Սուրիահայութիւնը Հայաստանի մէջ
Մայր Հայրենիքին միշտ նեցուկ կանգնած Սուրիահայութիւնը՝ այսօր կենցաղային եւ տնտեսական ճգնաժամի օրեր կ'ապրի «Յեղափոխական» Հայաստանի մէջ:
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու սերունդը 1915 թ.ի արհաւիրքներու Սուրիոյ հիւսիսային տարածքին վրայ, ապա՝ Ալեքսանտրէթի «Սանճագ»ի նենգ յանձնումը Աթաթուրքեան Թուրքիոյ 1937-1938 թթ., «ասպետական» Ֆրանսայի սիոնածին նախագահ Լիոն Պլումի կողմէ, ու դարձեալ տեղահանութիւն։ Հակառակ այս բոլորին, Սուրիոյ քաջարի եւ տաղանդաշատ հայութիւնը կարողացաւ ծաղկուն գաղթօճախներ ստեղծել։ Այն Արապի (Քոպանի), Քամիշլիի, Հասաքէի, Հալէպի, Դամասկոսի մէջ եւ այլուր։ Անոնք հիմնական դեր խաղցան երկրէն ճարտարարուեստի, արհեստներու եւ արուեստներու, առեւտուրի, նոյնիսկ զինուորական բնագաւառէն ներս։
Ինչպէս 1946-47-ին, այնպէս ալ 1963-64-ին, սուրիահայերու ստուար զանգուածներ ներգաղթեցին Խորհրդային Հայաստան, հոն ալ որոշ դժուարութիւններէ ետք իրենց արժանի գնահատականները ստացան՝ հասնելով երկրի նախագահի (Լեւոն Տէր Պետրոսեան) եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (Գարեգին Ա.) բարձրագոյն աթոռներուն։ 2011 թ. Սուրիոյ մէջ բռնկած քաղաքացիական ահռելի պատերազմը, ստիպեց շուրջ 10 հազար սուրիահայերուն՝ ներգաղթել Մայր Հայրենիք, շնորհիւ ՀՀ Սուրիոյ մէջ խիզախ դեսպաններ Արշակ Փոլատեանի եւ Լեւոն Սարգսեանի, նաեւ Հալէպի երիտասարդ հիւպատոս (այժմ դեսպան) Տիգրան Գէորգեանի անձնազոհ ջանքերուն։ Անոնց ընդունման եւ տեղաւորման մէջ կարեւոր դեր խաղաց նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, գլխաւորութեամբ նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի։ Սուրիահայերը նոր կեանք եւ աւիւն ներարկեցին արտագաղթէն եւ Արցախեան պատերազմի հետեւանքներէն բաւականին դժուարին օրեր ապրող Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Հիանալի արեւելեան, հայկական ճաշարաններ, հրուշակեղէնի կրպակներ, յուշանուէրներու եւ ձեռագործ ապրանքներու արտադրութիւն։ Ադամանդագործութեան եւ ոսկերչութեան սուրիահայ նշանաւոր վարպետները աշխատանքի հրաւիրուեցան Մայր Հայրենիքի լաւագոյն գործարաններուն մէջ։ Միաժամանակ, Հալէպէն թէ Դամասկոսէն, Սուրիոյ այլ ոստաններէն եկած սուրիահայեր կարեւոր դեր խաղացին հայ-սուրիական, հայ-արաբական տնտեսական եւ քաղաքական մշակութային յարաբերութիւններու մշակման մէջ, ստեղծելով իրենց ժամանցները, «Արի Տուն» կոչերով, քաջալերելով սփիւռքահայերը որ վերադառնան հայրենիք, մասնակից դառնան երկրի կառուցման մէջ։
Դժբախտաբար սակայն, 2018 թուին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «յեղափոխութիւնը» իր արեւմտամէտ դրսեւորումներով եւ քաղաքականութեամբ սկսաւ ժխտողականօրէն վերաբերիլ սփիւռքահայերուն հանդէպ։ Սփիւռքի նորաթուխ նախարար, զբօսաշրջիկային գրասենեակի նախկին տնօրէն, յանկարծ սփիւռքահայութեան նախարարի պաշտօնին յայտնուած Մխիթար Հայրապետեան անմիջապէս մեկնեցաւ Լոս Անճելոս եւ Մոսկուա, հպանցիկ անցնելով Միջին Արեւելքի հայ գաղթօճախներէն, շուտով յայտարարելով նախարարութեան վախճանը։ Ապա, երկնակամարին վրայ յայտնուեցաւ նախկին խորհրդահայ, ապա ամերիկահայ, հիմա՝ հայկական կապոյտ անձնագիր կրող, Սփիւռքի հարցերով յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, որ իր բազմաթիւ ու ծախսալից ճամբորդութիւններով դէպի Ամերիկաներ ու Ռուսիա, փաստօրէն «հասկցուց», թէ նպատակը «փող հասցնել» է զինք այդ խիստ պատասխանատու պաշտօնին նշանակող «վերեւի» յեղափոխականներուն։ Վրայ հասաւ տնտեսական խոր պատերազմի ճգնաժամը Սուրիոյ թէ Լիբանանի մէջ։ Օտար դրամանիշերը անգտանելի եղան։ Այսօր, սուրիահայ 700 ընտանիք, շուրջ 3000 հոգի, «կանգնած են» արդէն իրենց վարձու բնակարաններէն դուրս նետուելու եւ փողոց յայտնուելու վտանգին առջեւ։ Անոնց դիմումները երկրի վարչապետին, Սփիւռքի «ամենագէտ» յանձնակատարին պատկան իշխանութիւններուն, մնացած են «ձայն բարբառոյ յանապատի»…։
Լաւագոյն դէպքերուն «սրտցաւ» եւ «խելամիտ» խորհուրդներ, արդէն իսկ 9 տարիէ ի վեր Մայր Հայրենիքի մէջ իսկ վտարանդի դարձած ու փաստօրէն սնանկացած այս ժրաջան եւ աշխատասէր հայորդիները աւելի եւս թալանելու թրքաբարոյ ղեկավարիկներու կողմէ։
Մաղթենք, որ ինչպէս իրենց կեանքին մէջ բազմաթիւ արհաւիրքներէ փրկուած
սուրիահայերը, իրենց իրաքահայ եւ լիբանանահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ ի
վերջոյ կը յաղթահարեն այս բոլոր դժուարութիւնները, շարունակելով ստեղծագործել ու
կերտել իրենց կեանքը հայրենի հողին վրայ։
コメント