top of page

Ցեղասպանութենէն փրկուած հայորդիներու բարերարը՝ Շէյխ Խազալեի Ապատանի հայոց Սուրբ Կարապետ եկեղեցին

Շէյխ Խազալի Ապատանի մէջ հայերուն կը նուիրէ հողամաս մը՝ ուր կը կառուցուի Սուրբ Կարապետ հոյակերտ տաճարը, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողով:

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


Հայ-իրանական յարաբերութիւնները աւելի քան 2500 տարուան պատմութիւն ունին, որոնք տարբեր ժամանակաշրջաններուն եղած են բարեկամական ու երբեմն ալ թշնամական…։ Սակայն հայ-իրանական եւ ապա հայ-իրանական-արաբական յարաբերութիւնները, որպէս քրիստոնեայ պետութիւն ընդդէմ մահմետականութիւնը ընդունած պետութիւններուն շատ աւելի ընդունելի եղած է՝ բաղդատմամբ Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր թուրք թէ ենիչերի հրոսակներու կատարած ոճիրներուն, տեղահանութեանց եւ թալանին՝ որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան 1914-1918 թուականներուն, երբ մէկուկէս միլիոն հայեր իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ աւելի քան 70 հազար հայ ժողովուրդի զաւակներ ապաստանեցան Իրանի զանազան գաւառները։ Այնտեղ, արդէն իսկ գոյութիւն ունէր հայ ծաղկած գաղթօճախ, 1603-1618 թուականներուն բռնագաղթուած Իրանի Սաֆաւիտ հարստութեան Շահնշահ, Ապպաս Մեծի կողմէ։ Օսմանեան կայսրութեան դէմ պատերազմի ելած եւ յաղթանակած իրանցի վեհապետը, նախապէս այցելելով Հին Ջուղա՝ հիացած էր մինչեւ Հնդկաստան եւ Ինտոնեզիա հայ վաճառականներու հարստութեամբ եւ հանճարով եւ որոշած բոլորը տեղափոխել Իրան՝ նախ Սպահանի շրջան, «այրած հող»ի քաղաքականութիւն վարելով օսմանցիներուն դէմ։


Շուտով, շինարար, արհեստավարժ եւ առեւտուրի մէջ ճարպիկ հայերը, տարածուեցան ոչ միայն հսկայական Իրանի ծայրամասերը, այլեւ Շահ Ապպասի եւ իր ժառանգներուն օգնութեամբ, մեծ իրագործումներ կատարեցին հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ՝ ունենալով թագուհիներ՝ Մարիամ Զամանի Պեկում (Աքպար Մեծի կինը) եւ Մումթազ Մահալ (Ջհանշահի գահակիցը, որուն համար կառուցեց Թաժ Մահալը՝ Աքրայի մէջ)։

Այս բոլորին մէջ 20-րդ դարու սկիզբին կը յայտնուի Իրանի տարածքին վրայ գտնուող ինքնավար Արապստան-Ղազախստանի նաֆթաշատ շրջանի ցեղապետ՝ Շէյխ Խազալին՝ որ իր հիւրընկալ Ապատանի եւ ընդերքով հարուստ նահանգի դարպասները լայն կը բանայ հայերուն առաջ։ Մանաւանդ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն աւելի քան 70,000 հայեր կ’ապաստանին Իրան, որոնց մէջ կային նաեւ հայ երկրաչափներ, նաֆթի եւ կազի արտահանման մասնագէտներ, հմուտ առեւտրականներ, օտար լեզուներու մասնագէտներ։ Բոլորն ալ աշխատանքի կ’ընդունուին Շէյխ Խազալի կողմէ, որ բրիտանացիներուն կողմէ հիմնած էր անգլօ-իրանեան նաֆթի ընկերութիւնը եւ արդէն իսկ կը համարուէր Իրանի, Իրաքի, Քուէյթի ամէնէն հարուստ արաբ ցեղապետը, որ կը փորձէր որպէս ինքնավար պետութիւն՝ ճանաչման արժանանալ մեծ պետութիւններու կողմէ՝ որոնք դժբախտաբար կը դաւաճանեն ու զինք դաւադրաբար կը յանձնեն Շահ Ռեզա Պահլաուիի ձեռքը, որ զինք փաստօրէն տնային կալանքի կը դատապարտէ, ուր մութ պայմաններու մէջ կը մահանայ 1936 թ.ին…։


Քաջ գիտակցելով հայոց հանճարի կարեւորութեան՝ մանաւանդ որ Իրաքի, Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ նաֆթահորերու «հայրը» Գալուստ Կիւլպէնկեանն էր։ Շէյխ Խազալի Ապատանի մէջ հայերուն կը նուիրէ հողամաս մը՝ ուր կը կառուցուի «նախնական» եկեղեցի մը՝ որ ի վերջոյ 1953-ին (1336 «Հիճրի» թուարկութեամբ)։ Վեր կը բարձրանայ Սուրբ Կարապետ հոյակերտ տաճարը, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողով, որ կը դառնայ զբօսաշրջիկային թանգարանային կարեւոր վայրերէն մէկը Իրանի մէջ։ Տնտեսական եւ ճարտարարուեստական մեծ կարեւորութիւն ունեցող, Իրանի նաֆթի 70 տոկոս պաշարներն ու արդիւնահանութիւնը ապահովող Խուզիստան, Իրաք-Իրանեան պատերազմին (20-րդ դարու 80-ականներուն) աւերածութիւններու ենթարկուեցաւ։ Մեծ վնասներու ենթարկուած Սուրբ Կարապետ եկեղեցին վերանորոգուեցաւ եւ այսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը 21-րդ հազարամեակին մէջ։


Comentários


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page