top of page

Եւս մէկ ափսոսալի նմոյշ մեր ապաւինողականութեան ախտին

Եթէ Ռուսաստան կտրուկ կերպով կասեցուցած չըլլար յաղթական թուրք-ազերի-ՕԹԱՆ ճակատին յառաջխաղացքը, ի՞նչ պիտի ըլլար հետեւանքը։

Մեթր Գ․ Տէրտէրեան, Պէյրութ, 14 Յունիս 2021


«Պայքար» շաբաթաթերթի 6 Յունիս 2021 թուակիր համարին խմբագրականը՝ եւս մէկ ափսոսալի դրսեւորումն է մեր ապաւինողականութեան քրոնիկ հիւանդութեան, որուն վիրուսներն են Արեւմտաթրքական օրիենթացիան ու բնազանցական մտածելակերպը, որոնք հետեւանքն են՝ մեր մօտ Յեղափոխական Ոգիի բացակայութեան, ինքնիշխանութեան անատակութեան եւ… այո՛, ստրկամտութեան։


Խմբագրականին վերնագիրն է. «Զանգեզուրի Միջա՞նցք, Թէ՝ Անդամահատում»։ Յոռետեսական ցաւատանջ հարցումը, որուն պահանջած իրատեսականպատասխանը չի տար այս ճիշդ եւ արդար մտահոգութեան։


Որովհետեւ… Պրն. Խմբագիրը ունի այն կանխակալ մոլորեալ համոզումը, թէ՝ Ռուսաստան կը գործակցի Թուրքիոյ հետ եւ ամենաթող կեցուածք ունի Ազրպէյճանի հանդէպ՝ Հայաստանի գոյութենական շահերուն դէմ, եւ՝ չարաշահելով Փաշինեանի շուարած վիճակը, անոր գործած մեծ յանցագործութեան հետեւանքով, անոր կը հրահանգէ հլու-հնազանդ կերպով գործադրել Ռուսաստանի բոլոր ցուցմունքները։ Եւ Փաշինեան հլու-հնազանդ կը գործադրէ Փութինի բոլոր հրահանգները՝ առանց առարկելու…։ Եւ թէ՝ Արեւմուտքը (ԱՄՆ-ը, Եւրոմիութիւնը եւ յատկապէս Ֆրանսան) սկսած են մտահոգուիլ այս իրավիճակէն եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն ազդու կերպով միջամտելու իրավիճակի զարգացումներուն, օժանդակելու համար Հայաստանի, ընդդէմ՝ Թուրքիոյ, քանի որ ռուս-թրքական այս համագործակցութիւնը չի բխիր Արեւմուտքի շահերէն։ Եւ հետեւաբար, Արեւմուտքի այս սթափումը մեծ յոյսեր կու տայ Հայաստանի եւ Արցախի ապագային ուղղութեամբ, եթէ՝ Հայաստանի մէջ քաղաքական ընտրանին դադրի փողոցային կռիւներէն եւ փորձէ իրական դիւանագիտութեամբ օգտուիլ միջազգային հանրութեան այս նոր եւ սթափ դիւանագիտութեան առիթներէն…։ Իսկ Փաշինեան, սխալմամբ հաւատացած է, որ Ռուսաստան՝ կասեցնելով պատերազմը, փրկած է Հայաստանը եւ Արցախը աւելի մեծ կորուստներէ։ Եւ՝ խմբագիրին համոզումով, Փաշինեանի այս համոզումը սխալ մըն է, որովհետեւ՝ «Կովկասի մէջ իրականացուած վերջին ռուս-թրքական համաձայնագրին» զոհ գացեր են Հայաստանն ու Արցախը։ Այսինքն. Ռուսաստան ոչ թէ փրկարար, այլ՝ քանդիչ դեր մը խաղցած է վերջին պատերազմին։


Բառացի. «Արեւմուտքը սկսած է անդրադառնալ եւ հաստատել, որ Կովկասի մէջ իրականացած վերջին ռուս-թրքական համաձայնագիրը – որուն զոհը դարձան Հայաստանն ու Արցախը – այնքան ալ չէր բխեր Արեւմուտքի շահերէն»։


Պրն. Խմբագիրին հարցնենք, որ եթէ Ռուսաստան կտրուկ կերպով կասեցուցած չըլլար յաղթական թուրք-ազերի-ՕԹԱՆ ճակատին յառաջխաղացքը, ի՞նչ պիտի ըլլար հետեւանքը։ Ամբողջ Արցախը եւ մաս մըն ալ Արեւելահայաստանէն գրաւուած ու քանդուած պիտի չըլլայի՞ն… երբ “Jerusalem Post” թերթը, պատերազմէն երեք ամիսներ առաջ (Յունիսին), բացայայտած էր որ թրքական բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը որոշած է յարձակիլ Հայաստանի եւ Յունաստանի վրայ։ Իսկ սիոնական այս թերթը թշնամական կեցուածք չունի Թուրքիոյ հանդէպ, այլ՝ Թուրքիոյ զինակից-դաշնակից պետութեան մը (Իսրայէլի) թերթն է. Իսրայէլ, որ ամենօրեայ զինամթերք պիտի հայթայթէր Ազրպէյճանին՝ պատերազմի 44 օրերուն…։


Ռուսաստանի պարտադրած հնգամեայ զինադադարը ո՞ր կողմին ի նպաստ էր. պարտեա՞լ, թէ՞՝ յաղթական…։ Երբ յաղթական կողմը դժգոհ է զինադադարի պայմաններէն եւ կը փորձէ խուսափիլ զանոնք գործադրելէ, եւ՝ վախ կը յայտնէ որ Փութին ի՛նք պիտի որոշէ Արցախի սահմանները։ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահը, նոյնպէս Ալիեւ ընտանիքէն, կը պոռթկայ, թէ՝ Ռուսաստան իրաւասութիւնը չունի որոշելու Արցախի ապագայ սահմանները։ Եթէ նոյնիսկ ըսել կ՚ուզէ, թէ Ռուսաստան կը փորձէ Արցախը նկատել ռուսական հող… ո՞ւր կը մնայ վերը յիշուած վերջին ռուս-թրքական անգոյ համաձայնագիրը, Պրն. Խմբագիր։ Լավրով հարկադրուեցաւ յայտարարելու, թէ Ռուսաստան նպատակ չունի Արցախը իր սահմաններուն մէջ առնելու։


Յետոյ… եթէ ռուս-թրքական գործակցութիւնը չի բխիր Արեւմուտքի շահերէն, ասիկա ինչ կապ ունի մեր հայկական շահերուն հետ, որոնք բնա՛ւ նոյնական չեն Արեւմուտքի շահերուն հետ, որ երկար դարեր նոյնական եղած են Օսմանեան ու Քեմալական թուրքերու շահերուն հետ, եւ թշնամական՝ Հայկական շահերուն, առնուազն Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրէն ի վեր, զոր Արեւմուտքը (Գերմանիա եւ Մեծն Բրիտանիա) գլխիվայր շրջեց Պերլինի հայավնաս եւ ուրեմն թրքանպաստ Պեռլինի դաշնագրի (հայանպաստ 16-րդ յօդուածը վերածելով թրքանպաստ 61-րդի)։


Տակաւին. Պրն. Խմբագիրը, մոռացութեան տալով Նորվեկիացի մեծ հայասէր Ֆրիտժոֆ Նանսէնի դատապարտութիւնը Եւրոպայի դիւանագէտներուն միջամտութիւնը Հայկական Հարցին, շատ կ՚ոգեւորուի երբ Արեւմուտքը (իր բառերով՝ «Միջազգային Հանրութիւնը») սկսած է հետաքրքրուիլ (այսինքն՝ միջամտել) հայ-թուրք հակամարտութեամբ… կարծելով թէ Արեւմուտքը ի նպաստ Հայութեան կրնար միջամտել։ Բայց, Պրն. Խմբագիր, պատմութեան մէջ կրնա՞ք յիշել օր մը, ժամ մը, րոպէ մը, որ Արեւմուտքը ի նպաստ Հայութեան քայլ մը առած է, բացի՝ շաղակրատելէ…։ Դուք ծանօթ չէ՞ք ձեր հին ղեկավարներէն՝ Ստեփան Տեփոյեանի ախտաճանաչումին մեր ժողովուրդին, թէ՝ «խաբուիլ սիրող է»…։ Նոյնիսկ մեր յեղափոխական կարծուած կուսակցութիւնները ապաւինած եւ «Եւրոպին», խաբուած են Արեւմուտքէն, սակայն միշտ ապաւինած են Արեւմուտքին, փոխանակ՝ ինքնիշխան ըլլալու։ Անոնք երգած են «յեղափոխական» կոչուած երգեր, որոնց մէջ խոստովանած են իրենց ապաւինիլը Եւրոպային (օրինակ. «Ուղիղ եօթ տարի ոչինչ արեցինք, Եւրոպի խօսքին ականջ կախեցինք», կամ՝ «Հերոս՝ մռնչեց, Սուլթան՝ դողդողաց, Եւրոպի աչքից՝ արտասուք սողաց»…)։


«Միջազգային Հանրութիւն» կամ «Միջազգային Կազմակերպութիւն» կոչուածները գոյութիւն չունին։ Գոյութիւնը ունեցողը Արեւմուտքի իմփերիալիստական հզօր տէրութիւններու վոհմակն է, որ զինակիցն ու դաշնակիցն է Փանթուրքական Թուրքիոյ եւ Սիոնական Իսրայէլի։ Այդ իսկ պատճառով, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի եւ Ապահովութեան Խորհուրդի մի քանի տասնեակ որոշումներ, տասնամեակներէ ի վեր, անգործադրելի մնացած են, Պրն. Խմբագիր (ինչպէս. Սեւրի Դաշնագիրը ոտնահարելով՝ Հայութեան, Քիւրտերու եւ Պաղեստինցիներու ազգային գերագոյն շահերը)։ Եւ հիմա՝ ձեր ցանկատեսութեամբ, մաղթանքներով եւ աղօթքներով, Հոգին Սուրբը պիտի իջնէ այս բարբարոսներու հոգիներուն մէջ, եւ՝ յանկարծ պիտի ապաշխարեն ու բարի գործ տեսնեն…։ Թէ՞՝ երբ ասոնք սկսին զբաղիլ հայ-թուրք հակամարտութեան հարցով, նոր աղէտներ պիտի պատճառեն մեզի։ Այս բարբարոսները իրենք են ստեղծողները, որդեգրողներն ու գործադրողները Փանթուրքիզմի ծաւալողական Ծրագրին դէպի Արեւելք։ Այսինքն. թշնամիները Հայութեան, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Չինաստանի։ Արեւմուտք եւ Թուրքիա, երբ գործակիցներ են Փանթուրքիզմի Ծրագրի գործադրութեան մէջ, որ գոյութենական սպառնալիք մըն է Ռուսաստանի եւ Հայաստանի համար։ Այսինքն. երբ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի գոյութենական շահերը կը համընկնին, Հայաստանի համար խիստ վտանգաւոր է Արեւմուտքի միջամտութիւնը հայ-թուրքական հակամարտութեան մէջ։ Քանի որ, Արեւմուտքը կ՚ուզէ ռուսական ռազմակայանին վերացումը Հայաստանէն, զայն մերկացնելու համար թրքական ներխուժումին առջեւ… ինչ որ կատարուեցաւ 1878 թուին, երբ Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրի Յօդ. 16-րդը կը պահպանէր ռուսական գրաւող բանակի պաշտպանութիւնը հայկական գաւառներուն, իսկ Պեռլինի Դաշնագրի Յօդ. 61-րդը կը վերացնէր ռուսական բանակի պաշտպանութիւնը հայկական գաւառներուն՝ ատոնց անվտանգութիւնը թողելով Սուլթանի բարեացակամութեան եւ Արեւմուտքի տէրութիւններու (Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա…) հեռաւոր ու բարոյական վերահսկողութեան, ինչ որ փաստօրէն՝ հայկական գաւառները կը մերկացնէր Սուլթանի ճնշումներուն ու հալածանքներուն առջեւ։ Այս պատմական փաստը ծանօթ չէ՞ արդեօք Պրն. Խմբագիրին։


Այսուհանդերձ, Պրն. Խմբագիրը մանկամիտ հրճուանքով կը գրէ. «Քիչ մը ուշ, սակայն, Եւրոպական Միութիւնը սկսած է (եղե՜ր) անդրադառնալ թէ Թուրքիան ինչպիսի անպարկեշտութեամբ շահարկած է (եղեր) իր յարաբերութիւնները Արեւմուտքի հետ…»։


Տակաւին. մամիկներու ասէ-կոսէները յիշեցնող սա հեքիաթը կը գրէ ան. «Ֆրանսայի նախագահը՝ Մաքրոն, Հայութիւնը մեծապէս պաշտպանած էր Մինսքի Խմբակի ժողովին մէջ, առաջարկելով Արցախի հարցը Ապահովութեան Խորհուրդին տանիլ, բայց այս մեծ օժանդակութիւնը Հայութեան, պիտի հանդիպէր Մոսկուայի վեթոյին, որովհետեւ Կովկասի մէջ կը խախտէր ռուս-թրքական կարգադրութիւնները…»։


Այս պարբերութիւնը կը հաստատէ, թէ խմբագիրը իրօք չէ ծանօթացած 1878 թուի Սան Սթեֆանոյի եւ Պեռլինի դաշնագրերու պատմութեան (առաջինի Յօդ. 16-րդին եւ երկրորդի Յօդ. 61-րդին)։ (Ան ծանօթ է սակայն, այն պատմական փաստին, որ Մաքրոնի Ֆրանսան՝ Հայոց Կիլիկիան ծախած է Օսմանեան Թուրքիոյ, բայց ծանօթ չէ նոյն Ֆրանսայի՝ Քեմալական Թուրքիոյ ալ Սուրիական Իսկենտերունը ծախելուն, հաստատելով որ Ֆրանսան եւ Արեւմուտքը միշտ ու միշտ պաշտպանած են Թուրքիոյ շահերը թէ՛ օսմանեան եւ թէ քեմալական օրերուն…)։

Հոս եւս, Փութին գործած է Յօդ. 16-րդի տրամաբանութեամբ, մերժելով Յօդ. 61-րդի հակահայ յօդուածի տրամաբանութիւնը։ Փութին ինք՝ առանձինը եւ միակողմանիօրէն, կտրուկ ու վճռական միջամտութեամբ, կասեցուց թուրք-ազերի-ՕԹԱՆեան յաղթական յառաջխաղացքը եւ Արցախը առաւ ռուսական բանակի պաշտպանութեան տակ, արգիլելով օտարներու միջամտութիւնը (նոյնիսկ ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու), եւ՝ լա՛ւ ըրաւ, մեզի ի նպաստ ըրաւ… Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն լաւագոյն պաշտպանութիւնը ըրաւ։ Եւ այսպիսով, Փութին փաստեց որ Անդրկովկասի մէջ վճռորոշ ուժը Ռուսաստանն է, զոր փաստած էր Վրաստանի մէջ Սահակաշվիլիի դէմ, որովհետեւ Անդրկովկասը Ռուսաստանի ռազմական անվտանգութեան գօտին է՝ համաձայն Ռուսաստանի Ռազմական Անվտանգութեան Հայեցակարգին (Արեւմուտքի եւ Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ), եւ հոս գործ չունին ու անբաղձալի են՝ Արեւմուտքն ու Թուրքիան (առաջին հերթին), որուն սպառնալիքին դէմ է որ ռուսական ռազմակայան կայ Հայաստանի թրքական սահմանին վրայ…։ Կը հասկնա՞յ արդեօք Պրն. Խմբագիրը այս իրողութիւններուն իմաստն ու դասը…։ Կը հասկնա՞յ արդեօք, որ Ռուսաստան՝ իր սեփական անվտանգութեան համար, կարիքը ունի հզօր Հայաստանի եւ Արցախի պատուարին՝ Թուրքիոյ դէմ…։ Կը հասկնա՞յ արդեօք, որ Ռուսաստան պաշտպանելով Հայաստանը եւ Արցախը Թուրքիոյ դէմ, փաստօրէն ինքնապաշտպանութիւն ըրած կ՚ըլլայ, եւ ոչ թէ բարեսիրական գործ, կամ՝ հայու սեւ աչքերուն սիրահարի զոհողութիւն…։ Այս ճշմարտութիւնն է պատճառը, որ թէ՛ Ցարական, թէ՛ Սովետական եւ թէ՛ Փութինեան Ռուսաստանը պաշտպանած է, կը պաշտպանէ եւ պիտի պաշտպանէ Հայաստանը Թուրքիոյ դէմ։ Սան Սթեֆանոյի Յօդ. 16-րդը, Սովետական «Դեկրետը Թուրքահայաստանի Անկախութեան Մասին», 1920 Նոյեմբեր 29-ի Սովետ Հայաստանի ստեղծումը եւ Փութինի 9 Նոյեմբեր 2020 թուի զինադադարը այս կը փաստեն։ Մեր երեք Հայաստաններէն (Թուրքահայաստան, Պարսկահայաստան եւ Ռուսահայաստան) միակ վերապրողը այս վերջինին ըլլալը՝ այս կը փաստէ։


Պրն. Խմբագիրը չի՞ յիշեր արդեօք, որ Սովետ Միութեան ինքնալուծարումէն յետոյ, երբ մինչ այդ գոյութիւն ունեցող երկբեւեռ հաւասարակշռեալ աշխարհակարգին յաջորդեց միաբեւեռ, անհաւասարակշիռ աշխարհակարգը ամերիկեան իմփերիալիզմի միահեծան տիրապետութեան տակ, որ յայտարարեց Պատմութեան վախճանը եւ բոլորին հրահանգեց՝ մոռնալ անցեալը, մոռնալ՝ պատմական իրաւունքները։ Եւ… անոր գործակալը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ալ հռչակեց՝ Պատմութիւնը ֆիկցիա է (fiction) եւ պատմական իրաւունքների հիմամբ պահանջատիրութիւնը իռացիոնալ ռոմանտիկա (irrational romanticism)։ Այլ խօսքով՝ իրաւազրկեալ ժողովուրդները թող մոռնան իրենց պատմական իրաւունքները. հայերը թող մոռնան Հայ Դատը, պաղեստինցիները՝ Պաղեստինը։ Ասիկա Թուրքիան եւ Իսրայէլը պաշտպանել չէ՞։ Արդեօ՞ք Պրն. Խմբագիրը չի յիշեր։


Եւ տակաւին. հասուն տարիքի հասած խմբագիրը, անմեղունակ մանուկի մը պէս, կը փորձէ Փութինին սորվեցնել, թէ՝ Ազրպէյճանի պահանջած միջանցքը Փանթուրքիզմի ծրագիր է։ Կարծելով թէ ինք կը մղէ Փութինը, որ մերժէ միջանցքը. այսինքն՝ կ՚ապաւինի անոր…։


Երբ Փանթուրքիզմի Ծրագրի թիրախը Անդրկովկասն է, զոր գրաւելով կամ բանալով միայն Թուրքիա կրնայ ցամաքային կապ ունենալ Ազրպէյճանի հետ, ուրկէ Կասպից Ծովի վրայով կրնայ մտնել Կեդրոնական Ասիա… Երբ Անդրկովկասն ու Կեդրոնական Ասիան Ռուսաստանի ռազմական անվտանգութեան գօտիներն են… Երբ Պատմութիւնը արձանագրած է տասնէ աւելի ռուս-թրքական պատերազմներ,… Կարմիր Բանակի ջարդերը՝ Էնվեր Փաշայի հրամանատարութեամբ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ կռուող Պասմաչիական փանթուրքական բանակին զինեալները՝ մինչեւ 1923 թ., երբ վերջնապէս արմատախիլ եղաւ Փանթուրքիզմի Ծրագիրը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, երբ սովետական իշխանութիւնները Կեդրոնական Ասիոյ իւրաքանչիւր թրքալեզու ժողովուրդին տուաւ անկախութիւն եւ զանոնք դրաւ իրարմէ անջատ պետութիւններու մէջ, եւ անոնց թուրք-օսմանական այբուբենը փոխարինեց Կիւրեղեանով (Cyrillic), այդ ժողովուրդները ընդմիշտ խզելով Փանթուրքիզմի քարոզչութենէն… Եւ երբ Էնվեր Փաշան ալ զգետնողը եղաւ Կարմիր Բանակի հայ հրամանատարներէն մին՝ Մելքումեան անունով…։ Այս բոլորին լոյսին տակ, ի՞նչ նպատակ կ՚ունենայ Խմբագիրին շեշտումը, թէ միջանցքը Փանթուրքական Ծրագրի մաս կը կազմէ, եթէ ոչ Փութինը մղել որ մերժէ միջանցքը։ Ասիկա Փութինին ապաւինելու փորձ չի նշանակեր։ Ձեռնծալ մնալով, Փութինէն միջանցքին արգիլումը սպասելը անվայել է ինքնիշխան ժողովուրդի մը։ Ինքնիշխանը կը հրաժարի Արեւմտաթրքական ազգաքանդ արեւելումէն, կ՚որդեգրէ ռուսական ազգապահպան արեւելում, եւ՝ Ռուսաստանի արժանապատիւ զինակիցի հանգամանքով կը ջանայ անոր հետ միասնաբար լուծելու միջանցքի ակնկալութիւնը։


Եւ տակաւին. Արեւմտաթրքական աշխարհայեացք եւ արեւելում ունեցող այս խմբագիրը, 14 Յունիսին տեղի ունենալիք Պայտըն-Էրտողան հանդիպումին տալով չափազանցուած կարեւորութիւն մը, եւ մասնաւորաբար՝ այդ հանդիպումէն խաբուիլ սիրելով (ինքնախաբէութեամբ), Հայութեան համար «խեր» մը ակնկալելով, գրած է հետեւեալ ցանկատեսական ու պատրանասիրական, առնուազն՝ անլուրջ եւ անհեթեթ խօսքերը. «Ինչպէս կը տեսնուի, մեծերու այս գագաթաժողովին օրակարգերէն մէկն ալ մեր ազգի ճակատագիրը պիտի ըլլայ… Այս ամէնը, անկախ մեզմէ, կրնան նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել Հայաստանի համար… կը բաւէ հետեւիլ այս զարգացումներուն եւ օգտուիլ դիւանագիտական առիթներէն»։


Կը նշանակէ, որ այս խմբագիրը հարազատ ժառանգորդն է մեր ազգի բոլոր քրոնիկ հիւանդութիւններուն –ուրիշներու ապաւինում, ինքնիշխանութեան անատակութիւն, յեղափոխական ոգիէ պարպուածութիւն, պատրանասիրութիւն, զօրաւորին ստրկամտութիւն (եթէ նոյնիսկ ան թուրքն է), որ մեզմէ անկախ պիտի որոշէ մեր ազգին ճակատագիրը… իսկ մենք մնանք ձեռնածալ… կը բաւէ որ մենք «օգտուիլ գիտնանք» դիւանագիտական առիթներէն, հետեւելով տեղի ունեցող մեզմէ անկախ զարգացումներուն, որոնց մենք կուրաբար կը հաւատանք որ պիտի ստեղծեն նպաստաւոր պայմաններ, քանի որ Պայտըն-Էրտողան հանդիպումը մեծերու գագաթաժողով է, եւ բացառիկ առիթ մըն է, որ «հայկական գործօնը» կը քննարկուի աշխարհի մեծերուն միջեւ՝ որպէս միջազգային հարցերէն մէկը, եւայլն…։


Իսկ թէ ո՞րն է Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծած սարսափին ու ցասումին եւ Հայաստանի անդամահատումին վախին լուծումը։ Խմբագիրը կը գրէ. «Եթէ Հայաստանի քաղաքական ընտրանին պահ մը դադրի փողոցային կռիւներէն եւ փորձէ կիրարկել իրական դիւանագիտութիւն, հետզհետէ ժամանակավրէպ կը դառնայ Ալիեւի միջանցքի ակնկալութիւնը եւ կարելի կ՚ըլլայ այս դառն բաժակը հեռացնել Հայաստանի սահմաններէն»։


Այս բախտագուշակային ոճով գրուած պարբերութեան մէջ, ոչ «քաղաքական ընտրանի»ն որոշ է, ոչ՝ «իրական դիւանագիտութիւն»ը, ոչ ալ՝ ի՞նչպէս Ալիեւի ակնկալութիւնը «հետզհետէ ժամանակավրէպ կ՚ըլլայ», կամ՝ ի՞նչ կը նշանակէ ակնկալութեան մը ժամանակավրիպացումը (հետզհետէ բացարձակ անկարելիութի՞ւն կը դառնայ… ի՞նչ ձեւով, որո՞ւն արգելքով կամ վճռորոշ միջամտութեամբ)։


Այս պարբերութիւնը ոչ մէկ շօշափելի եւ հասկնալի լուծում կ՚առաջարկէ, այլ՝ կը քաջալերէ որ հայը շարունակէ ապաւինիլ ուրիշներու կամ դիպուածներու եւ կուրօրէն հաւատալ, որ հայ ժողովուրդը փիւնիկի նման կը յառնի ամէն աղէտէ յետոյ։ Նախախնամութեան մէկ հրաշագործութեա՞մբ արդեօք։ Աստուծոյ օգնութեա՞մբը իր առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին։ Բայց… ո՞ւր է Աստուած Մեծ Եղեռնի ժամանակ։


Զանգեզուրի միջանցքի դառն բաժակը Ալիեւի ցանկատեսութիւնն է պարզապէս, եւ ոչ թէ իրօք դառն բաժակ, որ հետզհետէ ժամանակավրէպ պիտի դառնայ, այլ արդէն վաղուց ժամանցուած է… այն օրէն, երբ Զանգեզուրը մաս կը կազմէր Արեւելահայաստանի եւ Փութին քաջատեղեակ է որ միջանցքը փանթուրքական է…։


Կիրակի, 13 Յունիսին, Պայտընի հետ հանդիպումի նախօրէին, Էրտողան կատարեց յատկապէս Պայտընի հասցէագրուած յայտարարութիւն մը, թէ՝ Թուրքիա կը պաշտպանէ ՕԹԱՆ-ի սահմանները եւ կը յուսայ որ Պայտըն կը վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ կը զօրացնէ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու միաւորումը…։ Այլ խօսքով. Թուրքիա, ՕԹԱՆ-ի երկիրները կը պաշտպանէ Ռուսաստանէն։


Սակայն, Պայտըն արդէն, մի քանի օր առաջ, յայտարարած էր, թէ ԱՄՆ կը ցանկայ կայուն յարաբերութիւններ ունենալ Ռուսաստանի հետ։ Եւ նոյնիսկ՝ շաբաթներ առաջ ալ, Փենթակոնը յայտարարած էր, թէ ԱՄՆ պատրաստ է գործակցելու Ռուսաստանի հետ՝ այն հարցերուն շուրջ, որոնք հասարակաց շահեր կ՚ապահովեն երկու երկիրներուն։


Ուրեմն. կը մնայ որ Յունիսի 16-ին, Չորեքշաբթի, Փութին վստահեցնէ Պայտընը, թէ Ռուսաստան կը վարէ խաղաղասիրական քաղաքականութիւն, եւ հետեւաբար՝ երբեք ծրագիր չունի յարձակելու ԱՄՆ-ի վրայ, այլ՝ բոլոր հարցերուն մէջ համագործակցելու ԱՄՆ-ի հետ, եւ՝ այդ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու։ Եւ՝ Պայտընի յիշեցնէ, թէ Ռուսաստան կը համագործակցի Թուրքիոյ հետ անգամ, որ ոչ դաշնակիցն է Ռուսաստանի եւ ոչ իսկ անվերապահ բարեկամը, այլ՝ անդամը ՕԹԱՆ-ի եւ կողմնակիցը Փանթուրքիզմի Ծրագրին։ Այսպիսով՝ արժեզրկած ու վիժեցուցած կ՚ըլլայ Էրտողանի չարաշահումը իր այն յաւակնութեան, թէ Թուրքիա Ռուսաստանէն կը պաշտպանէ ՕԹԱՆ-ի սահմանները։


Որովհետեւ՝ Պրն. Խմբագիր, Փութին կը վարէ խաղաղասիրական քաղաքականութիւն, եւ հետեւաբար՝ Փանթուրքիզմի վտանգին եւ Արեւմուտքի իմփերիալիստական սպառնալիքին դէմ, կը վարէ կանխարգիլումի (ոչ՝ ճակատումի) ռազմավարութիւն։


Արցախեան վերջին պատերազմին նկատմամբ Փութինի կիրարկած ռազմավարութիւնը ա՛յս էր. կառուցողական, ոչ՝ քանդարար…։ Ասիկա հասկցողներուն եւ ըմբռնողներուն մեր ջերմ բարեւները։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page