Իրաքեան Քիւրտիստանի ծաղկող եւ բարգաւաճող Տհոքի, Զախոյի, Հաւրէզի, Աւզրուկի հերոսածին հայերը
Անհետացող եւ վերածնող Միջին Արեւելքի հայ գաղթօճախներ...
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
21-րդ դարու առաջին կէսին արդէն՝ Միջին Արեւելքի երկիրները անվերջանալի ռազմա-քաղաքական հրդեհներու, կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու զանգուածային տարագրութեանց ժամանակաշրջան մը կ՚ապրին: Եգիպտոսի, Յորդանանի, Պաղեստինի, Սուրիոյ, Լիբանանի երբեմնի հզօր գաղթօճախները բաւականին նօսրացած են եւ տարտղնուած, մինչ Իրաքեան Քիւրտիստանի 3000 բնակիչ հաշուող հայերը՝ Սատտամ Հիւսէյնի բռնի չէզոքացումէն եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի ինքնավար շրջանի ստեղծումէն ետք, Էրպիլ մայրաքաղաքով՝ ազգային թէ կրօնական, մշակութային եւ տնտեսական փայլուն իրավիճակի մէջ են: Հայասէր Պարզանիներու վարչակարգին ու եւրոպական երկիրներու, ամերիկահայերու օժանդակութեամբ՝ կառուցուած են եկեղեցիներ՝ Էրպիլի Սուրբ Խաչ, Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, Հաւրէզի Սուրբ Սարգիս, Աւզրուկի Սուրբ Վարդան հոգեւոր տաճարները, որոնց կողքին մշակութային-ազգային հաւաքատեղիներով եւ ակումբներով: Մինչ ամէնէն հին՝ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, որ 101 տարի յետոյ վերստին կառուցուեցաւ Հունգարական կառավարութեան օգնութեամբ, վեր բարձրանալով այն տարածքին վրայ՝ որ նուիրած էր հայ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու մեծ բարեկամ, ցեղասպանութենէն փրկող, հանգուցեալ Մուհամմատ Շամտին Աղա, քիւրտ ժողովուրդին հայ զաւակը:
Լիբանանի մէջ այն ժամանակուան Իրաքի ծագումով քիւրտ դեսպան Օմար Պիրզինճիի եւ Իրաքի Խորհրդարանի Ասորեստանեան Համախմբումի ղեկավար Եոնատամ Բեննէի միջնորդութեամբ՝ 2013 թուականի Մարտին վայրէջք կատարեցինք մայրաքաղաք Էրպիլի նորակառոյց միջազգային օդակայանը, որուն կողքին կը գտնուէր ԱՄՆ-ի ղեկավարած միջազգային ռազմական խմբաւորման օդային խարիսխը Իրաքի մէջ: Օդակայանին մուտքին, մեզի կը դիմաւորէր Իրաքեան Քիւրտիստանի Խորհրդարանի անդամ, քաղդէացի նշանաւոր քաղաքական գործիչ Սելիմ Թոմա Գագօն, որ մեր յետագայ 18 այցելութիւններու ընթացքին այս ազատատենչ լեռնաշխարհը պիտի ըլլար բոլոր այցելութիւններու եւ «փակ» դարպասներու բանալին եւ կարգաւորողը: Նաեւ, քրիստոնէական հսկայ թաղամաս Այնքավայի մէջ գտնուող, ծագումով Պասրայի քաղդէացի Վեհիպ Կապպարային պատկանող «Քառլովի Վարի» շքեղ պանդոկը պիտի ըլլար մեր կեդրոնատեղին, մանաւանդ Էրպիլի Հայկական մշակութային եւ Ընկերային Միութեան բազմաթիւ այցելութիւններու եւ անթիւ յօդուածներու պատրաստման՝ «ԻՇԹԱՐ» արբանեակային հեռատեսիլի կայանին շնորհած հարցազրոյցներու՝ շնորհիւ հիմնադիր, ազգային բարերար Սարգիս Աղաճանի եւ կայանի տնօրէն Ռազմիկ Մուրատեանի: Թէեւ այն օրերուն չկար հայ եկեղեցի, սակայն Պաղտատէն եւ այլ խռովայոյզ շրջաններէն գաղթած հայերուն ի պատիւ, այն ժամանակուան Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մեսուտ Պարզանի՝ շուրջ 2,5 միլիոն Տոլար նուիրատուութեամբ կառուցել տուաւ Էրպիլի Սուրբ Խաչ փառաւոր եկեղեցին, կողքին Առաջնորդարանով եւ հաւաքավայրով՝ զանազան հանդիսութիւններու նուիրուած: Յետագային, մեր գլխաւոր գործակիցները եղան ծագումով Զախոյէն՝ Արտաշէս Շահին, Շանթ Մուրատեան, նշանաւոր հեռատեսիլի լրագրող Շիմոն Մաթթի, նախարար եւ խորհրդարանի անդամ, բազմիցս Հայաստան այցելած Քիւրտիստանի Համայնավար կուսակցութեան նախագահ Քավա Մահմուտ, վարչապետ Նուճրիվան Պարզանիի գրասենեակի տնօրէն, Քայֆի Ապտալլա, «Շլօմ» Ասորական Միութեան ղեկավարութիւնը եւ ուրիշներ:
Թէեւ Իրաքի ամէնէն գեղեցիկ եւ արդիականօրէն վերակառուցուած քաղաք Տհոքը բաւականին հեռու էրպիլէն, սակայն շուրջ 17 անգամ մեր այցելութիւնը լայն կապեր ստեղծեց եւ լոյս սփռեց նաեւ Տհոք մերձակայ Հաւրէզի եւ անոր առիւծասիրտ կառավարիչ Մուրատ Վարդանեանի եւ իր ինքնապաշտպանական ջոկատին մասին, որ 2014-2015 թուականներուն քաջաբար հայկական եւ ասորական գիւղերը պաշտպանեցին «Իսլամական Պետութիւն» կոչուած ոճրագործներէն: Այցելեցինք նաեւ Աւզրուկ, շնորհիւ բժշկուհի Սեդային օգնութեան՝ ուր ծնած է Իրաքեան Քիւրտիստանի առաջին հայ խորհրդարանական, Մուսթաֆա Պարզանիի զինակից Արամ Շահին Բակոյեան, որուն հետ ծանօթացանք մեր առաջին հանդիպման ընթացքին՝ Էրպիլի մէջ:
Մինչ Տհոքի ականաւոր հայ դէմքերն էին խորհրդարանական, հայկական Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ եւ «Արարատ» դահլիճի ճարտարապետ, Մեծ Եղեռնի յուշարձանի կառուցող Երուանդ Ամինեան, իսկ Տհոքի հոգեւոր Հայր, խիզախ Մասիս քահանայ Շահինեան, կողքին գտնուող Առաջնորդարանի շէնքն ու հիւրասրահը վերածեց կարեւոր հիւրերու եւ պատուիրակութիւններու ընդունման դահլիճի՝ Մեծ Բարերար, Իրաքեան Քիւրտիստանի տնտեսութեան երբեմնի փոխ-նախարար, 16 «Աղաճանեան» գիւղերու կառուցող, 1990-91-ի Իրաքեան-Ամերիկեան պատերազմէն եւ Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգի անկումէն ետք:
Հռչակաւոր անձնաւորութիւն էր արաբախօս եւ քրտախօս, Տհոք Համալսարանի քրտերէնի ու պատմութեան դասախօս՝ Վարդգէս Սարգիսեանի հետ բազմաթիւ հանդիպումները՝ ուր նշեց, թէ այս շրջանի հայերը ծագումով Վանէն եւ Սասունէն են, այնտեղ բնակեցուած ինչպէս 1915 թ.ին Մեծն Մուհամմատ Շամտին Աղային կողմէ, փրկուելով «Երիտասարդ Թուրք» բորենիներուն կոտորածներէն՝ նաեւ Լեւոն փաշա Շաղոյեանի կողմէ՝ անգլիական տիրապետութեան շրջանին՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք:
Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի այցելեցինք բազմիցս՝ Հայր Արթուն Խալաթեանի, Մուսուլի եւ ապա Զախոյի հոգեւոր հովիւ Տէր Առաքելի, իսկ ապա՝ Մուրատ Վարդանեանին հետ, պատիւն ունեցանք հիւրընկալուելու Զախոյի հայոց փրկիչ՝ Մուհամմատ Շամտին Աղայի ծոռան Սաատ Շամտին Աղա Սուլէյֆանիի ապարանքին մէջ, կարեւոր հարցազրոյց մը իրականացնելով՝ որ տպագրուեցաւ աշխարհատարած Սփիւռքի զանգուածային լրագրութեան օրկաններուն եւ … Մեծն Շամտին Աղային յիշատակին նուիրուած հատորեակին էջերուն վրայ՝ քրտերէնով եւ անգլերէնով: Հետաքրքրականը ա՛յն է սակայն, որ մեր անթիւ յօդուածներն ու հարցազրոյցները, հայրենի «Շանթ» հեռատեսիլային կայանին շնորհած տեսաերիզային հանդիպումը դուռ բացաւ որ Մայր Հայրենիքէն Իրաքեան Քիւրտիստան ժամանեն նախ աւազակաբարոյ «գանձ փնտռող» անձինք, ապա եւ «յանկարծ» որոշուեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարան մըն ալ բանալ Էրպիլի մէջ: Բացումը կատարուած օդանաւային թռիչքները հարիւրաւոր ասորի, հայ, քիւրտ զբօսաշրջիկներ բերին Հայաստան, մինչ տնտեսական գործարքները թափ առին երկու երկիրներու, Հայաստանի եւ Իրաքի, Իրաքեան Քիւրտիստանի միջեւ…: Անշուշտ, ինչպէս միշտ, «Հայաստանեան» մտածելակերպով եւ «գլուխ գովելութեամբ» այս ամէնը որ իրագործուեցաւ՝ Երեւանի «հանճարե՜ղ» անձանց նախաձեռնութեամբ համարուեցաւ:
Comments