Սատանաների հետ կարելի չէ պարել՝ երբ առանձին ես այս վայրագ դարձած աշխարհին մէջ...
Պելառուս այսօր ահաւոր ճնշումներու եւ գայթակղութեանց տակ է կարծեցեալ «ժողովրդավարութիւն» ընդունելու:
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ
Մեր երկրագունդը շատ վտանգաւոր օրեր կ’ապրի այս օրերուն։ Ամէնուրեք պատերազմներ կամ պատերազմի վտանգներ քորոնաժահրի անսանձելի համաճարակ։ Զանգուածային բնաջնջման զէնքերու հասանելիութիւն՝ արիւնախում ոճրագործներու, ահաբեկիչներու եւ մահուան վաճառականներու ձեռքը՝ որոնք յանուն ոսկիի, պատրաստ են բնաջնջել հազարաւոր մարդիկ եւ քարուքանդ ընել բնակավայրեր։ Անոնցմէ վերջին սարսափազդու օրինակը Պէյրութի նաւահանգիստին պայթիւնն էր, որ մի քանի վայրկեանի ընթացքին խլեց հարիւրաւոր մարդոց կեանքը, հիւանդանոցներ ղրկեց հազարաւորներ եւ անտուն դարձուց 300.000 խաղաղ ազգաբնակիչ...։
Այսօր՝ շինծու յեղափոխութիւններ կը փոթորկեն բոլոր ցամաքամասերը խաղաղ եւ ստեղծագործ կեանքով ապրող Պելառուսի ժողովուրդը, որ ծանր եւ թեթեւ արդիւնաբերութեամբ, երկրագործութեամբ եւ քաղաքաշինութեամբ ինքնաբաւ կեանք մը կ’ապրէր՝ արդէն իսկ մղուած է պարելու սատանաներու հետ...։ Օգտուելով երկրին ղեկավար Լուքաշենքոյի մենատիրական որոշ զեղումներէ, մոռնալով որ Պելառուսը տարիներ շարունակ զերծ մնաց Եուկոսլաւիոյ եւ Ուքրանիոյ քաղաքացիական պատերազմներէն եւ աւերածութիւններէն՝ հրահրուած Արեւմուտքի սադայելակերպ որոշ անձնաւորութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ՝ Պելառուս այսօր ահաւոր ճնշումներու եւ գայթակղութեանց տակ է կարծեցեալ «ժողովրդավարութիւն» ընդունելու։
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի միլիոնաւոր նահատակներ տուած եւ փարթիզանական պատերազմով ու Ռուսիոյ խորհրդային ժողովուրդներու անվերապահ աջակցութիւն ստացած այս ճարտարարուեստական երկիրը՝ այսօր կը գտնուի վտանգաւոր անկիւնադարձի մը վրայ։ Երկրի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին Լուկաշենքոյի «հաճոյանալու» փորձը Արեւմուտքին իբր թէ ռուս «լրտեսներ» ամբաստանելով, աւելի սրեց երկիրը կազմաքանդ ընելու «ժողովրդավար» սորոսական մաքիավելներու ախորժակը։ Քարոզչական հսկայական ապատեղեկատուութիւն, երկիր ղեկավարելու իբր թէ ատակ նոր «հերոս»-«հերոսուհիներ», իբր թէ խաղաղ ցոյցերով բռնատիրութիւնը տապալելու փորձեր, որոնք կրնան առաջնորդել քաղաքացիական պատերազմի, անթիւ զոհերով, երկրի մասնատմամբ։
Տարիներ առաջ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ հիմնադրամի ծիրէն ներս՝ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցան Խ. Միութեան նախկին հանրապետութիւններու հանրայայտ լրագրողներու խորհրդաժողով, վերապատրաստման կարճատեւ դասընթացքներ, Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի այն ժամանակուան դեսպան Սայիտ Իմամի կարգադրութեամբ, պատիւն ունեցանք Մայր Հայրենիքը ներկայացնելու այդ բացառիկ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին Խ. Միութեան 15 հանրապետութիւններէն ժամանած, այժմ անկախ պետութիւններու լրագրող-լրագրողուհիներ։ Աւարտական վկայականներու բաշխման հանդիսութեան՝ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ (ապա Հայաստանի մէջ դեսպանութեան Ա. քարտուղար) Եուրի Լազեպնիք հետեւեալ «սրտի խօսքը» ըսաւ մասնակիցներուն. «70 տարի եղբայրաբար ապրեցանք հզօր Խ. Միութեան մէջ։ Յաղթեցինք ցեղասպան նացիստական Գերմանիոյ։ Վերստին կառուցեցինք մեր երկիրը, դառնալով երկրագունդի հզօրագոյններէն։ Այսօր, Եգիպտոսի կառավարութիւնը, որպէս շնորհակալական ջերմ արտայայտութիւն՝ 20-րդ հազարամեակին այդ չքնաղ երկիրը ոտքի կանգնեցնելու համար՝ այստեղ հաւաքած է բոլորս՝ յիշեցնելու համար թէ մենք եղբայրներ ու քոյրեր էինք, սահմաններ չունեցող 15 հանրապետութիւններս, եօթ տասնամեակ շարունակ։ Մենք սակայն լսեցինք Արեւմուտքի չարանենգ խառնակիչներուն «յորդոր»ները, դուռ բանալով ազգամիջեան կոտորածներու, պատերազմներու, ատելուըեան իրար հանդէպ…»։
Դժբախտաբար սակայն, քանի մը տարի ետք, Ուքրանիա, որ կը համարուէր Եւրոպայի «հացի զամբիւղ»ը, որ միլիոնաւոր նահատակներ եւ հաշմանդամներ տուաւ Հայրենական Մեծ Պատերազմին՝ զայն ազատագրելու համար նացիստական հորդաներէն՝ բաժան-բաժան եղաւ, եղբայրասպան բախումները անթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ խլեցին, գիւղեր եւ աւաններ ալ հիմնայատակ կործանեցին։ Չարաբաստիկ «մէյտան»ը հրոյ ճարակ դարձուց նաեւ չքնաղ Քիեւի լաւագոյն շինութիւնները։ Այո՛։ Սատանաներու հետ պարը Ուքրանիան հասցուց կործանման եւ վերացման եզրին։
Հայաստանի մէջ 2018 թ. տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը իբր թէ ապականած եւ կաշառակեր իշխող վարչակարգին դէմ՝ իշխանութեան բերաւ անփորձ, շատախօս ու գործնական ոչ մէկ ծրագիր յաջողութեան հասցնող արեւմտամէտ նորելուկ փաղանգ մը, որ անկարող եղաւ լուծելու որեւէ ճակատագրական հարց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ աշխարհատարած Սփիւռքի համար։ Այսօր կարելի չէ առանձին մնալ, վայրագ թշնամիներով շրջապատուած Կովկասի մէջ, երբ ամէն մէկ սխալ քայլ կամ արտայայտութիւն՝ կրնայ առաջնորդել դէպի արհաւիրքներով լի անյայտ ապագայ։
コメント