Ո՞րն է վճռորոշիչ կողմը Արցախի ապագային շուրջ բացի՝ ռուս-հայկական կողմէն
Ազրպէյճան կրնայ իր տարածքներու ամբողջականութիւնը պահանջել անկախ Հայաստանի պետութենէն, եւ չի կրնար նոյն պահանջով մերժել ինքնորոշուող Ղարաբաղի անկախութեան իրաւունքը։
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ, Պէյրութ, 2 Յունուար 2021
Արցախի դէմ՝ Ազրպէյճանի շղթայազերծած առաջին պատերազմին մէջ, երբ Արցախ յաղթական դուրս եկաւ, Ռուսաստան՝ ոչ միայն յաջողեցաւ զինադադար ապահովել (Ազրպէյճանի խնդրանքով) կողմերուն միջեւ, Անդրկովկասը համարելով (ըստ Ռուսաստանի Ռազմական Հայեցակարգին) իր ռազմական անվտանգութեան գօտին, այլեւ՝ իր դաշնակից Պէլառուսաստանի մայրաքաղաք Մինսքի մէջ գումարել ԵԱՀԿ-ի ժողովը, եւ՝ ԵԱՀԿ-ի Հելսինքիական եզրափակիչ ԱՔԹին հիմամբ միջազգային փաստաթուղթ մը, որ կազմեց Մինսքի Խմբակը (Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի համանախագահներով), որ պիտի որոշէր զինադադարի սկզբունքները՝ համաձայն Հելսինքիական ԱՔԹին, որպէսզի բանակցութիւններով հասնի վերջնական խաղաղութեան՝ երկու կողմերու համաձայնութեամբ լուծելու համար ԼՂԻՄ-ի կարգավիճակին հարցը՝ խաղաղօրէն, եւ ոչ թէ պատերազմով…։
Մինսքի Խմբակի այս միջազգային փաստաթուղթին զինադադարը ոսկի առիթ մը տուաւ հայկական եւ ազերիական կողմերուն հաւասարապէս։ Սակայն, երկու կողմերը չօգտուեցան ՀԱՒԱՍԱՐԱՊԷՍ այս ոսկի առիթէն։ Ազերիական կողմը, վերջին հաշուով, աւելի օգտուեցաւ։ Ան կրցաւ աւելի օգտուիլ, քան՝ հայկականը։ Ազերիները դաս առին իրենց պարտութենէն եւ հետեւողականօրէն աշխատեցան զօրանալու՝ համագործակցելով իրենց հզօր զինակից Թուրքիոյ հետ, եւ 25 տարիներ յետոյ շղթայազերծեցին այս երկրորդ պատերազմը՝ խախտելով ու ոտնահարելով միջազգային փաստաթուղթին դրոյթները, որոնց հիմքը Հելսինքիական ԱՔԹն է։ Իսկ հայերս, գինովցանք մեր յաղթանակով, ուրացանք Ռուսաստանի զինուորական օգնութիւնը այդ յաղթանակին մէջ, թէեւ լրացուցինք ԼՂԻՄ-ը Անկախ Արցախի Հանրապետութեան վերածելու պայմաններուն մեծ մասը։ Սակայն, ամբողջ 25 տարիներու ընթացքին, ոչ փորձեցինք եւ ոչ ալ յաջողեցանք՝ ընդարձակուած Արցախի տարածքներուն վրայ բնակեցնել հայեր թէ՛ Արեւելահայաստանէն եւ թէ Հայ Սփիւռքէն։ Եւ՝ փոխանակ սերտօրէն համագործակցելու մեր հզօր զինակից Ռուսաստանի հետ (գէթ դաս առնելով ազերիներէն), որդեգրեցինք հակառուսական, արեւմտաթրքական արեւելում։ Արեւելահայաստանի օլիգարխիկ ազգաքանդ համակարգին հետեւանքով, տկարացուցինք հայկական կողմը փոխանակ զօրացնելու։ Եւ տակաւին, նոյնիսկ վերջին պատերազմի թէժ օրերուն, հայկական բանակէն եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակէն հեռացուցինք ռուսամէտ փորձառու զինուորականները, եւ փորձեցինք գործադրել թուրք-ՕԹԱՆ-եան ծրագիրը (առնուազն «եօթ տարածքներ»ու եւ Շուշիի գրաւումը)։
Այս պատերազմով, երբ Ազրպէյճան ոտնակոխեց Հելսինքիական ԱՔԹին դրոյթները, Ռուսաստան կտրուկ կերպով զինուորապէս միջամտեց եւ կասեցուց ազերիական (թուրք-ՕԹԱՆ) յառաջխաղացքը, որ հասած էր Փութինի սահմանած կարմիր գիծին եւ այդ ճակատին միակողմանիօրէն պարտադրեց այս երկրորդ զինադադարը, որպէսզի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը վերսկսի խաղաղ բանակցութիւններ՝ զինադադարի հինգ տարիներու ընթացքին։ (Այս 5 տարիները կրնան վերանորոգուած նկատուիլ, եթէ 2025 թ. Նոյեմբերէն 6 ամիսներ առաջ, կողմերէն մէկը չյայտնէ թէ չուզեր վերանորոգել)։
Ուրեմն. մինչեւ 2025 Նոյեմբեր ամիսը, Նոյեմբեր 9-ի բոլոր կարգադրութիւնները առժամեայ կարգադրութիւններ են։ Եւ հետեւաբար, ո՛չ Ազրպէյճանը եւ ո՛չ ալ Թուրքիան իրաւունքը ունին մեծխօսիկութեան, թէ՝ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութիւնը վերջնական կարգադրութիւններ են, կամ թէ՝ Արցախի կարգավիճակի հարցը արդէն լուծուած է։ Էրտողանի եւ Ալիեւի մեծխօսիկութիւնները օխլոկրատական են. ամբոխավարական սնամէջ եւ անիրական խօսքեր, որոնց նպատակը ժողովրդականութիւն շահիլն է իրենց երկիրներուն մէջ, ուր խորշելի են՝ իբր բռնատէրներ, եւ ուր Էրտողանի նախկին կուսակիցն ու գործակիցը կը համարձակի հրապարակաւ յայտարարել հետեւեալը. «Եթէ 20-րդ դարուն Չարիքի Մարդը Հիթլէրն էր, 21-րդ դարու Չարիքի Մարդը Էրտողանն է…»։ Այս հրապարակային ամբաստանութիւնը ըրաւ Ահմէտ Տաւութօղլուն, որ ներկայիս կազմած է իր «Ապագայ» (Մուսթաքպէլ)՝ Էրտողանի AKP-ին ընդդիմացող կուսակցութիւնը։
Այսօր, արար աշխարհ արդէն տեսաւ, որ Մինսքի Խմբակի locomotive-ը Ռուսաստանի նախագահն է, եւ՝ Անդրկովկասի մէջ վճռորոշիչ խօսքը Ռուսաստանին կը պատկանի։ Եւ՝ Ռուսաստանի դիւանագիտութեան պետը լրջախոհ ու խորախոհ Սերկէյ Լաւրովն է (Սարգիս Լաւարարեանը…), որ 30 Դեկտեմբեր 2020 թուին կատարեց հետեւեալ ճշդումները. «Եռակողմ Յայտարարութիւնը հիմքն է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, ճգնաժամի երկարաժամկէտ, լիարժէք ձեւաչափով յաղթահարելու համար՝ արդար հիմերով, եւ հայ ու ազրպէյճանցի ժողովուրդների շահերից մեկնելով»։
Առաջին ճշդումը, թէ՝ Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը Յայտարարութիւն մըն է պարզապէս, եւ ոչ թէ վերջնական համաձայնագիր մը։ Այլ խօսքով. այս հնգամեայ զինադադարին բոլոր կարգադրութիւնները առժամեայ են։
Երկրորդ ճշդումը, թէ՝ այդ կարգադրութիւնները լոկ նախադրեալներ կը ստեղծեն երկարաժամկէտ ու լիարժէք լուծումի մը համար։
Երրորդ ճշդումը, թէ՝ եղածը ճգնաժամ մըն է լոկ, որուն արդար հիմերով յաղթահարումը կարելի է, եթէ մեկնինք հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու շահերէն։
Յայտնօրէն, Լաւրովի այս ճշդումները ոչ թէ մութ ապագայ մը կը գուժեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, այլ՝ կը յուսադրեն մեզ, թէ՝ դեռեւս առկայ է, արդար հիմերով, լիարժէք եւ երկարաժամկէտ լուծումի հնարաւորութիւնը, եւ՝ հայոց ու ազերիներու շահերէն մեկնելու պատրաստակամութիւնը Ռուսաստանի մօտ…։
Մէկ խօսքով. Լաւրովի այս ելոյթը կը փարատէ՝ մէկ կողմէ թուրք-ազերի ճակատէն հնչող յոխորտանքներուն եւ սպառնալիքներուն թուխպ կարծուած ամպերը, եւ միւս կողմէ՝ հայկական ճակատէն բարձրացուած յուսալքիչ ու յոռետեսական լացուկոծը…։ Միաժամանակ՝ ցոյց տալով յուսալի ապագայի մեր ուղին, որ ռուսական ԱՐԵՒԵԼՈՒՄՆ Է (արեւմտաթրքական արեւելումին փոխարէն), եթէ մենք գիտակցինք հայ-ռուսական բարեկամութեան վերականգնումին հրամայականին…։
Եւ՝ եթէ մենք գիտակցինք այս հրամայականին ու վերականգնենք հայ-ռուսական բարեկամութիւնը, հայ-ռուս կողմը կը դառնայ վճռորոշիչ ուժը Ղարաբաղի ապագային Անդրկովկասի մէջ, զոր Ռուսաստան կը նկատէ իր ռազմական անվտանգութեան գօտին՝ իր Ռազմական Հայեցակարգով։ Իսկ եթէ Մինսքի Խմբակի միւս երկու համանախագահները (ԱՄՆ ու Ֆրանսա) փորձեն հակառակիլ Ռուսաստանի մէկ կարգադրութեան, ան կրնայ փաստել թէ իր կարգադրութիւնը, ոչ թէ միայն կը մեկնի երկու կողմերուն ալ շահերէն եւ անոնց համաձայնութեամբ է, այլեւ՝ կը յարգէ ոչ միայն Հելսինքիական եզրափակիչ ԱՔԹի սկզբունքները, այլեւ՝ ՄԱԿ-ի գաղութային ու կիսանկախ ժողովուրդներու անկախութեան ճանաչումին մասին Հռչակագրի 4-րդ յօդուածի տրամադրութիւնը, որ կը պահանջէ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններէն օգնել ինքնորոշուող ժողովուրդներուն, որպէսզի անոնք հնարաւորութիւնը ունենան՝ խաղաղօրէն կիրարկելու իրենց ազատ ինքնորոշման եւ անկախութեան իրաւունքը լիակատարօրէն… եւ անյապաղ արգիլելով՝ ինքնորոշուող ժողովուրդներու անկախութեան ձգտումին դէմ ամէն պատերազմ կամ ճնշումի փորձ…։
Իսկ Հելսինքիական եզրափակիչ ԱՔԹին հաստատած սկզբունքներուն խախտումը Ազրպէյճանի կողմէ, կը պահանջէ վերատեսումը 9 Նոյեմբեր 2020 թուի եռակողմ Յայտարարութեան առժամեայ կարգադրութիւններուն՝ յառաջիկայ բանակցութիւններուն ընթացքին։ Եւ՝ նախ եւ առաջ, վերատեսումը հայկական կողմին ցարդ ցուցաբերած սխալ եւ ապիկար դիւանագիտութիւնը Արեւելահայաստանի օլիգարխիական ազգաքանդ համակարգին արեւմտաթրքական արեւելումին իբր հետեւանք (երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեան տխմարաբար ընդունեց, թէ՝ Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին համազօր է եւ անոր հակադրելի՝ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, եւ՝ Ղարաբաղը բանակցութիւններէն դուրս ձգելու Ազրպէյճանի պահանջը)։ Ասիկա կը պահանջէ Արեւելահայաստանի օլիգարխիական համակարգին անյապաղ փոխարինումը ժողովրդահայրենասիրական համակարգով։ (Այսպիսի համակարգ մը կրնայ ըլլալ սոցիալիստական՝ Գ. Հանրապետութեան վայրի դրամատիրականին փոխարէն։ Սոցիալիստական՝ Ժողովրդային Չինաստանի մոտէլով, կամ՝ Լենինի NEP-ի որդեգրումով նորացուած սովետական մոտէլով, զոր կ՚առաջարկէր Հայ Կոմկուսի վաղամեռիկ գիտնական ղեկավար Սերգէյ Պատալեանը, հանրաքուէի մը ճամբով վերականգնելու համար Բ. Հանրապետութեան ազգաշէն համակարգը, որպէսզի կարենանք նախայարձակ թուրք-ՕԹԱՆ ճակատին ըսել՝ ձեր առժամեայ յաղթանակին «ժամը» ձեզի, մերինին «ժամանակը ամբողջ» մեզի)։ Համակարգ մը, որ պիտի որդեգրէ ռուսամէտ արեւելումը՝ վերականգնելով հայ-ռուս բարեկամութիւնը, եւ պիտի ճանչնայ Արցախի Անկախ Հանրապետութիւնն ու անոր մասնակցութիւնը պիտի պահանջէ յառաջիկայ բանակցութիւններուն՝ իր հակամարտող կողմերէն մէկը ըլլալուն հանգամանքով։ Քանի որ Արցախը՝ Ազրպէյճանի կողմին առաջին եւ անմիջական հակառակորդ կողմն է, որուն ճակատագիրն ու կարգավիճակը պիտի որոշուի այս բանակցութեանց ընթացքին։ Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն նախապայման մըն է՝ իբր իրաւահաւասար կողմ միւսներուն։
• • •
Ներկայ լուսաբանական գրութեան կարիքը զգացինք, երբ կարդացինք «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթի Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020 թուակիր առաջնորդող «Ակնարկ»ը, որուն խորագիրն է «Բանակցային Նոր Ռազմավարութեան Անհրաժեշտութիւնը»։
Հետեւաբար, անհրաժեշտ գտանք ընթերցողներուն լուսաբանել, մի առ մի, Հելսինքիական եզրափակիչ ԱՔԹին 10 սկզբունքները, որոնք հետեւեալներն են.
1 – Ինքնիշխան հաւասարութիւն. ինքնիշխանութեան յատուկ իրաւունքներու յարգում։
Այս սկզբունքը ոչ միայն կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (ԼՂԻՄ) ինքնիշխանական իրաւունքները, այլեւ՝ այդ իրաւունքներուն հաւասարութիւնը Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան իրաւունքներուն, եւ կը պահանջէ անոնց յարգումը՝ Ազրպէյճանի եւ բոլորին կողմէ։
Եթէ չէր կրնար ճանչնալ Արցախի անկախ հանրապետութիւնը de juré, զոր ցարդ չեն ճանչցած ոչ միայն Մինսքի համանախագահները, այլեւ նոյնիսկ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Սակայն, de juré ճանչցած են ԼՂԻՄ-ի ինքնիշխանութիւնը։ Իսկ Հայաստանն ու Ռուսաստանը de facto ճանչցած են Արցախի Անկախ Հանրապետութիւնը, այլապէս՝ այս վերջին երկուքը զինուորապէս չէին միջամտեր այս պատերազմին։
Ինչ կը վերաբերի ԼՂԻՄ-ի ինքնիշխանութեան եւ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան իրաւահաւասարութեան, Միջազգային Հանրային Իրաւունքը՝ ինքնորոշուող ժողովուրդը, ինքնորոշուելու առաջին իսկ քայլէն՝ իրաւահաւասարը կը նկատէ թէ՛ Ազրպէյճանին եւ թէ միւս ամէնուն։
2 – Ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկել։
Այս սկզբունքը խախտած է Ազրպէյճան՝ երկու անգամ, ապաւինելով Թուրքիոյ զինուորական միջամտութեան, ինչ որ անվաւեր եւ անընդունելի կը դարձնէ թուրք-ազերիական պատերազմով բռնագրաւուած տարածքներուն սեփականացումը Ազրպէյճանի կողմէ։
3 – Սահմաններու անխախտելիութիւնը։
Այս սկզբունքը եւս, ոչ միայն կը վերահաստատէ թիւ 2 կէտին արգելքը, այլեւ՝ կը պահպանէ ԼՂԻՄ-ի սկզբնական տարածքին ամբողջականութիւնը։
4 – Պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը։
Այս սկզբունքը եւս, թէեւ կը խօսի պետութիւններու մասին, նախ լռելեայն կը նշանակէ՝ ժողովուրդներու պետութեանց մասին։ Քանի որ, պետութիւնը լոկ իրաւական կամ բարոյական անձնաւորութիւն է, եւ ոչ թէ ֆիզիքական (որպէսզի սեփականացնէ տարածքներ, որոնց սեփականատէրը ժողովուրդն է)։ ՄԱԿ-ի Ուխտը, զոր պետութիւններու լիազօր ներկայացուցիչները ստորագրեցին, իրենց ժողովուրդներուն իբր ներկայացուցիչներ, Ուխտին բնագիրը սկսելով «Մենք՝ ժողովուրդներս…», եւ ոչ թէ՝ մենք՝ պետութիւններս։ Ուրեմն. այս սկզբունքը կը վերաբերի ժողովուրդներու սեփականութիւնը եղող տարածքներուն։
ԼՂԻՄ-ը պետութիւն չէ, բայց իր ժողովուրդը սեփականատէրն է ինքնավար մարզի տարածքներուն, որոնց ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի։ 19-րդ դարուն, երբ գաղթատիրութիւնն ու իմփերիալիզմը կը տիրէր աշխարհին, եւ՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքին վրայ, որ պետութենապաշտ էր, եւ պետութիւն չունեցող գաղութային ու կիսագաղութային ժողովուրդները կը զրկէր բարոյական անձնաւորութենէ, այսինքն՝ Միջազգային Իրաւունքի ենթակայի (sujet) կարգավիճակէ։ 20-րդ դարուն, երբ Վլ. Լենին՝ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութենէն եւ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, պաշտպանած էր ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, իսկ ԱՄՆ-ի նախագահ Ու. Ուիլսոն՝ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, իր «14 Կէտեր»ուն մէջ խօսած էր նոյն այս իրաւունքին մասին, եւ իբր հետեւանք Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան յաղթանակին ու Բ. Աշխարհամարտին մէջ Կարմիր Բանակի ջախջախիչ յաղթանակին Նացիզմի դէմ, եւ՝ Սոցիալիստական Ճակատի ստեղծումին ու երկբեւեռ հաւասարակշռեալ ու հակակշռեալ աշխարհակարգին գոյառումով, Միջազգային Իրաւունքը դարձաւ ժողովրդապաշտ (ոչ՝ պետութենապաշտ), որուն պատճառով ՄԱԿ-ի Ուխտը հռչակուեցաւ ժողովուրդներու անունով, եւ Գաղթատիրութիւնը լուծարքի ենթարկուեցաւ (մեծ մասամբ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին կիրարկումով) եւ իրենց անկախութեան տիրացան շուրջ 40 գաղութներ ու կիսագաղութներ, եւ՝ ՄԱԿ-ի հրաւիրած համաշխարհային համաժողովէն (Ալճերիոյ մայրաքաղաքին մէջ, 4 Յուլիս 1976 թ.) բխեցաւ այս անգամ ալ՝ Ժողովուրդներու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագիրը։ Այսինքն. պետականազուրկ ժողովուրդներն անգամ ստացան իրաւական անձնաւորութիւն (personne juridique) եւ դարձան Միջազգային Իրաւունքի ԵՆԹԱԿԱՅ (sujet) կարգավիճակ ունեցող ժողովուրդ։
Այս թիւ 4 սկզբունքը նաեւ կը հաստատէ, թէ՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կիրարկութեան դաշտը կը գտնուի երկու պետութիւններու միջեւ (եւ ոչ թէ՝ անկախ պետութեան մը եւ ինքնորոշուող ժողովուրդի մը միջեւ)։ Այսինքն. Ազրպէյճան կրնայ իր տարածքներու ամբողջականութիւնը պահանջել անկախ Հայաստանի պետութենէն, եւ չի կրնար նոյն պահանջով մերժել ինքնորոշուող Ղարաբաղի անկախութեան իրաւունքը, որ բոլոր բոլորին պարտադիր erga omnes իրաւունք մըն է՝ ինչպէս տեսանք։ Այլ խօսքով. տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը՝ ոչ համազօր է եւ ոչ ալ հակադրելի Ղարաբաղի ինքնորոշուելու իրաւունքին՝ չէզոքացնելով erga omnes իրաւունքը։ Սկզբունքը սակարկելի է երկու պետութիւններու միջեւ։ Իրաւունքը անսակարկելի է եւ անհրաժարելի։
Ուրեմն. եթէ Ազրպէյճան կ՚ուզէ անպայման ԼՂԻՄ-ի դէմ հակադրել իր տարածքներու ամբողջականութեան սկզբունքը, պէտք է սպասէ որ աշխարհը եւ ինք ճանչնան Արցախի Անկախ Հանրապետութիւնը։
Սակայն, մենք այսօր հարկադրուած ենք՝ զինադադարի կարճ ժամկէտին պատճառով, շուտով վերսկսիլ բանակցութեանց, ցաւատանջ մտահոգութեամբ մը, որ եթէ Արցախի նախապատերազմեան տարածքներու գրաւեալ մասերը վիճելի նկատուին (որ աւելի քան հաւանական է), մեր դիրքը նախանձելի պիտի չըլլայ, քանի որ ամբողջ քառորդ դարի տեւողութեան անմարդաբնակ թողած ենք վիճելի տարածքներուն մեծ մասը՝ մեր անհոգութեան, մեր ապիկարութեան, մեր ուրիշներու ապաւինելու հիւանդութեան, եւ՝ հայրենիքի տարածքներուն տիրութիւն ընելու անատակութեան պատճառով։ Իսկ բնակելի եւ գեղածիծաղ Արցախի տարածքները ամայի չէին կրնար մնալ քառորդ դար եւ աւելի երկար ժամանակ։ Իսկ պատմութիւնը կը սորվեցնէ, թէ՝ «Հողը կը պատկանի ԱՆՈՐ ՎՐԱՅ ԱՊՐՈՂԻՆ»։ Որովհետեւ՝ Հողը սոսկ կալուած մը չէ, զոր կրնաս վարձու տալ ու շահագործել։ Ոչ ալ նիւթական հարստութիւն է, զոր կրնաս պահել արկղի մը մէջ կամ պահ դնել դրամատան մը մէջ… տոկոսներ շահելով։ Հողը՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ է, որուն մէջ կ՚ուզես ապրիլ ու գործել, եւ զոր պարտ ես բարգաւաճեցնել ու ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ՝ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԴԷՄ։
5 – Վէճերու խաղաղ կարգաւորում։
Այս սկզբունքը բացորոշ դատապարտումն է թուրք-ազերի-սիոնական նախայարձակումին, եւ վերահաստատումը՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի այն կտրական սկզբունքին, որ կ՚ըսէ՝ դատապարտելի նախայարձակումէն ընդունելի իրաւունք չի ծնիր։ Այսինքն. այս վերջին նախայարձակումով՝ Ազրպէյճանի գրաւած տարածքները անընդունելի են եւ չունին իրաւական հիմք։
6 – Ներքին գործերուն չմիջամտել։
Այս սկզբունքին ալ կիրարկութեան դաշտը կը գտնուի երկու անկախ պետութիւններու հորիզոնական գիծին վրայ, որ առնչութիւն չունի ԼՂԻՄ-ի հետ, որուն ինքնորոշումի իրաւունքին կիրարկութեան դաշտը կը գտնուի Ազրպէյճանի եւ իր միջեւ ուղղահայեաց գիծին վրայ (վարէն վեր՝ տիրապետուածէն տիրապետողին դէմ)։
7 – Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու յարգում՝ ներառեալ գաղափարականի, խիղճի, կրօնի կամ դաւանանքի ազատութիւնը։
Այս սկզբունքը վերահաստատումն է՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի այն կտրական սկզբունքին, ըստ որուն՝ Մարդու ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ իրաւունքը եղող ազատ ինքնորոշման իրաւունքը բոլոր բոլորին պարտադիր erga omnes ուժ ունի, եւ՝ հիմնաքարը կը կազմէ մարդու իրաւունքներուն, որուն մերժումը կամ ընդդիմութիւնը ԶԱՆԳՈՒԱԾԵՂ խախտումն է այդ իրաւունքին, որ անկապտելի է, անսակարկելի, անկասելի, անժամանցելի եւ անզիջելի։ Այլ խօսքով. անհրաժարելի իրաւունք մըն է, որուն պաշտպանութիւնը պարտաւորութիւնն է ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն (եւ առաջին հերթին՝ գաղութարար պետութեան), որոնք պարտին նաեւ՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս, օգնելու ինքնորոշուող ժողովուրդին, որպէսզի ան հնարաւորութիւնը ունենայ խաղաղօրէն հասնելու իր լիակատար անկախութեան անկապտելի իրաւունքին։ (Այս բոլորին մասին, տեսնել՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի միջազգային հեղինակաւոր մասնագէտ՝ Ակադեմիկոս Եուրի Բարսեղովի փաստագրուած երկասիրութիւնը. «Ինքնորոշման Իրաւունքի Մասին» խորագրով, որ նախ լոյս տեսած է Մոսկուայի մէջ, ռուսերէն, եւ ապա՝ Երեւանի մէջ հայերէն լեզուներով)։
8 – Ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունքներ։
Այս սկզբունքը՝ ոչ միայն կը վերահաստատէ նախապէս վերը յիշուածները, այլեւ՝ կը հաստատէ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան կտրական սկզբունքը, Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ։ Նախապէս յիշեցինք արդէն, որ ինքնորոշուող ժողովուրդը, իր անկախութիւնը հռչակած պահէն, իրաւահաւասարը կը դառնայ բոլոր պետութիւններուն (ներառեալ՝ գաղութարար պետութեան)։ Հետեւաբար. Արցախի ժողովուրդը իրաւահաւասար է ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւններու ժողովուրդներուն հետ միասին։
9 – Պետութիւններու համագործակցութեան սկզբունքը։
Արցախի Անկախ Հանրապետութիւնը, որ ցարդ չէ արժանացած միջազգային ճանաչումի (բացի շարք մը պետութիւններու տեղական իշխանութիւններէ), որպէսզի համագործակցի պետութիւններունհետ, նախ պէտք է ջանայ ճանաչում ձեռք բերել անոնցմէ… եւ ոչ թէ միայն անոնց տեղական իշխանութիւններէն։
10 – Միջազգային իրաւունքով ստանձնուած պարտաւորութիւններու բարեխիղճ կատարում։
Այս սկզբունքին գործադրութիւնն ալ յետաձգուած է մինչեւ միջազգային ճանաչում (եւ առաջին հերթին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ հուսկ Ռուսաստանի ճանաչումները…)։ Այս երկուքին ճանաչումը (նախ եւ առաջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ ապա՝ Ռուսաստանի) անյետաձգելի հրամայական մըն է այս պահուն իսկ…։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Ալիեւներու եւ Էրտողաններու փանթուրքական յոխորտալից սպառնալիքները կ՚ապաւինին ՕԹԱՆ-ի իմփերիալիստական կողմին, որ թշնամին է Ռուսաստանին եւ Հայութեան։
Արցախի եւ Հայաստանի յուսալի ապագան կրնայ արդարօրէն որոշուիլ՝ մէկ եւ միակ նախապայմանով մը. ստեղծումովը՝ Ռուս-Հայկական վճռորոշիչ կողմին։ Ատիկա մեզմէ կը պահանջէ՝ համարկուիլ Ռուսաստանի հետ, իրագործելով այն բոլորը զորս մենք յիշած ենք այս գրութեան այն հատուածին մէջ, որ կը խօսի Ս. Լաւրովի 30 Դեկտեմբեր 2020 թուի յուսադրիչ ելոյթին մասին (օլիգարխիկ ապազգային համակարգին փոխարէն՝ ժողովրդահայրենասիրականը, Արեւմտաթրքական արեւելումին փոխարէն՝ ռուսականը, ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան՝ նոր ազգաշէն համակարգին կողմէ, որ կարելի պիտի դարձնէ համահայկական միասնականութիւնը, եւ որուն շնորհիւ, այդ համակարգը պիտի կաորղանայ իրագործել Հայ-Ռուս համարկումը եւ պահանջել Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութեանց…) ։ Ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս։
Komentarze