top of page

Դիւանագիտական վտանգաւոր «Իմ Քայլը»

ՀՀ Իսրայելի մէջ դեսպանատան բացումը հարուածի տակ կը դնէ սփիւռքի հայութիւնը եւ Պաղեստինի հայապատկան հողերը։

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


Միջին Արեւելքի մէջ տիրող այս խռովայոյզ օրերուն՝ երբ ԱՄՆի եւ Իսրայէլի սիոնիստ շրջանակները, իրենց արաբ մանկլաւիկ իշխանիկներու հետ փորձեց լուծարել Պաղեստինի ժողովուրդին բազմադարեայ իրաւունքները, բռնագրաւելու միջազգային համաձայնագիրներով հաստատուած հողերը՝ մեր Հայաստանի «Նիկոլական-Սարգսեանական» ղեկավարութիւնը տհաճ անակնկալ մը կը մատուցէ Սփիւռքի հայութեան։ Նպատակը՝ «նուիրագործել» Պաղեստինի ու մայրաքաղաք Երուսաղէմի հայապատկան հողերուն առուծախը եւ յափշտակումը Իսրայէլի կառավարութեան, հողի վաշխառուներու եւ անոնց ստեղծած հայ-հրէական նոր «համայնք»ի վտանգաւոր անձնաւորութիւններու ձեռքով։


Կարծես, թէ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալու պայմաններէն մէկն ալ սիոնիստական պետութեան հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելն էր, ինչպէս իր «հոգեհայր», հրեաներու փեսայ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրօք սկսած շարժումով։ Առաւել եւս, Հայաստանի հանրապետութեան պայծառափա՜յլ նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւոր «նուաճում»ն էր այցելել Իսրայէլ, հոն ալ շարունակելով «համպըրկըր»ներու եւ պաղպաղակներ ճաշակելու իր առօրեան՝ յայտարարելով այդ ոճրագործ պետութիւնը տէր ու տիրական Պաղեստինի զաւթեալ հողերուն, հիմքը դնելով Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան։ Այս բոլորը այն ժամանակ, երբ սիոնական ռազմական արդիւնաբերութիւնը, շուրջ 3 միլիառ տոլարի անօդաչու սարքեր կը վաճառէր Ազրպէյճանին, անոնց հրթիռային համակարգերը կը զինէր նորագոյն «սերունդ»ի տարբերակներով օգտագործելով Հայաստանի եւ Արցախի պետութեանց դէմ ամէն կարգի ռազմա-օդային յարձակումներու մէջ։ Իսրայէլեան «տրոն»ի մը վար առնուիլը Խաչատուրով հերոս-զօրավարի ռազմիկներուն կողմէ՝ 30 միլիոն տոլարի վնաս պատճառեց ազերի-իսրայէլեան համագործակցութեան, որ աւելի լայն թափերով ընթացաւ նոր վտանգներ նախապատրաստելով Հայաստանի դէմ՝ ընդհուպ մինչեւ Մեծամօրի աթոմակայանի ռմբակոծումը՝ որուն մէջ մե՜ծ փորձ ունին իսրայէլացիք՝ երբ անցեալ դարու 70-ական թուականներուն ռմբակոծեցին Իրաքեան աթոմական ուսումնասիրութեան կեդրոնները Պաղտատի մօտ՝ որուն զոհ գացին նաեւ ֆրանսացի գիտնականներ։


Հայաստանի տհաս դիւանագէտները երբեք չուզեցին յարգել 2500 տարուան բարեկամ եւ հարեւան Իրանի ռազմավարական շահերը՝ ուր կ’ապրին շուրջ 20 միլիոն ազերիներ, որոնք հզօրապէս զսպուած են Իրանի Յեղափոխական Պահակներու եւ Ազգային Անվտանգութեան ուժերու կողմէ։ Մի քանի ամիս առաջ, Թեհրանի թէ հայաշատ Թաւրիզի մէջ, իրանցի ազերիներ փորձեցին յարձակիլ Հայաստանի դեսպանութեան շէնքին եւ հայկական թաղամասերուն վրայ՝ սակայն հանդիպելով Իրանի ոստիկանական ուժերու պատնէշին եւ ազդու միջամտութեան՝ ցաքուցրիւ եղան ժամանակաւորապէս։ Իրանի հայկական գաղութին ղեկավարներուն՝ պետական շրջանակներուն կողմէ յայտնուեցաւ խիստ դժգոհութիւն Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Երեւանի որոշման դէմ՝ սակայն Իրանի կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց միշտ կանգնելու ուժեղ Հայաստանի կողքին…։


Վերադառնալով մեր գլխաւոր նիւթին՝ ապա եւ ըստ «Արմենփրես»ի եւ այլ մամլոյ գործակալութիւններու հաղորդագրութեանց՝ 18 Սեպտեմբեր 2020 թ.ին, Թել Աւիւի մէջ բացումը կատարուած է Հայաստանի դեսպանութեան՝ ձեռամբ պատուարժան Հ.Հ. դեսպան Արմէն Սմբատեանի եւ 4-րդ կարգի իսրայէլացի դիւանագէտ-պաշտօնեայ, «Եւրասիա 2» կառոյցի ղեկավար Իցհաք Քարմել Քականի։ Այն ալ հրէական նոր տարուան՝ Ռոշ-Հաշանայի օրացոյցով, որպէս հայ-հրէական ջերմ «եղբայրութեան» առհաւատչեայ…։ Պետութիւն մը, որ մինչեւ այսօր չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դաշնակիցն է ցեղասպան Ազրպէյճանի, ամէնօրեայ արեան բաղնիքներ կը սարքէ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ, որ 1700 տարիէ միշտ նեցուկ կանգնած է Սուրբ Հողերուն վրայ ապրող հայութեան, պատմական դեր խաղցած է 20-րդ դարու 70-ական թուականներուն սփիւռքահայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ։ Աւելին՝ Իսրայէլի նշանակեալ դեսպան Էլիան Պելլացերքովսկի, հպանցիկ այցելելով Հայաստան տարի մը առաջ, մինչեւ այսօր չէ ստանձնած իր պաշտօնը Երեւանի մէջ։


Այնպէս որ այս կարճատես եւ վտանգաւոր դիւանագիտական «Իմ Քայլ»ով փաշինեանական սարգսեանական «Թանտեմ»ը՝ հարուածի տակ կը դնէ ոչ միայն Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայութիւնը, այլեւ «կանաչ լոյս» կը վառէ սիոնիստական շրջանակներուն յափշտակելու հայապատկան հողերը պատմական Պաղեստինի մէջ։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page