top of page

Սուրիան այսօր

Թրքական, իսրայէլեան, ամերիկեան հրասայլերով, անօդաչու սարքերով, ռազմական ինքնաթիռներով իշխանութեան եկած Իսլամական Պետութեան երէկի դահիճները բաժան-բաժան ըրին հսկայական Սուրիան:



ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ – Հալէպ – Ղամիշլի – Հասսաքէ – Դամասկոս (հեռախօսով)


ՌԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՓ ԷՐՏՈՂԱՆ – Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ

– Այն նահանգները, որոնք Հալէպ, Ըտլըպ, Ռաքքա կը կոչենք՝ կրնան դառնալ մեր նահանգները, ինչպէս օրինակ Այնթէպ, Հաթայ, Ուրֆա…


ՍԱԼԵՀ ՄՈՒՍԼԻՄ – Քրտական «Ժողովրդավարական Միութիւն» կուսակցութեան համա-նախագահ, ականաւոր ղեկավար

– Մեր խնդիրը Ճոլանիի կառավարութեան հետ չէ միայն՝ այլ Էրտողանի արիւնախում վարձականներուն հետ, որոնք ինչպէս մօտիկ անցեալին, հիմա ալ կոտորածներ սարքեցին եւ պատրաստ են բնաջնջել բոլորը…»:


«ՊԻՊԻ» ՆԱԹԱՆԻԱՀՈՒ – Իսրայէլի վարչապետ

– Մենք կարողացանք քանի մը ժամուան մէջ քարուքանդ ընել Սուրիոյ բանակին ամբողջ հզօրութիւնը, հրթիռային պահեստները, ռազմական ինքնաթիռներուն 80 տոկոսը: Մեր նպատակն էր որ յետագայ տասնեակ տարիներու ընթացքին ոչ ոք չկարողանայ Սուրիայէն մեր վրան յարձակիլ: Կոլանի բարձրունքները գրաւեցինք ու երբեք դուրս պիտի չգանք այն տարածքներէն:



ԼԷՅՍ ՄՈՒՖԹԻ – Սուրիացի հռչակաւոր դերասան, բեմադրիչ, մտաւորական

- «Սիրելի եղբայրս Ահմատ ըլ-Շարհ (Ճոլանի), նախ կը շնորհաւորեմ ձեր իրագործած ազատութեան համար պայքարին եւ յեղափոխութեան յաղթանակին համար: Մենք ուրախ ենք սակայն միաժամանակ՝ վախցած: Քեզմէ ու կողմնակիցներէդ կը խնդրենք որ Իսլամական Պետութեան չվերածէք Սուրիան: Ձեր կառավարութեան մէջ նորաստեղծ մշակոյթի նախարար չկայ…: Սուրիան հազարամեակներու մշակոյթ ունեցող երկիր է, ժողովուրդը կեանք սիրող, արարող, ապագային հանդէպ միշտ լաւատես: Իսլամական պետութիւն ստեղծելու պարագային՝ երկրէն փախուստ պիտի տայ մեր մտաւորական, մշակոյթի եւ արուեստներու արարող սերուցքը՝ երկիրը մխրճելով խաւարի մէջ»:


ԱՔՔԱՏ ՀԱՆՆԱ – Ասորական «Սութորօ» ռազմական ոստիկանութեան խօսնակ, «Սուրիական Դեմոկրատական Ուժեր»ու անդամ, Քամիշլի

- «Կանխելով Քամիշլիի զինուորական միջազգային օդակայանին գրաւումը Թուրքիոյ վարձկաններուն կողմէ, մեր ուժերը, «Սուրիական Դեմոկրատական Ուժեր»ու գլխաւորութեամբ, որուն շարքերէն կը կռուին քիւրտ, ասորի, արաբ, հայ, եզիտի ռազմիկներ՝ տէր դարձանք օդակայանին, որուն շրջապատը ռմբակոծուած էր Թուրքիոյ կողմէ…: Առաւել եւս, Քամիշլիի «Անվտանգութեան խաչմերուկ» կոչուած Սուրիական բանակի եւ հետախուզութեան կեդրոնները անցան մեր հսկողութեան տակ:



ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ – Լրագրողուհի, գրող, մտաւորական, մանկավարժ – Հալէպ:

- «Բաւական մտահոգուած եւ անորոշ իրավիճակի մէջ յայտնուեցանք այս յեղափոխութեան առաջին օրէն: Սակայն նոր վարչակարգին անդամները ամէն ինչ ըրին որ ցոյց տան, թէ իրենք կը յարգեն քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Հիմա Հալէպը ամէնէն ապահով եւ հանգիստ քաղաքն է: Տեսնենք յետագայի զարգացումները»:


ԱՊՏԸԼ ՍԱԼԱՄ ԱՀՄԱՏ – Հիւսիս Արեւելեան ինքնավար մարզի քիւրտ գլխաւոր ներկայացուցիչ Լիբանանի մէջ:

- «Վերջին քանի մը տարուան ընթացքին, Թուրքիոյ բռնապետ Էրտողան, աւելի քան 85 հազարանոց «յատուկ» բանակ պատրաստեց, կազմուած Սուրիոյ, Իրաքի, Կեդրոնական Ասիոյ, Չինաստանի Թիւրքմէն, Իւզպէք, Ղըրխըզ, Ույկուր ցեղախումբերէն զինուորագրուած վարձկաններէն, որոնք արդէն արիւնալի արհաւիրքներ կազմակերպած էին Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին՝ Իսլամական Պետութեան շարքերէն: Այժմ այդ վարձկան բանակը իշխանութեան բերաւ տխրահռչակ Զարքաուիի եւ Պաղտատիի տեղակալ, «Ժողովրդավար»ի դիմակ հագած Ճոլանին, որ այժմ կը գործէ իր տէրերուն հրահանգներուն համաձայն: Էրտողան իր բանակին ոճրագործներով կը սպառնայ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպային, ուր քանի մը անգամ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարեցին մայրաքաղաքներուն մէջ: Իսկ 2020 թ.ին Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վրայ ռազմական զաւթման օրերուն՝ Ըտլըպէն «վարձակալուածր» հարիւրաւոր թիւրքմէն վարձկաններ, Էրտողանի հրահանգով տեղափոխուեցան Պաքու, ապա ռազմաճակատներ, որոնց մասին օրը-օրն զգուշացուցած էին հայ ռազմական ղեկավարութիւնը…»:


ՖԱՅՍԱԼ ԷՄՔԷՇ – Պաղեստինցի մտաւորական, համալսարանի դասախօս, յառաջդիմական գործիչ, 1948 թ. Իսրայէլեան բռնագրաւած տարածքներէն

- «Թրքական, իսրայէլեան, ամերիկեան հրասայլերու, անօդաչու սարքերու, ռազմական ինքնաթիռներու եւ հազարաւոր արիւնախում վարձկաններու միջոցաւ, Ասատի վարչակարգը տապալած Ճոլանի այժմ զբաղած է, թէ քանի՞ երկարամեայ բանտարկեալներ «անհետացած» են Սետնայայի թէ Մեզզէի բանտերուն մէջ, միաժամանակ հրկիզել տալով 40 տարի Սուրիան պահած-պահպանած նախագահ Հաֆէզ Ասատի շիրիմը՝ Քարտահայի մէջ: Այ անբարոյական, Իսրայէլեան բանակը երկրորդ օրն իսկ գրաւեց 200 քառ. քլմ. Սուրիական տարածք, 40 տարուան ամբարուած զէնքերն ու հրթիռները, ռազմական պահեստները քարուքանդ ըրաւ, բիւրաւոր բանտարկեալներ, որոնք կը տուայտին Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ արաբական այլ բռնատիրութիւններու կալանավայրերուն մէջ՝ բերանդ իսկ չբացիր…:

Իսկ դո՛ւն, անբարոյական տղայ, իբր թէ «Համաս»ի ողջ մնացած ղեկավար Խալէտ Մաշաալ՝ լաւ կ’ըլլայ որ բերանդ փակես եւ լռես, քան թէ հաջես Պաշշար Ասատի վրայ, որ քեզ իր մօտ պատսպարեց եւ քու կազմակերպութիւնդ զինեց եւ ֆինանսաւորեց թշնամի Իսրայէլի դէմ պայքարի ընթացքին:

Այս բոլորը յանգեցուցին Սուրիա կոչուած պետութեան վերացման՝ բաժանման եւ առյաւէտ կորուստին…:


ԿԵՒԱՐԱ ՇԷՅԽ ՆՈՒՐ – Քրտական «ԱՆՀԱ» գործակալութեան ռազմական թղթակից, խմբագիր, մեկնաբան – Հասաքէ:

- «Ժեպհէթ Թահրիր ըլ-Շամ» ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարծ Ճոլանին (Ահմատ ըլ-Շարհ) բաւականին խելացի, փորձուած, խիզախ ռազմա-քաղաքական գործիչ է, որ կարողացաւ համոզել ամերիկացիները եւ Արեւմուտքը՝ որոնք իր գլխուն համար 10 միլիոն տոլար խոստացած էին՝ զինք ֆինանսաւորել, զինել, արտօնել Թուրքիոյ, որ ղեկավարէ այս յարձակումը Սուրիոյ վրայ եւ քանի մը օրէն տապալէ Ասատի օրէն տապալէ Ասատի 40 ամեայ փտած վարչակարգը: Այժմ իր տէրերը 3 ամիս ժամանակ տուած են իրեն, որպէսզի կազմէ հաւասարակշուած կառավարութիւն մը, չվնասէ քրիստոնեայ եւ քիւրտ փոքրամասնութիւններուն եւ դաւանի իբր թէ «ժողովրդավարական» հիմունքներ եւ հասարակարգ: Շուտով, հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ քրտական թէ ասորական, հայկական ղեկավարները, որպէս «Սուրիոյ Դեմոկրատական Ուժեր», հրամանատար Մազլում Ապտիի գլխաւորութեամբ, ֆրանսական եւ ամերիկեան միջամտութեամբ պիտի հանդիպին եւ բանակցին Ճոլանիի նոր վարչակարգին հետ, եթէ վերջինս կը ցանկայ որ «Կեսարի օրէնք» ծանր պատժամիջոցները վերացուին եւ օգնութիւններ տրամադրուին Սուրիոյ տնտեսութիւնը վերականգնելու»:

Comentários


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • X
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Shirak, Verelk, Hai Mamul, Hai Guiank, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

bottom of page