top of page

Ուքրանիոյ եւ Խրիմի վտանգաւոր ճգնաժամը

Հիւսիսային Սուրիոյ վարձականներ, Զանգեզուր և Թաթարա-Թրքական նոր դաշինքը։

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


Մինչ լայնածաւալ պատերազմի ամպեր կը կուտակուին երբեմնի հայաշատ Խրիմի Տոնպասի, Ռոստթովի, եւ ռուս-ուքրանական սահմաններու երկայնքին՝ Թուրքիոյ նէօ-օսմանեան, ինքնակոչ Սուլթան Էրտողան յառաջ կը քալէ թաթարական պետութիւն ստեղծելու իր չարանենգ ծրագիրները։ Ուքրանիոյ թեթեւամիտ նախագահ Զելենսքիին համոզելով թէ Խրիմը կրնար իր քանի մը «Պայրաքտար»ներով ազատագրել եւ վերադարձնել Ուքրանիոյ՝ թրքական յատուկ ծառայութիւնները վարձկաններ հաւաքագրելու տենդագին աշխատանքի մէջ են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ՝ ուղարկելու այս անգամ Ուքրանիա։ Արցախի, Սուրիոյ, Լիպիոյ մէջ ահաւոր ոճիրներ, կողոպուտ եւ շատ յաճախ իրենց դիակները թողելով այնտեղ։


Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ ինքնավար շրջանէն, քրտական «ANHA Havar» եւ «Նուս Սօսիալ» մամլոյ գործակալութեանց մեր ռազմական թղթակից Կեվարա Շէյխ Նուր ու խմբագրապետ Հասան Զազա, չափազանց կարեւոր տեղեկութիւններ ղրկած էին մեզի, նաեւ տեսաերիզ մը՝ ուր մանրամասն կը նշուէր թէ՝ թրքական ռազմական հետախուզութիւնը եւ իր «դաշնակից» սուրիական թիւրքմէն բանակի սպաներ, շուրջ 4.000 տոլար ամսականով, նոր «առաքելութիւն» առաջարկած են ծայրայեղ չքաւորութեան մէջ գտնուող, ծագումով թիւրքմէն վարձականներու, իբր թէ օգնութեան փութալու իրենց ցեղակից խրիմի թաթարներուն, ազատագրելու ռուսական լուծէն, իսկ մեր ձեռքը անցած տեսաերիզին մէջ, Ազրպէյճանէն եւ Արցախէն վերադարձած արիւնախում վարձկաններ, իրենց խոստացուած դրամական պարգեւները կը պահանջեն Արցախի մէջ իրենց «հերոսական» ճակատամարտերուն համար, ուր նաեւ սպաննուած են շատ ու շատ վարձկաններ։ Իսկ մի ոմն՝ «Ապու Ամշէ» իւրացուցած կը թուի ըլլալ այդ գումարներուն մեծ մասը, երեւի բաժին հանելով իր թուրք բարձրաստիճան հովանաւորներուն…։


Յիշեցնենք թէ՝ Խրիմի Թամանեան թերակղզին, Ուքրանիան ազատագրելու համար՝ բազմահազար խորհրդային բանակի հայ նահատակներ ինկած են։ Անիի անկումէն ետք այս բարեբեր եւ հարուստ երկրամասին մէջ հայ գաղթականներ ծաղկուն ոստաններ հիմնած են՝ որոնցմէ Նոր Նախիջեւան (Ռոստով) եղած է հայ մշակութային, քաղաքական, առեւտրական, ռազմական կարկառուն կեդրոններէն մէկը ռուսական կայսրութեան մէջ։


Հակառակ որ նոյնինքն Ուքրանիոյ մէջ գոյութիւն ունի հայկական ծաղկուն գաղութ, ինչպէս նաեւ երկրին ներքին գործոց նախարարը ծագումով Արցախցի (Պաքու ծնած) Արսէն Աւագով հզօր անձնաւորութիւն մըն է, որ ունի իր «անձնական բանակ»ը՝ սակայն արցախեան պատերազմի օրերուն Զելենսքի ամբաստանուեցաւ ֆոսֆորային ռումբեր վաճառելու Ազրպէյճանին՝ անտառներուն մէջ թաքնուած մարտիկները մոխիր դարձնելու համար։


Պէտք չէ մոռնանք, որ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, որպէս «շնորհակալութիւն» խորհրդային պետութեան՝ Ուքրանիան որպէս հանրապետութիւն ստեղծելու, ապա եւ Լեհաստանէն լայն տարածքներ կցելու այս արհեստական երկրին (Ազրպէյճանի նման)՝ Քիեւի, Լուհանսքի, Լվովի (Լվիվ), Օտեսայի, Խարքովի եւ Խրիմի տարածքին՝ ուքրանական նացիստներ, Պանտերայի գլխաւորութեամբ, աւերներ գործեցին խաղաղ բնակչութեան դէմ։ Այնտեղ նաեւ իրենց «քաջագործութիւններ»ով, փայլեցան հայ թէ ազերի նացիստներ Վեհրմախտի գործակալները՝ որոնց արձանները կը «զարդարեն» Ուքրանիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի գլխաւոր հրապարակները։


Բարեբախտաբար, այսօր ունինք զօրավար Սամուէլ (Արմէն) Մարտոյեանը, որ իր հերոսական արարքներուն համար՝ Խրիմի եւ Տոնպասի ազատագրական մարտերուն՝ արժանացած է Ռուսաստանի հերոսի կոչման։ Արցախի պատերազմին ան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր կամաւորներու զօրագունդով մասնակցիլ ինքնապաշտպանութեան մարտերուն՝ սակայն ճանապարհը՝ Հայաստանէն դէպի ազատատենչ Լեռնաշխարհ փակուեցաւ իր առաջ հայոց փառապանծ իշխանիկներուն կողմէ, ինչպէս որ «Հայաստան-Ռուսաստան Բարեկամութեան Միութեան» հիմնադրման արարողութեան յայտարարեց զօրավար Մարտոյեան դառնացած՝ «Նպատակը ոչ թէ յաղթելն էր՝ այլ Արցախը յանձնել…»։


Հիմա արդէն Թուրքոյ եւ իր մանկլաւիկներուն փառաւոր հարուած հասցնելու ժամանակը եկած կը թուի Խրիմի եւ Տոնպասի մէջ։

Բ. Աշխարհամարտին՝ իրենց դաւաճանութեան համար Հիթլէրի հետ՝ նաեւ յետագային՝ «Թամանեան զօրագունդ» դարձած հայկական զօրքերը հարուածելով թիկունքէն Խրիմի մէջ (ուր նահատակուեցաւ նաեւ զօրավար Վասիլեան…), թաթարական ցեղախումբեր խստօրէն պատժուեցան Սթալինի կողմէ։ Անոնցմէ շատերը գնդակահարուեցան, հազարաւորներ ալ աքսորուեցան Ալթայեան երկրամաս, կեդրոնական Ասիոյ խորհրդային երկիրներ (նաեւ Լաւրենթի Բերիայի հրամանով մահմետական համշէնահայեր-հէմշիլներ եւ Մցխեթցի թուրքեր, չերքէզներ)։

Այսօր, գեր-արդիական զէնքեր, հրթիռային համակարգեր, զանգուածային բնաջնջման ռումբեր, Կասպից ծովէն մի քանի օրուան մէջ Սեւ Ծով բերուած թեւաւոր հրթիռներ (Քալիպր) կրակող ռազմանաւեր (որոնք գործածուած էին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կեդրոնները քարուքանդ ընելու), հրասայլեր ու զրահապատ կառքեր կը սպասեն հարուածելու Ուքրանիան, Թուրքիան, թաթարները՝ եթէ սխալին։ Վտանգը սակայն կախուած է Զանգեզուրի եւ Մեղրիի վրայ, Ազրպէյճանի թէ Թուրքիոյ կողմէ հաւանական յարձակման, եթէ սպասուող լայնածաւալ պատերազմը պայթի…։


Անշուշտ, Ուքրանիոյ մէջ բազմաթիւ տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններ ունեցող ԱՄՆ նախագահ Պայտըն, որուն անձնական «տրամադրութիւն»ը թշնամական է նախագահ Փութինի եւ Էրտողանի հետ՝ խոստացած է նեցուկ կանգնիլ Զելենսքիի Ուքրանիոյ, որ կրնայ դուռ բանալ համաշխարհային նոր ճգնաժամի մը, այն ալ աւելի քան 300 տարիներէ ի վեր ռուսական ազդեցութեան տարածք համարուող շրջանին մէջ։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page