողմէ կը փութան օգնութեան։ Լիբանանցի երիտասարդ ու գեղադէմ խիզախ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, երկրին չորս ծագերէն ժամանած, բահ ու բրիչ ձեռքերնին, կը սկսին մաքրել աւերուած տուներն ու յարկաբաժինները, դարմանել վիրաւորներուն վէրքերը, մխիթարելով զոհուածներուն հարազատները…։ Գործի կ’անցնին նաեւ Լիբանանեան բանակն ու Անվտանգութեան ուժերը։ Մայր Հայրենիքի հեռատեսիլի 5-րդ ալիքը «ուղիղ եթերով» հարցազրոյցներ կը կազմակերպէ Լիբանանի հայ աղիտեալներուն հետ։ Նոյնիսկ ազատատենչ Արցախէն եւ Հայաստանէն խորհրդանշական օգնութիւններ կ’առաքուին Պէյրութ։ Առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի տնտեսական բարդ ճգնաժամէն, պսակաձեւ ժահրէն, զանգուածային բողոքի ցոյցերէն ետք, կը զգանք մենք արդէն կարիքի մէջ գտնուող Սփիւռքի երբեմնի մայրաքաղաքին հայերը՝ աշխարհասփիւռ մարդկութեան կարեկցանքին եւ օգնութիւն հայցելու շունչը…։
Արդէն ամիս մը ետք, տարիերէ ի վեր նախապատրաստուող Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի «ռազմավարական դաշնակից»ին կողմէ միլիառներով գեր-արդիական զէնք-զինամթերքով հայթայթուած՝ 21-րդ դարու պատերազմ կը վարէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ։ Ներքին «թաւշեայ» պառակտումներով թուլացած, մանկա-պատանեկան հայհոյանքի եւ պառակտման «ռազմավարութիւն» յառաջ տանող «անյայտ» մանկլաւիկներու վարչակարգ մը՝ խայտառակ պարտութեան կը մատնուի՝ 120 միլիոն թրքազգի, թիւրքմէն վարձկան, հայութեան դաւաճան «եղբայրական-դրացի» պետութիւններու եւ ներքին «խաֆիէ»ներու դաւերով։
Տասնամեակներով Սփիւռքն ու Մայր Հայրենիքը թալանած նախկին ու ներկայ իշխանութիւնները, որոնք նոյնիսկ նախարար մը (ՀՀ երբեմնի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանէն զատ…) կամ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր մը Սփիւռքէն չէին հրաւիրած՝ միայն «փող ունե՞ս»ի կովկասեան խաչագողի հոգեբանութեամբ։ Այնպէս որ կը կորսնցնենք Լիբանանի չափ ազատագրուած տարածք, մետասաներորդ ժամուն ռուս խաղաղապահ զօրքերու միջամտութեամբ կը փրկուի շուրջ 2300 քառ. քլմ. արցախեան տարածք, մայրաքաղաք Ստեփանակերտով։ Աւելի քան 6000 հայ երիտասարդի կեանք կը դրուի զոհասեղանին։ Աւելին, անյայտ պայմաններով զինադադար մը, արդէն իսկ Սիւնիքի եւ Զանգեզուրի տարածքներէն կը զիջի թշնամիին։
1977-էն ի վեր, Երեւան-Շուշի-Ստեփանակերտ-Մարտակերտ-Հադրութ «ջուրի ճամբայ» ըրած մեծ հազարումէկ քաղաքական, ռազական, մշակութային այցերը, անվերջանալի ժապաւէնի նման կ’անցնին մեր յիշողութենէն։ Դարձեալ ցեղասպանութեան վտանգը, ինչպէս 1915-1918 թթ.ն կախուած է հայ ժողովուրդին ճակատագրին վրայ։ Առաւել եւս, պատերազմի 44 օրերը, Հիւսիսային Սուրիոյ մեր քիւրտ եղբայրներուն ուղարկած մանրամասն տեղեկութիւնները թիւրքմէն եւ ՏԱԷՇ-ի վարձկաններուն մասին՝ որոնք փոխանցեցինք Արցախի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններուն՝ հիասթափեցուցին բոլորը։ Սակայն, արդէն իսկ հայ ժողովուրդը կամաց-կամաց ոտքի կ’ելլէ, Քորոնա ժահրի ահաւոր պայմաններուն մէջ՝ վերականգնելու Ամենայն Հայոց Հայրենիքի, փրկութեան ճակատի ստեղծումով, դարձեալ կերտելու գալիք 2021- թ.ին նոր սերունդներուն համար։
Comments