Ժողովուրդ մը հին՝ բայց միշտ զրկուած իր նուաճումներու կուտակումէն
Մենք չէինք գիտակցած Սովետ Հայաստանի արժեհամակարգին իսկական արժէքին ու արժանիքին։
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 31 Մայիսի, 2021
«Իրականում՝ իշխանութիւնը երբեք եւ ՈՉ ՄԻ ԵՐԿՐՈՒՄ ժողովրդին չի պատկանել եւ պատկանում», ՓՐՈՖ. ՍՈՒՐԷՆ Թ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Վերը մէջբերուած խօսքը շարժառիթը եղաւ այս գրութեան խորագրի ճշդումին։
Երբ պատմագէտ փրոֆեսորը «ԵՐԲԵՔ ԵՒ ՈՉ ՄԻ ԵՐԿՐՈՒՄ»ի նման լակոնական, կտրական ու բա-ցարձակ եզրերով դիտարկում մը կը կատարէ, եւ իր այսպիսի ոճով կատարած դիտարկումին իբր փաստ կը յիշէ միայն Արեւելահայաստանի վերջին օլիգարխիական Գ. Հանրապետութեան եւ Փաշի-նեանի «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» իշխանութիւնները, զանոնք նկատելով հայ ժողովուրդին յատուկ իշխանութիւններ, հարկ համարեցինք կատարել կարգ մը ճշդումներ՝ այս գրութեան վեր-ջաւորութեան։ Որովհետեւ՝ այս գրութեան առաջնահերթ նպատակն է դրապէս անդրադառնալ յարգելի փրոֆեսորի բուն գրութեան, որ լոյս տեսաւ «ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթի 16 Մայիս 2021 թուակիր համարին մէջ, «Նախընտրական Մտորումներ» խորագրով։
• • •
Յառաջիկայ Յունիս 20-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին Արեւելա-հայաստանի մէջ տիրող խառնիճաղանճով խիստ մտահոգուած հայրենասէր պատմագէտը, իր պար-տականութիւնը նկատած է՝ բոլոր հայրենասէրներու ուշադրութիւնը հրաւիրել շարք մը տխուր երեւոյթներու, սխալներու, եւ՝ շարք մը անհրաժեշտ անելիքներու շուրջ, վերականգնելու համար ժո-ղովուրդին ինքնավստահութիւնը եւ հաւատքը ապագային հանդէպ։
Ան կը գրէ հետեւեալները.
1-«Տայ Աստուած, որ սթափ լինենք, ճիշդ կողմնորոշուենք, եւ բոլորիս համար միակ ելակէտը՝ հայրենիքի եւ ժողովրդի արժանապատիւ եւ ուժեղ ապագան լինի»։
Այսինքն. ճիշդ արեւելում որդեգրենք, եւ համահայկական ոգին ցուցաբերենք՝ եսակեդրոնութեան, հատուածամոլութեան եւ մենատիրութեան փոխարէն…։
2-«Ամէն մարդ ու ժողովուրդ էլ սխալուելու եւ այդ սխալը ջնջելու-շտկելու իրաւունք ունի…»։
Մեզ այս խայտառակ պարտութեան հասցնող սխալներէն մեծագոյնը՝ Արեւմտաթրքական Արեւե-լումն էր. շտկենք զայն, որդեգրելով ճիշդը՝ Ռուսականը։
3–Ուրիշներու ապաւինելով՝ պայքարելու մեր սեփական պարտականութենէն փախուստ տալու փո-խարէն, ընտրել՝ Պայքարի գործելու ոճը։
4-«Վերջ դնել դիւանագիտական խեղկատակութիւններին, եւ՝ մեր ռազմավարական դաշնա-կից Ռուսաստանի զօրակցութեամբ հայանպաստ միջազգային վարկ ստեղծել աշխարհում»։
Այսինքն. չմոռնալ որ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ մեր ստրատեգիական, ռազմավարական դաշ-նակիցը միայն Ռուսաստանն է, որուն գոյութենական շահերը կը համընկնին մեր գոյութենական շահերուն հետ։ Այս համընկնումն է առարկայական ու հաստատ հիմքը Ռուսական Արեւելումին, քանի որ այս համընկնումը՝ ոչ մեր ենթակայական ռուսասիրութիւնն է, եւ ոչ ալ ռուսերու զգա-ցական կամ բարեսիրական հայասիրութիւն. այլ՝ Ռուսաստանի պաշտպանութիւնը Հայաստանի, միաժամանակ ինքնապաշտպանութիւն է, եւ՝ փոխադարձաբար։ Մեր պաշտպանութիւնը Ռու-սաստանի անվտանգութեան, համազօր է մեր ինքնապաշտպանութեան եւ անվտանգութեան…։
Եւ այս իսկ պատճառով, պատմագէտ-փրոֆեսորը վստահ է Ռուսաստանի «զօրակցութեան», եւ՝ այդ ստոյգ զօրակցութիւնը կասկածի տակ դնող արեւմտաթրքամէտներէն կը պահանջէ վերջ դնել իրենց դիւանագիտական խեղկատակութիւններուն։
5-«Գիտամշակութային միջոցներով եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցու գործօն օժանդակու-թեամբ պայքարել ու վերացնել հոգեւոր աղքատութիւնը…»։
Այսինքն. Գ. Օլիգարխիկ Հանրապետութիւնը իր նոր-ազատական, վայրի դրամատիրական արժե-համակարգով ու «խղճի ազատութեան» կեղծ նշանաբանով արտօնուած 62-ի հասնող գոյնզգոյն կասկածելի, ծածկագիտական, քաղաքական ու առեւտրական Հայց. Եկեղեցիին թշնամի աղանդ-ներով՝ քարոզեցին Բ. Հանրապետութեան ժողովրդահայրենասիրական արժեհամակարգին դէմ, երկրին մէջ ստեղծելով «Հոգու Սով», քաջալերելով՝ եսասիրութիւնը եւ դրամապաշտութիւնը, եւ՝ հարուածելով Համահայկական ու Յեղափոխական Ոգին, Հայրենասիրութիւնն ու Հայց. Եկե-ղեցւոյ հոգեւոր հեղինակութիւնը։ Ասոր՝ «հոգու սով»ի, հոգեւոր աղքատութեան պատճառով մենք կրեցինք վերջին խայտառակ պարտութիւնը։ Հոգեւոր թշուառութեան վերացումը կը պահանջէ վճռական պայքար մը, երկու գլխաւոր առաջադրանքներով՝ աշխարհական-քաղաքական, վերահաս-տատել Բ. Հանրապետութեան արժեհամակարգը, եւ հոգեւոր-եկեղեցական՝ Հայց. Եկեղեցւոյ արմա-տական Բարենորոգումը, – նախ վերջ տալով անոր երկգլխանիութեան, ապա՝ որդեգրելով Հայկա-կան Բարենորոգչական Թոնտրակեան Յեղափոխութեան դրոյթները, եւ՝ Լատին Ամերիկայի Կաթո-լիկ աստուածաբաններու որդեգրած Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան դրոյթները, զոր այսօր կը կիրարկէ Վատիկանի Ֆրանչիսկոս Ա. Քահանայապետը։
Որովհետեւ՝ այսօր Ազգային Եկեղեցին, իր տարածաշրջանին մէջ, դարձած է կարեւոր գործօն մը՝ աշխարհաքաղաքական դիմակայումի իբր վճռորոշ գործօն, զօրացնելու իր երկրի դիմադրականու-թիւնը՝ միաւորելով իր պետութիւնն ու ժողովուրդը։ Արեւելահայաստանի մէջ այս միասնակա-նութեան չգոյութիւնը, ընդդէմ՝ թուրք-ազերիական նախայարձակումին, մեծապէս սատարեց մեր պարտութեան…։ Թուրք-ազերիական ճակատին դէմ՝ եթէ գոյութիւն ունեցած ըլլար միասնականու-թիւն, մէկ կողմէ մեր պետութեան ու ժողովուրդին միջեւ, եւ միւս կողմէ՝ Արեւելահայաստանի եւ իր դաշնակից Ռուսաստանի միջեւ, պարտութիւնը կանխուած կ՚ըլլար, որովհետեւ մեր տարածաշրջա-նին մէջ, աշխարհաքաղաքական դիմակայութիւնը՝ Փանթուրքիզմի բեւեռին եւ անոր հակառակորդ-ներուն բեւեռին միջեւ է. թուրք-ազերիական ճակատին եւ Ռուսաստան-Հայաստան ճակատին միջեւ։
6-«Թօթափել պարտուածի հոգեվիճակը եւ հայ մարտիկը նախապատրաստել նորանոր ու տեւական յաղթանակներ կռահելու հոգեվիճակով»։
Այս խիստ առաջնահերթ առաջադրանքը իրագործելու համար կան երկու նախապայմաններ.
Առաջինը՝ Համահայկական Ոգիով կերտումը ժողովրդահայրենասիրական միաւորուած համակար-գին, որ յեղափոխական ոգիով պիտի հրաժարի ուրիշներու ապաւինելու մեր մահացու ախտէն եւ պիտի որդեգրէ ինքնիշխան դառնալու պայքարի ուղին։
Երկրորդը՝ այդ ինքնիշխան համակարգը պիտի որդեգրէ ճիշդ կողմնորոշումը (Ռուսական Արեւելու-մը), գիտակցելով՝ որ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի գոյութենական շա-հերուն համընկնումը աշխարհաքաղաքական հաստատուն փաստ մըն է, եւ՝ որ Ռուսաստանի պաշտպանութիւնը Հայաստանի, միաժամանակ իր իսկ ինքնապաշտպանութիւնն է, եւ՝ փոխա-դարձաբար, Հայաստանի պաշտպանութիւնը Ռուսաստանի հզօրութեան, միաժամանակ իր իսկ ինքնապաշտպանութիւնն է եւ հզօրացումը…։
Այս երկու նախապայմաններուն լրացումով, Հայաստան ոչ միայն կը թօթափէ պարտուածի հո-գեվիճակը, այլ՝ կը վայելէ Ռուսաստանի զօրակցութիւնը։ Ինչ որ Հայաստանի կու տայ միջազ-գային վարկ մը, զոր կը վայելէր Բ. Հանրապետութիւնը, որուն շնորհիւ՝ հայ գիտնականներ, արուեստագէտներ, զինուորականներ, նոյնիսկ մարզիկներ, կը ստանային միջազգային ճանաչում։
Սովետ Հայաստանի օրով, նոյնիսկ «Ռատիօ Երեւան Անեկդոտները» վերտառութեամբ սիւնակներ կային Փարիզեան թերթերուն մէջ։
(Այդ անեկդոտները Երեւանի ռատիոյէն տրուած հարցումներ էին, եւ այդ հարցումներուն տրուած պատասխանները։ Այդ հարց-պատասխաններէն նմոյշներ էին, օրինակ.
Հ._ Փայտոջիլը կարո՞ղ է սոցիալական յեղափոխութիւն իրականացնել։
Պ._ Այո՛, քանի որ նրա երակներում եռում է բանուորագիւղացիական արիւնը։
Նաեւ.
Հ.– Այր մարդը կարո՞ղ է յղիանալ։
Պ.– Բժշկագիտութիւնը այս մասին տակաւին լուռ է մնում, սակայն Ազրպէյճանի մայրաքաղաքում փորձարկումները շարունակւում են…)։
7-«Անչափ կարեւոր է նաեւ, որ չոգեւորուենք օտարների բերնից հնչած հայանպաստ յայտարարութիւններից եւ երբեք չկորցնենք մեր զգօնութիւնը։ Փորձենք հասկնալ, թէ իրա-կանում ինչո՞ւ ԱՄՆ նախագահը ճանաչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Եւ՝ կը թելադրէ չմոռնալ, որ ճանաչումով հանդերձ, ԱՄՆ ազատօրէն զէնք կը վաճառէ Ազրպէյճանին։ Քանի որ այդ ճանաչումը լոկ բարոյական է, զուրկ՝ քաղաքական բովանդակութենէ ի նպաստ Հայութեան։ Այլ՝ քաղաքականօրէն զէնք կը վաճառէ Ազրպէյճանին, ինչ որ առիթ կու տայ որ «մէկ անգամ եւս թուրք-ազրպէյճանական զոյգը ցնծում է, իսկ մեր ԱՐԵՒՄՏԱՄԷՏ բեւեռին ՑԱՒԱԿ-ՑԵԼՈՒ առիթ տալիս»։
Պատմագէտ Փրոֆեսորի այս ցաւատանջ «ցաւակցութիւնը» կ՚արթնցնէ՞ արդեօք մեր արեւմտաթր-քական օրիանթացիայի պինդ գլուխ ու բթամիտ կողմնակիցները, որոնք չանսացին անգամ մեծ հայասէր-գիտնական Ֆրիտժոֆ Նանսէնի պատգամին, որ գաղթականներու գծով Ազգերու Լիկայի մեծ պաշտօնատարն էր եւ իր շօշափելի հայասիրութիւնը փաստեց, Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորներուն տալով միջազգային փաստաթուղթ մը՝ “Laissez-Passer” յատուկ անցագիր մը, որ կը հաստատէր զայն կրողներուն Տարագիրի, Հայրենազրկեալի Ինքնութիւնը Հայաստանէն, Մի-ջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ անոնց վերապահելով հայրենիք վերադարձի իրաւունքը։
Արեւմուտքի դէպի Արեւելք ծաւալելու նպատակ հետապնդող բոլոր իմփերիալիստական տէրու-թիւններն ու գաղութարարները զինակիցը եղած են Թուրքիոյ, եւ թշնամին՝ Հայութեան ու Ռուսաս-տանի, միեւնոյն պատճառով՝ Փանթուրքիզմի Ծրագրին պատճառով, զոր մշակողները թուրքերը չէին, այլ՝ սիոնական հրեայ հինգ պատմագիրներ (հունգարահպատակ, ֆրանսահպատակ, գերմա-նահպատակ, լեհահպատակ եւ աւստրիահպատակ), որոնց երեքը օգտագործած են թրքական ծածկանուններ (Թեքին Ալփ, Մուրատ Էֆենտի եւ Մուսթաֆա Ճելալետտին Փաշա)։ (Այս հինգը, 1873-1923 տարիներուն ընթացքին հրատարակեցին տաս հատորդներ՝ գերմաներէն եւ ֆրանսերէն լեզու-ներով։ Իսկ Փանթուրքիզմի մասին թուրք առաջին հեղինակը՝ Զիա Կէօքալփ, ասոնցմէ կէս դար վերջ –1923 թ.– Տիարպեքիրի մէջ հրատարակեց իր “Türçülügin Esasları” խորագրով հատորը։ Այս բոլորի մասին մանրամասն տեսնել՝ Մեթր Գ. Տէրտէրեան, «Սիոնիզմի եւ Փանթուրքիզմի Առնչութիւն-ները եւ Անոնց Սպառնալիքը Հայաստանի Լինելութեան», Պէյրութ, 1990, հրատ. Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի)։
8-«Ամերիկայի եւ Թուրքիայի շահերը՝ Կովկասում, համընկնում են։ Կամ, այլ խօսքով՝ Թուր-քիան Ռուսաստանի դէմ Կովկասում հիմնական պատուարն է, եւ ԱՄՆ-ի մահակն այստեղ…»։
Լեզուագիտութեան աշխարհահռչակ հեղինակութիւն հանդիսացող, նոյնինքն հրեայ, բայց հակա-սիոնական՝ Նոամ Չոմսքին գրած է. «ԱՄՆ-ի Միջին Արեւելքի մէջ հաստատած երկու օֆֆշոր ռազ-մակայաններն են Թուրքիան եւ Իսրայէլը»։
Այս երեք պետութիւններու հասարակ-յայտարարը իրենց տարատնկեալութիւնն է (ուրիշ բնիկ ժողովուրդներու հայրենիքին մէջ եւ անոնց արեան ու ոսկորներուն վրայ…)։ Այս երեքին դաշինքը անքակտելի է, այնքան ժամանակ որ ԱՄՆ կը մնայ Իմփերիալիստ, Թուրքիա՝ Փանթուրքիստ, եւ Իսրայէլ՝ Սիոնական։ Երբ Պայտըն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիա չբողոքեց. ոչ թէ խնայելով իր դաշնակիցին, այլ՝ քանի որ սնամէջ ճանաչում էր։
9-«Իսկ մենք ոչ միայն Արցախը կորցրեցինք, այլ նաեւ՝ այն վերադարձնելու յոյսը…։ Հակառու-սական քարոզչութիւն իրականացնելիս, մոռանում են, որ Արցախը տալու ակունքներում՝ նաեւ մենք ենք կանգնած – մեր սեւ ու սպիտակով, մեր աններելի սխալներով ու տարօրինակ յայտա-րարութիւններով»։
Ուրիշներու ապաւինելու մեր ախտի դրամին միւս երեսն է մեր սխալները ուրիշին վերագրելու ախտը…։ Մեր անելիքները ուրիշէն ակնկալելու անչափահասութեան անբարոյութիւնը, ինքնիշ-խանութեան մեր անատակութիւնը, ուրիշին ենթարկուելու եւ հպատակելու մեր ստրկա-մտութիւնը… մեր՝ Պաթումի եւ Ալեքսանդրապոլի ստրկական դաշնագրեր ստորագրելու անվայե-լութիւնը։ Նաեւ՝ մեր ամօթալի կարօտախտը ցարական տիրապետութեան օրերուն, եւ՝ ափսոսա-լիօրէն տգէտ կարօտախտը սովետի օրերուն… քանի որ մենք չուզեցինք պահպանել սովետի օրերու արժեհամակարգը եւ թոյլ տուինք օլիգարխիական համակարգը. ինչ որ կը նշանակէ թէ մենք չէինք գիտակցած Սովետ Հայաստանի արժեհամակարգին իսկական արժէքին ու արժանիքին։
10–Փրոֆեսորը կը յիշէ երկու ռուս եւ մէկ հայազգի վերլուծաբաններու բնութագրումները՝ Ռուսաս-տանի նկատմամբ Հայաստանի դերին ու ճակատագրին շուրջ։ Ռուս վերլուծաբանները «Թուրքիան բնութագրում են իբրեւ Ռուսաստանի “գերեզմանափոր”ի թիւ մէկ թեկնածուի…»։ Մինչ հայազգի վերլուծաբանը. «Ռուսաստանի քաղաքական մահուան ամենագործուն բանալին հայերի ձեռքին է»։
Երկու ազգերու վերլուծաբանները՝ վերջին հաշուով, ըստ էութեան, միեւնոյն բնութագրումը կու տան՝ հայ-ռուս գոյութենական շահերուն, Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ փոխկապակցութիւնն ու համընկնումը։ Հայաստան կը ցանկայ հզօր պահել Ռուսաստանը Թուրքիոյ դէմ։ Ռուսաստան ալ կը ցանկայ ուրեմն՝ Հայաստանը հզօր պահել Թուրքիոյ դէմ. միեւնոյն գոյութենական թշնամիին դէմ…։ Եւ այս համընկնումը ունի փոխադարձ պարտաւորութիւններ երկու կողմերուն համար հա-ւասարապէս (այսինքն. երկուղի ճանապարհ է two-way traffic, ոչ՝ մէկուղի)։ Այլ խօսքով. մէկ կողմը միայն պաշտպանութիւն կը ստանայ, բայց իր հերթին չի պաշտպաներ միւս կողմը, նոյնիսկ՝ կրնայ դաւաճանել զինք պաշտպանող կողմին…։ Այսպէս չեղա՞ւ Արցախի վերջին պատերազմին, երբ Արեւ-մտաթրքական օրիենթացիայի կողմնակիցները դաւաճանեցին Ռուսաստանին, բայց կարծեցին որ Ռուսաստան իրենց փոխարէն պատերազմի թուրք-ազերի-ՕԹԱՆ ճակատին դէմ։ Ասիկա քաղաքա-կան պոռնկութիւն չէ՞…։ Սակայն, Ռուսաստան՝ իր գոյութենական շահերը պաշտպանելու համար, պաշտպանեց Արցախը եւ կասեցուց յաղթական թշնամիին յառաջխաղացքը՝ հնգամեայ զինադադարով մը, որ նպաստաւոր է Արցախին (ոչ՝ թշնամիին)։ Այս պատճառով է որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահը վախ յայտնեց, որ Ռուսաստան ի նպաստ Արցախին կ՚աշխատի, եւ պաշտօնապէս պոռթկաց. «Ռուսաստան իրաւունք չունի գծելու Արցախի սահմանները»։
Թշնամիին յաղթական յառաջխաղացքին կասեցումը որո՞ւ կը նպաստէ. յաղթակա՞ն կողմին, թէ՞՝ պարտեալ, պարոնայք Արեւմտաթրքականներ…։
• • •
Փրոֆեսորը անդրադարձած է նաեւ նախընտրական օրերուն կրկնուող քարոզարշաւներուն, որոնք կը պնդեն, թէ՝ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, եւ ինք կը հերքէ հետեւեալ բառերով. «Իշխանութիւնը ԵՐԲԵՔ ԵՒ ՈՉ ՄԻ ԵՐԿՐՈՒՄ ժողովուրդին չի պատկանել եւ չի պատկանում։ Այն պատկանում է ոչ թէ “կեղծ” կամ ”անկեղծ” ընտրանքին, այլ՝ իրական վերնախաւին։ Նրանց, ովքեր պետութեան մէջ որոշումներ են ընդունում»։ Բայց, պետութեան մէջ որոշումներ ընդունող բոլոր երեք իշխանութիւններու մարմիններն ու անդամները ընտրուած են ժողովուր-դին կողմէ։ Անոնք ներկայացուցիչներն ու փոխանորդներն են ժողովուրդին, որովհետեւ պետու-թեան մը բոլոր որոշումները կարելի չէ ընդունիլ հանրաքուէներով…։
Դասակարգային բեւեռացում ունեցող երկրի մը մէջ, իշխանութիւնը կը պատկանի տիրող դասակարգի ժողովուրդին։ Եթէ երկրի համակարգը դրամատիրական է, իշխանութիւնը կը պատկանի դրամատէր դասակարգի ժողովուրդին, որ երկրի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չի ներկայացներ, այլ՝ շատ փոքր փոքրամասնութիւնը…։ Եթէ համակարգը սոցիալիստական է, իշխանութիւնը կը պատկանի աշխատաւոր դասակարգի ժողովուրդին, որ երկրի ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ։
Յարգելի Փրոֆեսորը, իր պնդումին իբր փաստ կը յիշէ Գ. Հանրապետութիւնը, որ դրամատիրական համակարգ ունի. այսինքն՝ օլիգարխիական, սակաւատիրական, ուր իշխանութիւնը կը պատկանի օլիգարխներու դասակարգի ժողովուրդին –փոքրաթիւ փոքրամասնական– ուր պետութեան մէջ որոշումներ ընդունողները, մինչեւ 2018 թուական, եղած են՝ Փրոֆեսորի որակումով «կոռում-պացուած, յղփացած, ճարպակալած ուղեղով ընտրանի մը», իսկ հիմա՝ «տգէտ, անմեղունակ, անպատասխանատու վերնախաւ»։
Բայց այս փաստը կրնայ մասամբ միայն հաստատել յարգելի Փրոֆեսորի տեսակէտին ճիշդ ըլլալը, Գ. Հանրապետութեան պարագային միայն, եւ ոչ թէ՝ ընդհանրապէս, բոլոր ժողովուրդներու պարա-գային, եւ ոչ իսկ՝ Հայոց Պատմութեան պարագային, ներառեալ՝ վերջին մէկ դարու ժամանակա-շրջանին, երբ մենք ունեցանք նաեւ Արեւելահայաստանի Բ. Հանրապետութիւնը՝ իր սոցիալիս-տական համակարգով։
Սակայն, մենք պէտք է ընդունինք, որ Հայոց Պատմութիւնը վիրաւոր է հետեւեալ պատճառով, որ շատ աւելի ծանրակշիռ է. – Հայ ժողովուրդը՝ աշխարհի հիներէն, շատ փոքրաթիւ, մէկն է՝ փառա-ւոր անցեալով ու նուաճումներով։ Սակայն, անոր նուաճումները մշտատեւ զրկուած են կու-տակուելու առիթներէն, որոնցմէ օգտուած է օրինակ՝ չին ժողովուրդը։
Չենք ունեցած ՄԷԿ եւ ՄԻԵՒՆՈՅՆ հայրենի հող՝ շարունակաբար եւ անընդմէջօրէն։
Մեր հաւաքական զարգացումը բնական ընթացք չէ ունեցած։ Անոր իրերայաջորդ օղակները կտրատւուած են. չեն եղած անընդմէջ եւ յարակցական։ Յաճախ կոտորակուած ենք եւ իրարմէ անջատուած ու կտրատուած։
Մեր վերջին երեք հանրապետութիւններու անկախութիւնները եղած են դրսեկ. հետեւանքը՝ ոչ թէ մեր բնական զարգացումին, այլ՝ արտաքին իրադարձութիւններու…։
Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը մեզի պարտադրած է մեր թշնամին՝ Թուրքիան. մեզի պարտադրելու համար Պաթումի ստրկական դաշնագիրը… եւ մենք հնազանդած ենք։
Բ. Հանրապետութեան անկախութիւնը բնական հետեւանքն էր Հոկտեմբերեան յաղթական Յեղա-փոխութեան։
Գ. Հանրապետութեան անկախութիւնը մեքենական հետեւանքն էր Սովետ Միութեան ինքնա-լուծարումին։
Այս երեք պետութիւններու ոչ միայն անկախութիւնը, այլեւ՝ համակարգը դրսեկ էր. արգասիքը չէր մեր սեփական պայքարին ու զոհողութիւններուն, մեծ նուաճումներուն, ամբողջովին մեր ներ-քին բնական զարգացումին։ Սարդարապատեան ու Արցախեան մեր սեփական մասնակի յաղթանակներուն ուղղակի հետեւանքը չէին…։
Սակայն, մենք մասամբ միայն պատասխանատու ենք մեր ներկայի աննախանձելի վիճակին։ Մենք պատասխանատու ենք սակայն մեր գլխաւոր չորս սխալներուն ու ախտերուն, որոնք հետե-ւեալներն են.
1–Համահայկական Ոգիին փոխարէն՝ մեր քրոնիկ անմիաբանութիւնը, հատուածամոլութիւնը եւ մենատիրական մոլուցքը։
2–Յեղափոխական Ոգիին փոխարէն՝ մեր ուրիշներու ապաւինելու ստրկամտութիւնը։
3–Դիալեկտիկ մտածելակերպին փոխարէն՝ մեր բնազանցականութիւնը եւ պատրանասիրութիւնը (խաբուիլ սիրելը)։
4–Ռուսական Արեւելումին փոխարէն՝ մեր Արեւմտաթրքական Օրիենթացիան։
Comments