top of page

Ժամանակն է որոշել թէ որոնք են մեր դաշնակիցները

Եթէ ազգովին խելամիտ ու միաբան չըլլանք, պիտի կորսնցնենք թէ՛ Հայրենիքը եւ թէ՛ սփիւռքը համաշխարհային յորձանուտին մէջ:

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


2018 թուականի ամրան սկիզբը, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն քանի մը օր յետոյ, անհրաժեշտ հեռախօսային զրոյցներ ունենալէ ետք «Նոր Հայաստան»ի որոշ «հին» ղեկավարներուն հետ՝ ճամբայ ինկանք դէպի քաղաքամայր Երեւան։ Յոյս ունենալով որ ժողովրդային պոռթկումէն եւ ամպագոռգոռ յայտարարութիւններէ ետք, որոնք կ’արձակուէին «Իմ Քայլ»ական, իրենք-զիրենք հայութեան նորելուկ «Փրկիչ»ներուն կողմէ, իսկապէս որ նոր արշալոյս մը պիտի բացուէր անցեալի քրէածին տարրերու կողմէ պատանդ վերցուած Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան երկնակամարին վրայ։ Մանաւանդ որ, ըլլալով նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Երեւանի պետական համալսարանի ժուռնալիստական ֆակուլտետի դասընկերը, զինք բանտէն ազատելու համա-սփիւռքեան որոշ շարժումներու անդամներէն՝ կարելի պիտի ըլլար հանդիպիլ, հարցազրոյց կազմակերպել, զինք շնորհաւորելու...։


Սակայն, որքա՜ն մեծ եղաւ հիասթափութիւնը, երբ քաղաքամայր Երեւանի փողոցները դարձեալ տեսայ մուրացիկներով, ծայրայեղ չքաւորութեան մէջ տուայտող, դարձեալ խաբուած ժողովուրդի զաւակներ, միւս կողմէն՝ նոյն «օլիկարխ»ները, որոնք իրենց ֆինանսական «օգնութիւն»ը տրամադրելով նոր վարչակարգին, նախկին տխրահռչակ Հ.Հ.Շ.ի հին թէ նոր խորհրդանիշերու աւազակներուն՝ արդէն իսկ ազատ-համարձակ կը գործէին ամէնուրեք։ Աւելին, մեր բազմաթիւ հեռախօսազանգերը նորանշանակ վարչապետի գրասենեակին, թէ Հայաստանի ինքնահռչակ Առաջին Տիկին-պիզնեսմենուհի Աննա Յակոբեան-Փաշինեանին՝ «Հայկական Ժամանակ»ի խմբագրութիւն, ապարդիւն անցան, խիստ զբաղուած ըլլալու պատճառով…։ Այցելեցինք նաեւ Սփիւռքի երբեմնի փառաւո՜ր նախարարութիւնը, դիմաւորուելով ազնիւ ու հայրենասէր Ժենիա Կիւլպէնկեանին կողմէ։ «Սփիւռքի Մայր» Հրանոյշ Յակոբեանին տեղը գրաւած էր զբօսաշրջիկային գրասենեակի մը նախկին մի ոմն տնօրէն՝ որ չէր գիտեր թէ ի՞նչ է Սփիւռքը։ Անմիջապէս իր առաջին այցելութիւնները ուղղուեցան դէպի Լոս Անճելըս-Կլէնտէյլ, բախտախնդիր-մաֆիոզներու որջը, դրամ շորթելու, նաեւ Մոսկուայի գեր-հարուստ համայնք, նոյն նպատակով։ Սփիւռքի պայծառափա՜յլ նախորդը իրեն յարմար չտեսաւ, այդ օրերուն տեղի ունեցած համա-հայկական լրագրողներու համագումարին իր ներկայութեամբ ելոյթ ունենալու առաջին իսկ օրէն վաստկելով Սփիւռքի ոչ-պնակալէզ մամուլի տիտաններու թշնամանքը։

Ապա՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր դարձած մեր «Քաջ Նազար» Մխիթար Հայրապետեանին փոխարինելու եկաւ մի քանի քաղաքացիութեամբ եւ «պատկանելիութեամբ» արդէն Սփիւռքի նորաստեղծ վարչութեան գործակատար Զարեհ Սինանեան։ Վերջինիս նոյնպիսի փառահե՜ղ իրագործումները Կլէնտէյլ եւ Մոսկուա այցելելն էր, դրամ հաւաքելու իր տիրոջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին գոհացնելու համար։ Ուրիշ ոչ մէկ յայտարարութիւն կամ գործ՝ Միջին Արեւելքի հայ մեծագոյն գաղթօճախները այս դժուարին ժամանակներուն օգնութեան հասնելու՝ նուազագոյնը՝ բարոյապէս կամ ալ հայրենասիրական շունչ հաղորդելու դոյզն ջանքերով։

Մեր երեք այցելութիւնները «Նոր Հայաստան» հետեւեալ եզրակացութիւններու յանգեցուցին.


Ա) Իբր թէ փորձուեցաւ «ոչ ձուկ» ոչ մուկ պլստալով, ասֆալթին փռելով, պատերուն ծեփելով … դեղին լրագրութեան փառապա՜նծ հերոս Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նոր պետութիւն ստեղծելու…։ Այսինքն՝ Դանիայի օդանաւային ընկերութեան մը մէջ տոմս վաճառող Տաթեւիկ Ռեւազեանին կարգել բիւրաւոր այցելուներ եւ զբօսաշրջիկներ փոխադրող Հայաստանի քաղաքացիական վարչութեան պետ։ Արդիւնքը՝ խայտառակ ձախողած եւ քորոնաժահրն ու իր յղութիւնը պատճառաբանող այս խաբեբային փախուստը երկրէն, հսկայական ֆինանսական եւ բարոյական վնաս հասցնելով երկրին։

Հ Ազգային Ժողովը լեցուեցաւ «Իմ Քայլ»ական բախտախնդիրներով, որոնցմէ ամէնէն «պայծառ»ը՝ Արման Բաբաջանեան կոչուած անձն էր, երբեմնի ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարուհի Մատլէն Օլպրայթէն եւ հետախուզական վարչութենէն կլորիկ գումարներ ստացած աւազակ մը, իր նման մոլեռանդ հակա-ռուս, հակա-իրանեան, հակա-հայ Ստիոպա Սաֆարեանին, Լեւոն Շիրինեանին, նախկին վարչապետ Արամ Սարգսեանի հետ, անոնք միայն երկու տարուան մէջ ամէն կողմէ թշնամիներով պաշարուած մեր հայրենիքը դարձնել 1795 թուականէն ներկայ Հայաստանի տարածքը եւ Արցախը ազատագրած եւ պահպանած Ռուսիոյ ոխերիմ հակառակորդ։

Բ) Հակառակ բոլոր ռազմական, ռազմագիտական, մարդասիրական օգնութեան, 3 միլիոն հայերով բնակուած եւ անոնց ուղարկած միլիոնաւոր տոլարներով ապրող Հայաստանի Հանրապետութեան «առիւծիկ» ղեկավարները, յաջողեցան քարուքանդ ընել ռուս-հայկական յարաբերութիւնները, Երեւանը դարձնել «Ռուսիան Այսօր» աշխարհահռչակ պատկերասփիւռային ալիքի համշէնահայուհի տնօրէնուհի Մարգարիտա Սիմոնեանի «Ապտակ» խօսքերով՝ հակա-ռուսական թունաւոր քարոզչութեան, նախագահ Վլատիմիր Փութինի վարչակարգը տապալելու, Ռուսիոյ թշնամիները (Նավալնի, Փորոշենքօ, Զելենսքի) հիւրընկալելու հարթակ։


Աւելին, Հաւաքական Անվտանգութեան ռազմական հզօր կազմակերպութեան կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար, ծագումով արցախցի Եուրի Խաչատուրովը խայտառակ դաւերով ետ կանչել Հայաստան՝ դատական հայցեր յօրինելով, մինչ իր զաւակը՝ հերոս-զօրավար Կրեկորի Խաչատուրով՝ կարողացաւ ոչ միայն պաշտպանել Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանները, այլեւ 160 հեքթար հող ալ ազատագրել, մինչ մեր վաստակաշատ վարչապետը վայրի թութ ուտելով զբաղած էր։

Ոխակալութեան, իր եւ ՀՀՇ-ի խորամանկ «վարպետ» ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին վրայէն հեռացնելու 2008 թուականի Մարտ 1-ի ողբերգութեան հրահրողի ծանր մեղքը, երկու անգամ ձերբակալուեցաւ, դատարանէ-դատարան քաշկռտուեցաւ Արցախի եւ Հայաստանի պետականութեանց մէջ պատմական դեր խաղացած, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան։ Անշուշտ, «իրենց ներքին գործով» նպատակն էր վարկաբեկել գեր-հզօր պետութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ որուն հրամանով է որ ռուսական 200 միլիոն տոլար վարկով գերարդիական Սուխոյ-M30 կործանիչներու առաջին չորս ռազմական օդանաւերը յանձնուեցան Հայաստանին։ Մանաւանդ որ, «Իսքենտեր» զարհուրելի ցամաք-ցամաք հրթիռներով Պաքուն ռմբակոծել յոխորտացող «Նոր Հայաստան»ի ղեկավարները զանոնք նոյնպէս ստացած էին Ռուսիոյ բարեհաճ որոշումով։


350 հազար տոլար Հայաստանի պիւտճէէն մսխած, միլիառատէրերու ինքնաթիռով Կիւմրիէն Լոս Անճելըս եւ Նիւ Եորք ժամանած Նիկոլ Փաշինեանի երազները միլիոնաւոր տոլարներ ստանալու նախագահ Թրամփէն՝ եզրափակուեցան «սելֆի»ով մը…։ Իսկ վերջերս, ըստ լուրերուն, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան, Հայրենական Մեծ Պատերազմին իրագործուած յաղթանակի զօրահանդէսին, նախագահ Փութինին յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանի ցանկութիւնը՝ Հայաստանը «ազատագրուած» տեսնել ռուսական 102-րդ հզօր խարիսխէն, որուն կեդրոնը Կիւմրին է։ Ռուսիոյ նախագահը խորհուրդ տուած է «կրակի հետ չխաղալ»։


Գ) Իրանի հետ հայ ժողովուրդին ռազմական, տնտեսական, առեւտրային, մարդասիրական յարաբերութիւնները 2000 տարուան պատմութիւն ունին։ Արցախեան բոլոր պատերազմներու օրերուն, Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը, հակառակ որ աւելի քան 20 միլիոն ազերի քաղաքացիներ ունի՝ միշտ կանգնեցաւ Հայաստանի կողքին, սպառնալով հարուածել ազերիներու կողմէ որեւէ ոտնձգութիւն։ Աւելին, տնտեսական պաշարման դժուարին օրերուն՝ հսկայական մարդասիրական օգնութիւն արտօնուեցաւ անցնիլ դէպի Հայաստան, Մեղրիի թէ ազատագրուած Արցախի սահմաններով։ Որպէս անշնորհակալ պատասխան այս բոլորին, Հ.Հ. ամենագէտ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Իսրայէլի մէջ պաշտօնական բացումը կատարեց Հայաստանի դեսպանութեան՝ Արմէն Սմբատեանն ալ նշանակելով դեսպան։ Մինչ Իսրայէլի կողմէ նշանակուած, Ուքրանիոյ հրեայ դիւանագէտ Էլիան Պելացերքովսկի, մինչեւ այսօր չէ բարեհաճած պաշտօնի անցնիլ Երեւանի մէջ։ Պատճառը երեւան ելաւ Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի նախայարձակման օրերուն՝ երբ հայկական բանակը վար առաւ հարիւրաւոր միլիոն տոլար արժող իսրայէլեան անօդաչու ինքնաթիռներ՝ ինչպէս 2016 թուականի քառօրեայ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն։ Աւելի վտանգաւորը՝ որպէս կը վախնայ Թեհրան՝ Հայաստանը այս արեւմտամէտ իշխանաւորներու օրերուն դարձնել իսրայէլեան հետախուզութեան եւ ահաբեկիչներ պատրաստելու գաղտնի կեդրոնի՝ Ազրպէյճանի նման։ Ամիսներ առաջ արդէն՝ Նախիջեւանէն թռիչք առած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր հարուածած էին իրաքեան «Ալ-Հաշտ ալ-Շաապի»ի կեդրոնները...։ Անմիտ, կարճատես արտաքին քաղաքականութեան արարները կրնան ողբերգական ըլլալ աշխարհատարած Սփիւռքի համար։ Վերջերս, Թեհրանի եւ Թաւրիզի մէջ հարիւրաւոր ազերի ցուցարարներ փորձած են յարձակիլ Հայաստանի դեսպանութեան եւ 600 անդամ հաշուող Թաւրիզի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանին վրայ։ Իրանի Յեղափոխութեան պահապանները եւ ոստիկանութիւնը փառաւոր ծեծով հեռու վանած են զիրենք՝ միաժամանակ հայ ղեկավարներուն յայտնելով, թէ հակառակ Հայաստանի որոշման, Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալու վտանգաւոր որոշման՝ Իրան միշտ պիտի կանգնի հզօր Հայաստանի կողքին...

Այսօր, եթէ ամբողջ հայութիւնը մեր երկրագունդին վրայ յարձակման տակ է թուրք-ազերի հրոսակներուն կողմէ՝ ապա եւ ժամանակն է որոշել թէ որոնք են մեր դաշնակիցները, որոնք կրնան ոչ միայն Հայաստանի հանրապետութիւնը, այլեւ Սփիւռքի հայութիւնը, Արցախը պաշտպանել։ Ներքին պառակտումներ յառաջացնելու, զանգուածային թէ արդի հաղորդակցութեանց միջոցները հայերուն միջեւ թշնամանք սերմանելու, պոռոտախօս Փրկիչի պատմուճաններ հագնելով ժողովուրդ մոլորեցնելու այդ բոլոր խեղկատակութիւնները հասցուցին այնտեղ, ուր մեր հայրենիքը կրնայ ի սպառ վերանալ։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page