Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ-ՆԱԹՕ միջազգային դաւադրութիւն Հայաստանի եւ Արցախի դէմ
Այս միջազգային դաւադրութիւնը այս անգամ ալ ձախողեցաւ։
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ–Երեւան–Ստեփանակերտ (Հեռախօսով)
Արցախեան պատերազմի առաջին իսկ օրէն, երբ 27 Սեպտեմբեր 2020 թ. առաւօտեան, ազրպէյճանական-թրքական ռազմական ինքնաթիռները եւ Իսրայէլի կողմէ վաճառուած անօդաչու սարքերը ռմբակոծեցին մայրաքաղաք Ստեփանակերտը եւ շարք մը այլ աւաններ եւ գիւղեր՝ յայտնի դարձան միջազգային վտանգաւոր դաւերու մանրամասնութիւնները։ Անոնց մէջ՝ Թուրքիոյ, Ազրպէյճան-գաղութի, ԱՄՆ-ի, ՆԱԹՕ-ի կողքին, իր դերը ունեցած էր 2018-ին, իշխանութեան եկած նախկին «դեղին» լրագրող Նիկոլ Փաշինեան եւ իր պարտուողական, սորոսական-արեւմտամէտ վարչակարգը։
Արդարեւ, երկու տարի շարունակ, երբ 2016 թ. քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ Ազրպէյճան-Թուրքիա-Իսրայէլ ոճրագործ «եռապետութիւնը», ՆԱԹՕ-ի եւ ԱՄՆի «օրհնութեամբ» պատերազմը կը նախապատրաստուէր բռնազաւթելու 300 տարիներէ ի վեր ռուսական զօրքերու կողմէ ազատագրուած Կովկասը՝ քարուքանդ ընելու խորհրդային բանակի փառապանծ զօրապետներ շնորհած հայկական Արցախն ու ռազմավարական դաշնակից Հայաստանը՝ Նիկոլ Փաշինեանական վարչակարգը զբաղած էր «զանգուածային» ձերբակալութիւններով, «վհուկներու որս»ով, Արցախի հերոսներ զաւեշտա-ողբերգական դատավարութիւններով։ Առաւել եւս, ԱՊՀ Անվտանգութեան խորհուրդի գլխաւոր հրամանատարութեան ղեկավար զօրավար Խաչատուրով, ծագումով հայկական Ջաւախքէն, խայտառակ ձեւով «հրաւիրել» Հայաստան եւ դատական հարցերով փորձել վարկաբեկել Ռուսիան եւ իր հաւատարիմ դէմքերը։
Զինուորական ծառայութենէն խուսափած փողոցային խառնակիչ, 2008 թ.ի Մարտի 1-ի արիւնահեղութեան գլխաւոր-պատասխանատուներէն մէկը, այս «վայ վարչապետ»ը, ամէն ինչ ըրաւ, մինչեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նախագահ Ռուհանիի անարգական ընդունելութիւն կազմակերպելը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ…։ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ իրականացած վերջին թուրք-ազերիական-իսրայէլեան յարձակումէն մի քանի շաբաթ առաջ, 4-րդ կարգի սիոնիստական պետութեան պաշտօնեայի մը մասնակցութեամբ (…), Հ.Հ. դեսպան Արմէն Սմբատեան բացումը կը կատարէր Թել Աւիւի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան։ Սակայն շատ շուտով որպէս բողոք Նեթանիահուի ոճրամիտ քաղաքականութեան՝ հրթիռներու եւ անօդաչու սարքերու մատակարարման օդային կամուրջ հաստետլու Ազրպէյճանի դէմ՝ դեսպան Արմէն Սմբատեան ետ կը կանչուէր իր պաշտօնէն…։
Ըստ միջազգային դէտերու եւ քաղաքական վերլուծաբաններու, Ռուսիոյ յարաբերական «չէզոք» վերաբերմունքը նախայարձակման առաջին օրերուն, սակայն Իրանի տարածքով զէնք ու զինամթերք փոխադրումը հայկական բանակին՝ կը բացատրուի փաշինեանական կարճատես եւ թեթեւսոլիկ քաղաքականութեան, մինչ իր 2018 թ.ի «ընկերները» Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ «քանցլեր» Մըրքըլ, Նիւ Եորքի «սելֆի»ի հովանաւոր Թրամփ, որոնք լորձնաշուրթն ողջունած էին «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը՝ սին խոստումներէ եւ բազմերեսանի դատապարտումներէ անդին չանցան։ Արդարեւ, Թիֆլիսի մէջ թէ այլուր, գաղտնի հանդիպումներով եւ հեռաձայնային խօսակցութիւններով թշնամիին հետ, փաստօրէն քաջալերեցին Ազրպէյճանն ու Թուրքիան այս արկածախնդրութեան դիմելու, վստահ ըլլալով որ Ռուսիա «չէզոք» պիտի մնայ այս անգամ՝ սանձազերծուելիք պատերազմին մէջ՝ տարածաշրջանը դարձնելով հարթակ, իսլամական ոճրագործ խմբաւորումներու, հարուածելու ոչ միայն Հայաստանն ու Արցախը, այլեւ Իրանի հիւսիսը (Իրանի ազրպէյճանցիները ոտքի հանելու), Հիւսիսային Կովկասը եւ Ռուսաստանի համադաշնակցութեան թրքազգի ժողովուրդներով բնակուած մարզերը։
Սակայն, փառք ու պատիւ մեր քաջարի ռազմիկ-ռազմուհիներուն եւ աշխարհի չորս ծագերէն Մայր Հայրենիք փութացող կամաւորական ջոկատներուն, Արցախի հալածուած զօրավարներուն՝ որոնք հերոսական ինքնապաշտպանութեան պատուար կանգնեցան 21-րդ դարու այս մոնկոլ-թաթարական, փան-թուրքիստական հորդաներուն։ Ռուսիոյ հայասէր շրջանակներու եւ հայկական հզօր գաղութին ջանքերով, յստակօրէն փոխուեցաւ Մոսկուայի վերաբերմունքը Հայաստանի ու Արցախի հանդէպ, երբ նախագահ Վլատիմիր Փութին յիշեցուց բոլորին, որ իր երկիրը պիտի կանգնի Հայաստանի կողքին՝ եթէ յարձակման ենթարկուի։ Աւելին՝ Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ հայազգի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրով, տեղի կ’ունենան զինադադարի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ խաղաղութիւն հաստատելու բանակցութիւնները։ Այնպէս որ այս միջազգային դաւադրութիւնը այս անգամ ալ ձախողեցաւ, Արցախն ու Հայաստանը դառնալով մարդասէր համաշխարհային շրջանակներու բեւեռման եւ հոգատարութեան կիզակէտը։
Комментарии