top of page

Յայտարարութիւն. Ազգային անվտանգութեան հրատապ խնդիրներէն մէկը

Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւնը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ ԱՄՆ-ու հսկողութեան տակ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող կենսաբանական տարրալուծարանների կապակցութեամբ:

Իր ստեղծման ժամանակներէն ի վեր՝ մօտ 100 տարի առաջ, մեր կազմակերպութիւնը՝ յառաջադիմական Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւնը, միշտ կապուած եղած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ, ըլլայ քաղաքական, մշակութային, արուեստական, սոցիալական եւ այլ ասպարէզներու մէջ:


Մեր անդամները հիմնած ու մաս կազմած են Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէին եւ ատկէ յետոյ միայն ու միայն զարգացած ու խորացած են մեր կապերը վերածնած Հայաստանի հետ: Մասնակցած ենք Հայրենական Մեծ Պատերազմի տարիներուն Խորհրդային Միութեան հետ համերաշխութեան բոլոր ձեռնարկներուն, հայրեդարձութեան պատմական ընթացքին, մեր պարախումբի ղեկավարներն ու անդամները կատարելագործած են իրենց գիտելիքները ՀԽՍՀ պետական հիմնարկին մէջ, մեր երիտասարդներէն շատեր նոյնպէս ուսանած են Խորհրդային Հայաաստանի մէջ:


1990-էն սկսեալ, երբ քաղաքական եւ տնտեսական պայմանները փոխուեցան, մենք չխզեցինք կապերը Հայաստանի եւ երկրի ժողովուրդին հետ, այլ վերահաստատեցինք զանոնք, որովհետեւ մեզի համար Հայաստանը կը մնար՝ եւ այդպէս ալ կը շարունակէ մնալ, հայկականութեան միակ եւ անսպառ աղբիւր:


Վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին կը տեսնենք թէ ինչպէս օրէ-օր կը վատանան թէ՛ Հայաստանը՝ կորսնցնելով սոցիալիստական տարիներուն տնտեսական, գիտական, արտադրական, սոցիալական եւ այլ ասպարէզներու մէջ ձեռք բերած ներուժը, թէ՛ նաեւ ժողովուրդի կեանքի պայմանները, հասնելով այն վիճակին ուր գրեթէ յիսուն տոկոսէն աւելին կը վերապրի աղքատ, անգործ եւ սոված, յոյսը դնելով միայն արտագաղթի վրայ:


Հակառակ անոր եւ հրապարակաւ մատնանշելով մեր տարաձայնութիւնները այս տասնամեակներու ընթացքին տարբեր կառավարութիւններու կողմէ կիրառուող քաղաքականութեան հետ, մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի ժողովուրդին իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւններու, նախագիծերու եւ պայքարին մէջ:


Ներկայիս, մենք մտահոգուած ենք շարք մը ներքին եւ արտաքին իրադարձութիւններով, որոնք, մեր կարծիքով, կը վտանգեն Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդի ներկայ եւ ապագայ գոյութիւնը:


Անոնց մանրամասնելը ծաւալուն կ’ըլլան, եւ անոր համար կ’ուզենք նշել, որ այսօր աւելին քան երբեւէ Հայաստանի ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները պէտք է քաջ գիտնան թէ ովքեր են իրենց ընկերներն ու դաշնակիցները, եւ ովքեր կը փորձեն մէկ անգամ եւս խաբել եւ օգտագործել անոնց որպէս գործիք իրենց տնտեսական եւ քաղաքական շահերու:


Մէկ կողմէ ֆաշիստական Թուրքիան եւ իր նորացած նէօ-օսմանեան ծրագիրը, որ ունի Ազրպէյճանի եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու օգնութիւնը, եւ միւս կողմէ աշխարհի ժողովուրդներու յաւերժ թշնամիներ՝ ԱՄՆ իմփերիալիզմը եւ Իսրայէլեան սիոնիզմը, կը շարունակեն առաջ տանիլ իրենց նուաճողական քաղաքականութիւնը բոլոր աշխարհի մէջ՝ մանաւանդ Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:


Անոր համար, եւ աշխարհի մէջ քորոնավիրուսի հետ կապուած նոր պայմաններու մէջ, մեզի յատկապէս կը մտահոգէ ԱՄՆ-ի հսկողութեան տակ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տասնեակ կենսաբանական տարրալուծարանները: Ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդեն ամերիկացիները իրենց կենսաբանական տարրալուծարաններով Հայաստանի մէջ։ Որո՞նց դէմ ուղղուած են անոնք։ Չէ՞, որ ԱՄՆ-ը որպէս հիմնական թշնամիներ ունի Ռուսաստանն ու Պարսկաստանը, ճիշդ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամենամտերիմ դաշնակիցները, որոնք ամենամութ եւ դժուար օրերուն իրենց եղբայրական ձեռքը մեզ տուին: Ինչո՞ւ Հայաստանը պէտք է խառնուի այս երկու եղբայրական երկիրներու դեմ ուղղորդուած որեւէ գործողութեան կամ յարձակումի մը մէջ:


Կը կարծենք՝ ամերիկեան կենսաբանական տարրալուծարաններու փակման եւ Հայաստանէն այնտեղ առկայ կենսանիւթերիու անվտանգ դուրսբերման հարցը պէտք է դառնայ ազգային անվտանգութեան հրատապ խնդիրներէն մէկը։


Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւն

Պուենոս Այրէս, 17 Յունիս 2020

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page